ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՓՈԽԱԴՐԱԾԱԽՍԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ

Նախագահ Սլէյման` Ֆաթհ շարժումի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Ապպաս Զաքին, որուն ընկերակցեցաւ պաղեստինեան պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ֆաթհի եւ Համասի միջեւ գոյացած վերջին հաշտութենէն ետք տիրող պաղեստինեան ընդհանուր կացութիւնն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-պաղեստինեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական նախարար Մարուան Խայրէտտին , որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց կառավարութեան տագնապին լուծման մասին ընթացող հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Ռոլան Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոս:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի եւ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է աշխատաւորներու փոխադրածախսի թղթածրարին լուծում գտնել:

Share this Article
CATEGORIES