ԱՅՆԹԱՊ ՈՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ (Հերոսամարտի 91-ամեակի առիթով)

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ Այնթապ արեւելքի Աթէնքը կը կոչուէր, շնորհիւ իր կեդրոնական քոլեճին, Աղջկանց ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանին, տասնեակ մը ազգային վարժարաններուն եւ մօտ չորս հազար աշակերտութեան: Իսկ հերոսամարտէն ետք ֆրանսացի հրամանատարի մը կողմէ կոչուեցաւ արեւելքի Վերտէօնը, հայ եւ ֆրանսական ուժերու քաջարի դիմադրութեան համար` ընդդէմ թրքական ուժերու:

Այնթապի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտը, 1920 ապրիլ մէկէն սկսեալ, մինչեւ թուրքերուն անձնատուութիւնը` 8 փետրուար 1921, բացառիկ տեղ կը գրաւէ ուրիշ հերոսամարտերու բաղդատմամբ` իր դրական յաղթանակով եւ յաջող վերջաւորութեամբ:

Ինչ բանի կը պարտինք Այնթապի հերոսամարտին յաղթանակը:

Առաջին, կարող երկու առաջնորդներու` յանձինս Ատուր Լեւոնեանի եւ Աւետիս Գալեմքեարեանի, քաջարի հրամանատարները հայ մարտիկներուն: Ինչպէս անձնական կեանքի մէջ, նոյնպէս ալ հաւաքական կեանքի մէջ կը յաջողի ան, որ երբ առիթը կը ներկայանայ` անոր վիզէն կը բռնէ եւ չի ձգեր, մինչեւ որ յաջողի: Լեւոնեանը եւ Գալեմքեարեանը բնածին առաջնորդներ էին: Անոնք գիտցան ապագան նախատեսել եւ ըստ այնմ կանխամիջոցներ ձեռք առնել: Ամէն բանէ առաջ` վերապրողները այս երկու առաջնորդներուն կը պարտին իրենց կեանքը:

Այնթապի կռիւներուն երկրորդ յատկանիշը հայ ժողովուրդին ցոյց տուած զօրաւոր միութիւնն էր: Այսպէս` կուսակցականն ու անկուսակցականը, հայ առաքելականը, աւետարանականն ու կաթողիկէն, պատանին, երիտասարդը կամ ծերունին, այրը թէ կինը, բոլորը մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի եղած սիրալիր համերաշխութեամբ ստեղծեցին անքակտելի միասնականութիւն մը եւ ուժ մը, որոնց առջեւ խոնարհեցաւ արիւնարբու թշնամին:

Այնթապի հերոսամարտին յայտնաբերած երրորդ յատկանիշը եղաւ հայուն կազմակերպչական  կարողութիւնը: Կարճ ժամանակի մը ընթացքին ստեղծուեցաւ զինուորական հրամանատարութիւն, բանակ, ոստիկանական եւ զինուորական ատեան, քաղաքապետական եւ պարենաւորման սպասարկութիւն: Ծնունդ առաւ կատարելապէս փոքրիկ հանրապետութիւն մը ռամկավարական դրութեամբ:

Յայտնաբերուած չորրորդ յատկանիշը եղաւ հայուն հնարամտութիւնը: Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք, թէ Աստուած ոչինչէն ստեղծեց երկինքն ու երկիրը: Հայ այնթապցին ալ, շնորհիւ իր հնարամիտ եւ աշխատունակ արհեստաւորներուն, գրեթէ ոչինչէն շինեց զէնքը, փամփուշտը, վառօդը, ռումբը եւ նոյնիսկ թնդանօթը:

Մեր յաղթանակին մեծապէս սատարեց սփիւռքահայութիւնը իր նիւթական օժանդակութեամբ: Մասնաւորաբար յիշատակութեան եւ երախտագիտութեան արժանի են ամերիկահայերու եւ եգիպտահայերու, մանաւանդ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ ղրկուած գումարները, որոնց գումարը տասը հազարէ աւելի հայութեան մէկ տարուան սնունդը ապահովեցին: Առանց այս նպաստներուն` ժողովուրդը դատապարտուած էր պաշարման երկար տեւողութեան միջոցին սովամահ ըլլալու:

Այնթապի ինքնապաշտպանութեան ընթացքին պատահած բազմաթիւ հերոսական դէպքերէն պիտի բաւականանամ յիշելով միայն մէկ հատը: Օր մը, երբ մզկիթի մը բակը նոր մտած էին Լեւոնեան, Գալեմքեարեան եւ քանի մը ուրիշ հայ զինեալներ, յանկարծ ներս կ՛իյնայ գերմանական ռումբ մը, որուն պատրոյգը սակայն կը մխար տակաւին: Գալեմքեարեանը առանց ժամանակ կորսնցնելու, ռումբը կը վերցնէ եւ պատուհանէն դուրս կը նետէ, այսպէսով բոլորը կը փրկուին ստոյգ մահէ, մինչ թշնամին կրկնակի սարսափի կը մատնուի: Եթէ այսպիսի հերոսութիւն մը պատահէր ամերիկեան բանակին մէջ` վստահաբար պիտի արժանանար «Փըրփըլ Հարթ» շքանշանին:

Այսպէս, ուրեմն, ամէն տարի, յարգանքի մասնաւոր հանդիսութեան մը ընթացքին, կը վերյիշենք անցեալը, կը հպարտանանք մեր հերոսամարտին յաղթանակով ու կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ այդ յաղթանակը կերտած մեր նահատակներուն եւ հնարամիտ ղեկավարներուն ու քաջարի մարտիկներուն:

Բիւր յարգանք յիշատակին մեր նահատակներուն, որոնք մեռնիլ գիտցան, որպէսզի մենք ապրինք ու գոյատեւենք:

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԳԱՐԱՅԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES