ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լիքս Փարթելեմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ Աւստրալիոյ մէջ ապրող աւելի քան 400 հազար լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ անոնց դերակատարութիւնը Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ:
Հանդիպումէն ետք Աւստրալիոյ դեսպանը շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ կարելի է զանոնք աւելի եւս ամրապնդել` երկու երկիրներուն մէջ, բարելաւելով տնտեսական կացութիւնը:
Նախարար Սապունճեան նկատել տուաւ, որ ինք ստացած է Աւստրալիա այցելութեան հրաւէր մը` լիբանանեան-աւստրալիական առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի միացեալ խորհուրդին կողմէ:
«Եթէ կարելի ըլլայ այս ամսուան աւարտին ընդառաջել այդ հրաւէրին, ապա կարելի պիտի ըլլայ Աւստրալիոյ շուկաները բանալ լիբանանեան արտադրութիւններուն դիմաց», ըսաւ Վ. Սապունճեան:


