«ՄԻՆՉԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ՉԼՈՒԾՈՒԻ, ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉԿԱՐԳԱՒՈՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ՉԱՂԼԱՅԱՆ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Զաֆեր Չաղլայան Թիֆլիսի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին խօսելով Ազրպէյճանի մասին յայտարարած է. «Մենք մէկ ժողովուրդ ենք երկու պետութեան մէջ: Այնքան ատեն որ Ազրպէյճանի ղարաբաղեան հարցը չէ լուծուած, Ազրպէյճանի տարածքին հայկական բռնագրաւումը չէ դադրեցուած, Թուրքիա Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորէ»:
«Մեր ուրախութիւնն ու վիշտը ընդհանուր է: Ոեւէ մէկը Ազրպէյճանի հետ մեր բարեկամութիւնը, եղբայրութեան հիմքերը խարխլելու համարձակութիւնը պիտի չունենայ. Թուրքիա այդ դիրքորոշումէն մէկ միլլիմեթր իսկ պիտի չնահանջէ», աւելցուցած է ան:
CATEGORIES Հայկական


