ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ. «ՀՅԴ-Ն ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐ Չ՛ԸՆԴՈՒՆԻՐ»
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ կը կասեցնէ կուսակցութեան մէջ նոր անդամներու ընդունման հոլովոյթը, այս մասին Tert.am-ին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեան` աւելցնելով, որ այս ձեւով կը ցանկան կանխել պատեհապաշտներու մուտքը կուսակցութիւն:
«Դաշնակցութիւնն ընտրութիւնների նախօրէին մարդիկ չի ընդունում, որովհետեւ կարող է մէկ լաւ մարդ գայ, օրինակ` Օսկանեանի նման, բայց տասը հատ էլ պատեհապաշտ», ըսաւ Արտաշէս Շահպազեան:
Նշենք, որ երէկ մամուլին մէջ տեղեկութիւն կար այն մասին, որ ՀՅԴ-ի համամասնական ցուցակի առաջին հինգ հորիզոնականները արդէն յստակացած են հետեւեալ հերթականութեամբ. Հրանդ Մարգարեան, Վահան Յովհաննիսեան, Արմէն Ռուստամեան, Դաւիթ Լոքեան եւ Լեւոն Մկրտչեան:
Արտաշէս Շահպազեան` նշելով, որ ամբողջ կուսակցութեան մէջ ոեւէ մէկը չկայ, որ նման ցուցակի մասին տեղեակ ըլլայ, ըսաւ, թէ նման լուրերը կը շրջանառուին «մանր եւ աժան» մարդոց կողմէ: