ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Դեսպան Քոչարեան` նախարար Լայեունի հետ հանդիպման ընթացքին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան հինգշաբթի, 16 փետրուարին այցելեց մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի եւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու մշակութային ծրագիրներ իրականացնելու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյրութ-Երեւան քոյր քաղաքներուն գործակցութեան հեռանկարները:

Դեսպան Քոչարեան նախարար Լայեունի եւ Պէյրութի քաղաքապետին յանձնեց հայկական կողմին պաշտօնական հրաւէրները` մասնակցելու համար յառաջիկայ ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք զոյգ ձեռնարկներուն, որոնք կը վերաբերին հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին, ինչպէս նաեւ 2012 թուականին Երեւանի` գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման առնչուող տօնակատարութիւններուն:

Դեսպան Քոչարեան մշակոյթի նախարարն ու վարչապետը տեղեակ պահեց, թէ Հայաստան մտադրած է յառաջիկայ աշնան Լիբանանի մէջ մշակութային օրեր կազմակերպել: Նախարար Լայեուն եւ Համատ շեշտեցին, որ իրենք համոզուած են, թէ նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն երկկողմանի մշակութային յարաբերութիւններուն ամրապնդման ու խորացման:

Ա. Քոչարեան յայտնեց նաեւ, որ Լայեունի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի մէջ հայկական երաժշտական տարեկան փառատօն կազմակերպելու կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES