«ՄԵՆՔ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԵՆՔ ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ
Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարներուն` սէյիտ Ապպաս Մուսաուիի, շէյխ Ռաղեպ Հարպի եւ հաժ Իմատ Մուղնիէի յիշատակին առիթով, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2012-ին, Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:
Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա անդրադառնալով «Պիել»-ի մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն արտասանած խօսքերուն` զարմանք յայտնեց, որ անոնք երկու չափ երկու կշիռի հիման վրայ կը վարուին: Ան կոչ ուղղեց բացայայտելու այդ ուժերուն մսխած միլիառաւոր տոլարներուն ֆինանսաւորման աղբիւրները:
«Երբ մենք Դիմադրութեան զէնքին մասին կը խօսինք, ունինք միայն մէկ արդարացուցիչ բացատրութիւն: Այդ զէնքը կը ծառայէ Լիբանանի պաշտպանութեան, լիբանանեան հողերուն ազատագրումին, լիբանանցիներու անվտանգութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի սպառնալիքներուն ընդդիմանալու: Սակայն եթէ լիբանանցիներուն մօտ զէնքեր, նռնականետեր կամ ձեռնառումբեր կը գտնուին, ապա անիկա այլ հարց է: Եթէ նոյնիսկ այլոց մօտ զէնքեր չգտնուին, մենք մեր զէնքին կառչած կը մնանք` պաշտպանելու համար Լիբանանը», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են առանց նախապայմանի լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մասնակցելու եւ քննարկելու, թէ Դիմադրութեան զէնքը Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան կը ծառայէ՞, թէ՞ ոչ, եւ այդ ուղղութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ վերջնական որոշում տալ այդ զէնքին մասին:
Ան հարց տուաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարներուն, թէ արդեօք անոնք իսկապէս համոզուա՞ծ են այն գաղափարին, թէ «Արաբական գարուն»-ը Մայրիներու յեղափոխութեան արգանդէն ծնած է: «Արաբական գարուն»-ը ընդդիմացած է այն վարչակարգերուն, որոնք գտնուած են Քոնտոլիզա Ռայսի, Հիլըրի Քլինթընի եւ Ճեֆրի Ֆելթմանի իշխանութեան տակ: Այսինքն` նոյն անձնաւորութիւնները, որոնց հրահանգին տակ կը գտնուէիք դուք 2005-ին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` իր խօսքը ուղղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ աւելցնելով, որ այդ ուժերը չեն նախապայմաններ պարտադրող կողմերը եւ ոչ ալ կը գտնուին այն դիրքին վրայ, որ կրնան երաշխիքներ տրամադրել լիբանանցիներուն` ի տես շրջանային առումով արձանագրուելիք փոփոխութիւններուն: «Աւելի՛ն. ով որ յանձնառու է սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններուն միջեւ սադրանքներու նախապատրաստութիւնը կասեցնելու, պէտք է սկսի աշխատանքի եւ լուռ պահէ իր երեսփոխանները, իր լսատեսողական լրատուամիջոցներն ու մամուլը, ինչպէս նաեւ կայքէջերը, որոնք գիշեր ցերեկ յարանուանական լարուածութիւն կը գրգռեն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ «Պիել»-ի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Կը մաղթէինք, որ Ժահժահ ինք անձամբ չկարդար Սուրիոյ մէջ սպանդներ գործուած շրջաններուն անունները»:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հաժ Իմատ Մուղնիէի վրէժխնդրութիւնը պատուաբեր գործողութիւն մը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ իսրայէլացի սովորական քաղաքացիներ թիրախ պիտի դարձնէ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հնդկաստանի եւ Վրաստանի գործողութիւններուն հետ իրենք ոչ մէկ կապ ունեցած են:


