ԱԿՆԱՐԿ. ՇՊԱՐԱՅԻՆԷՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԿԱՐՃ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի յայտարարութիւնը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առիթով ուշադրութիւն գրաւող բովանդակութիւն կը պարփակէ: Արդարեւ, Հրազդանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն դեսպանը անձամբ հետեւած է եւ յայտնած.
«Ինծի համար իսկապէս հետաքրքրական էր իրական քաղաքական մրցակցութիւն տեսնել այստեղ, ինչ որ, իմ կարծիքով, շատ կարեւոր է նաեւ յառաջիկայ [խորհրդարանական] ընտրութիւններուն համար»:
«Ես ուրախ էի տեսնել, որ ընտրատեղամասերուն մէջ ամէն ինչ կարգին էր: Երկու կողմերն էլ հաւաստիացուցին, որ ընտրական գործընթացը կ՛ընթանայ թափանցիկ եւ պատշաճ կերպով»:
Նախ անշուշտ հարց պէտք է տալ, թէ օտարերկրեայ դեսպան մը ի՞նչ շարժառիթներէ մղուած անձամբ պիտի հետեւի երկրի մը քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ գնահատական տայ ընտրութիւններուն ընթացքին մասին:
Հարցումին կը պատասխանէ ի՛նքը դեսպանը, երբ յստակօրէն կը բանաձեւէ.
«Մենք կ՛աշխատինք Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի, քաղաքական ուժերու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ մամուլին հետ, որպէսզի յառաջիկայ ընտրութիւնները ազատ եւ արդար կազմակերպուին»:
Դեսպանին գործակիցները այս պարագային նուիրականացուցած են անոր առաքելութիւնը: Հայաստանի մէջ բազմիցս յայտարարուած է ամենաբարձր դիրքերէ, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ճիգ պիտի չխնայուի ապահովելու համար թափանցիկութիւնն ու արդարութիւնը: Աւելի՛ն. աննախադէպ բանաձեւումներով հանդէս եկող գործող իշխանութիւններու ներկայացուցիչները հրապարակային յանձնառութիւններու ուշագրաւ դրսեւորումներ ունեցան, երբ քանի մը անգամ շեշտեցին, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները որակական յեղափոխութիւն պիտի բերեն ամբողջ ընտրակարգին եւ այդ ճամբով մեր երկրի քաղաքական դաշտին մէջ:
Թերահաւատութիւնը նման հաւաստիացումներուն նկատմամբ ակներեւ է: Ի վերջոյ շատ սահմանափակ ժամանակահատուածի մէջ տեղաւորուելով ամբողջ ընտրական մշակոյթ մը արմատախիլ ընելն ու որակական յեղափոխութիւն յառաջացնելը դիւրին իրականանալի աշխատանք չէ: Պատասխանատուութիւնը այստեղ ի հարկէ միայն իշխանութիւններունը չէ. հասարակական գիտակցութեան պակասը` անտարբեր եւ կրաւորական զանգուածը դէպի քուէատուփ շարժելու, արդէն իսկ կանխորոշուած արդիւնքներուն դիմաց ստեղծուած տարիներու անտարբերութիւնը դէպի ներգործօն շարժում փոխելու եւ համակողմանիօրէն քաղաքակիրթ ընտրապայքար ծաւալելու առաջադրուած որակական փոփոխութիւնը արգելակող գործօն է: Այս առումով ողջունելի է անշուշտ «Քուէն ուժ է» շարժումի սկզբունքներուն տարածումը, 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի ամրագրման նպատակով տարուող աշխատանքները, որոնք պէտք ունին ընդհանրանալու, համազգային շարժումի վերածուելու:
Բայց վերադառնանք Ճոն Հեֆըրնի յայտարարութեան` նկատելու համար իշխանութիւններուն եւ իր կատարած յայտարարութիւններուն համահնչեղութիւնը: Միջազգային ընտանիքի պահանջը ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ կազմակերպելու, իշխանութիւններու հրապարակային յանձնառութիւնը այս ուղղութեամբ եւ ընդդիմութեան առաջադրանքները նոյնն են: Խնդիրը, Միացեալ Նահանգներու դեսպանին գերաշխուժ վիճակն է: Տուեալ շրջանի մը քաղաքապետական ընտրութիւններուն անձամբ հետեւելու եւ գնահատական տալու չափը:
Դեսպանին գնահատականը զուտ ընտրական բնոյթին չի վերաբերիր անշուշտ. քաղաքական պատգամի նախանիշեր կը պարփակէ իր մէջ եւ ուղղակիօրէն կը վերաբերի Հայաստանի յառաջիկայ Ազգային ժողովին եւ այդ ճամբով ուժերու նոր տեղաբաշխումին: Դեսպանը յստակօրէն պահանջած է , որ Հրազդանի մէջ դրսեւորուած մրցակցութիւնը պէտք է տեսնել նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին: Ընտրական մրցակցութիւնը գործող իշխանութիւններուն եւ ՀԱՔ-ի միջեւ էր: Հրազդանի օրինակը լուսարձակի տակ առնելը կը նշանակէ, որ իբրեւ հիմնական ուժ կը կարեւորուի ՀԱՔ-ը, որ ըստ դեսպանին գնահատականին, մրցակից ուժ է եւ որուն խորհրդարան մուտքին համար պէտք է կազմակերպել ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ:
Բայց անկախ դեսպանին կատարած յայտարարութեան շարժառիթներէն, անհրաժեշտ է ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ընտրակարգի բիւրեղացման եւ կատարելագործման համար շպարային փոփոխութիւնները բովանդակային-արմատական փոփոխութիւններու վերածելու անյետաձգելիութեան վրայ: Մէկ կողմէ ինքնավերարտադրանքի մեքենականութիւնները չէզոքացնելու, միւս կողմէ ընտրապայքարին քաղաքակիրթ եւ գաղափարական լիցք հաղորդելու, ապա սակաւապետացման սկզբունքները գործնականացնելու եւ համապետական շահերէ մեկնած շրջանային մակարդակով ամէնէն ժողովրդավար պետութիւնը դառնալու սուր խնդիր կը դիմագրաւէ մեր երկիրը:
Պահն է Հայաստանի ընտրակարգին համար շպարային փոփոխութիւնները բովանդակային բարեփոխումներու վերածելու. ընդամէնը երեք ամսուան ժամանակ մնացած է այս բոլորին համար:
«Ա.»

