ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՁԵՒԱՉԱՓԸ ՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ ԻՐԱԿԱՆ Է»

Պահար Մուրատովա

Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ցեղասպանութիւններու մասին օրինագիծին առնչութեամբ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն ետք, Պաքու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը պիտի յայտնէ:

«Մինսքի խմբակի (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա) ջանքերը քսան տարիներու ընթացքին արդիւնք չեն տուած: Ազրպէյճան այդ առնչութեամբ արդարացի կերպով իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ: Վերջին իրադարձութիւնները համբերութեան բաժակը լեցուցին», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահը ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ժամանակ անգամ մը եւս ապացուցեց, որ ինք հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման: «Մենք պիտի շարունակենք այդ ուղղութեամբ ջանքերը: Ազրպէյճանի եւ անոր ժողովուրդի համբերութիւնը, ի հարկէ, անսահման չէ, եւ երբ ժամանակը գայ, մենք մեր խօսքը պիտի ըսենք», ըսած է Մուրատովա` աւելցնելով, որ «միջազգային առաքելութեան ձեւաչափի փոփոխութեան հարցը իրական է, սակայն անկարելի է միանշանակ կերպով ըսել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համանախագահութեան կառոյցը փոխել: ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրները պիտի որոշեն փոխոխութեան ընթացակարգը այն երկիրներուն, որոնց քաղաքականութիւնը մեզ չի գոհացներ: Երբ հարցը իրական դառնայ, մենք մեր խօսքը պիտի ըսենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES