ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց հանրային փոխադրութեան հարցերուն վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրային ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:

Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ կարգ մը վարորդներու կողմէ ցամաքային փոխադրութեան համար ճշդուած վարձքի գումարը փոփոխութեան ենթարկելը վտանգաւոր որոշում է` աւելցնելով, որ առանց նախարարութեան հետ խորհրդակցելու եւ յստակ որոշումի անկարելի է յաւելեալ գումար պահանջել մէկ շրջանէն միւսը փոխադրուող քաղաքացիներէն:

Ան ըսաւ, որ նման ինքնագլուխ որոշումներ լիբանանցիները կ՛առաջնորդեն դէպի ընկերային կայունութեան խախտում, որուն պատասխանատուութիւնը ոչ ոք կրնայ ստանձնել:

 

Share this Article
CATEGORIES