ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան երեւանեան գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքինը:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Անտրէյ Սորոքինին նշանակման առիթով եւ մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք` յոյս յայտնելով, որ իր գործունէութեամբ ան նպաստէ ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ Հայաստանի համագործակցութեան ընդլայնման եւ յարաբերութիւններու աւելի ամրապնդման:
Անտրէյ Սորոքին վստահեցուց, որ գրասենեակի անձնակազմին հետ միասին պիտի շարունակեն փոխադարձ գործակցութիւնը Հայաստանի հասարակական, քաղաքական կազմակերպութիւններուն եւ իշխանութեան տարբեր կառոյցներուն հետ` աջակցելով երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ ժողովրդավարութեան զարգացման:
CATEGORIES Հայկական