ՕՍԿԱՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԴԱՐՁԱՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄ
Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան երէկ «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց ,որ նախանցեալ օր տեղի ուենցաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ կուսակցութեան համագումարի օրը եւ քննարկուեցաւ Վարդան Օսկանեանի` կուսակցութեան անդամակցելու մասին դիմումը: Նայիրա Զոհրաբեան նշեց, որ համագումարը տեղի պիտի ունենայ 17 մարտին, իսկ Օսկանեանի դիմումը ընդունուած է, եւ ան պաշտօնապէս դարձած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ:
Կուսակցութեան համամասնական ցուցակը տակաւին կը քննարկուի եւ ատիկա պիտի ներկայացուի 17 մարտի համագումարին ընթացքին: Զոհրաբեան նաեւ նշեց, որ քննարկման հանգրուանին մէջ կը գտնուի նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրումներու հարցը:
CATEGORIES Հայկական


