«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ի 25-ԱՄԵԱԿԻ ՌԱՏԻՈԹՈՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ««ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ը ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԲԱԶԿԵՐԱԿՆ Է, ԱՆՈՐ ՍՐՏԻ ՏՐՈՓԻՒՆՆ Է» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Աւօ Կիտանեան եւ Գեղամ արք. Խաչերեան

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան երէկ առաւօտ այցելեց «Վանայ Ձայն» եւ իր պատգամով բացումը կատարեց ռատիոթոնին`  հաստատելով, որ «Վանայ Ձայն»ը ժողովուրդի բազկերակն է, անոր սրտի տրոփիւնն է: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ «Վանայ Ձայն»ի հարազատութիւնը նման է մօր մը ձայնին, որուն մէջ կայ վստահութիւն, ապահովութիւն եւ ուրախութիւն:

Երէկուան ռատիոթոնին լիբանանահայութեան եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէ հայորդիներու կատարած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ գոյացաւ աւելի քան 68.000 ամերիկեան տոլար:

Առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30 «Վանայ Ձայն»ը դարձաւ ժամադրավայրը  իր առաքելութեան հաւատացող եւ իր գործը գնահատող հայորդիներուն, որոնք եկան սիրայօժար իրենց ներդրումը բերելու 25-ամեայ «Վանայ Ձայն»ի բազմաբնոյթ ծրագիրներու իրագործման: Նուիրատուութիւնները շարունակուեցան նաեւ ռատիոթոնի աւարտէն ետք:

«Վանայ Ձայն» նուիրատուութիւններ ստացաւ Հայաստանի, Սուրիոյ, Շուէտի, Յունաստանի, Ֆրանսայի, Քուէյթի, Քանատայի, Սէուտական Արաբիոյ, Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ անշուշտ Լիբանանի տարածքին սփռուած իր հաւատարիմ ունկնդիրներէն, որոնք միաժամանակ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու, բջիջային հեռաձայններու կարճ պատգամներու (Էս. Էմ. Էս.ներ), հեռապատճէններու, ե-նամակներու եւ շնորհաւորագիրներու ճամբով իրենց բարեմաղթութիւններն ու սրտի խօսքերը փոխանցեցին «Վանայ Ձայն»ի 25-ամեակին առիթով:

«Վանայ Ձայն» ամբողջ օրուան ընթացքին ուղղակի կապի մէջ մնաց Լիբանանահայ ու սփիւռքի զանազան գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ կատարեց հարցազրոյցներ:

Նման նախաձեռնութեամբ ու շնորհիւ իր բազմահազար ունկնդիրներու զօրակցութեան, «Վանայ Ձայն» իր 25-ամեակը կը թեւակոխէ աւելի հաստատ քայլերով ու կը շարունակէ իր երթը յաւելեալ նախանձախնդրութեամբ ու յաւելեալ  կորովով:

Այս առիթով «Վանայ Ձայն»ի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն բոլոր նուիրատուներուն անխտիր, ըլլան անոնք երէց թէ՛ փոքր, կին թէ՛ այր, գործարար թէ՛ արհեստաւոր, ուսուցիչ թէ՛ աշակերտ: Բոլորին վարձքը կատար: ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ:

«Վանայ Ձայն»ը է ու կը մնայ սփիւռքահայութեան լաւագոյն ու հարազատ ձայնը:

Share this Article
CATEGORIES