ԲՐԻՏԱՆԻԱ ՓՈՐՁԱ՞Ծ Է ՍՊԱՆՆԵԼ ԼԵՆԻՆԸ
Մօտաւորապէս դար մը առաջ Բրիտանիա ամբաստանուեցաւ ծրագրելուն համար ձախողած դաւ մը` սպաննելու Լենինը եւ տապալելու նորափետուր պոլշեւիկ վարչակարգը: Բրիտանական կառավարութիւնը հերքեց այս պատմութիւնը` իբրեւ զուտ խորհրդային քարոզչութեան արտադրանքի, մինչ նոր փաստ մը կը նշէ, թէ ատիկա կրնայ իրականութիւն ըլլալ:
Տասնամեակներ շարունակ «Լոխարթ դաւ» կոչուածը խորհրդային արխիւներու տարեգրութեանց մէջ քանդակուած էր, ուսուցուած` դպրոցներու աշակերտներուն եւ նոյնիսկ պատկերուած` շարժանկարներու մէջ:
1918 թուականի սկիզբը, Ա. Համաշխարհային պատերազմի վերջին ամիսներուն, Ռուսիոյ պոլշեւիկ նոր կառավարութիւնը Գերմանիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւն կը վարէր եւ պատերազմի ճակատէն կը քաշէր իր գերյոգնած ուժերը:
Ասիկա Լոնտոնը գոհ չձգեց: Այսպիսի քայլ մը երկու ճակատի վրայ պատերազմող Պերլինի առիթ պիտի տար արեւմուտքի մէջ իր ուժերը վերստին զօրացնելու:
Մտադրելով ռուսերը դաշնակիցներու կողքին պատերազմի վերադարձնել` Բրիտանիա Մոսկուայի մէջ Լոնտոնի ներկայացուցիչ նշանակեց երիտասարդ մը:
Անոր անունը Ռոպերթ Պրուս Լոխարթ էր:
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱԿԱՊՈԼՇԵՒԻԿՆԵՐՈՒ
Լոխարթ, սկովտիացի մը, գունագեղ անհատականութիւն մըն էր: Հանրածանօթ էր գինիի, մարմնամարզի եւ կիներու հանդէպ ունեցած էր նախասիրութիւնով: Ան նաեւ կը հպարտանար, որ հինգ գիրքեր նոյն ատեն ընթերցելու կարողութիւնը ունի:
Սկզբնական շրջանին կը թուէր, թէ լաւ ընթերցող Լոխարթ հարցին մէջ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ, բայց այդ տարուան մարտին խորհրդայինները ստորագրեցին Պրեսթ-Լիթովսքի խաղաղութեան դաշինքը` Գերմանիոյ հետ, վերջ տալով Դաշնակիցներու կողքին պատերազմին վերադառնալու յոյսերուն:
Ըստ երեւոյթին, Լոխարթ տեղի տալու մտադրութիւն չունէր:
Փոխարէնը, ինչպէս որ կը նշուի, իր ուշադրութիւնը այժմ կը դառնար դէպի պոլշեւիկեան վարչակարգի տապալումը եւ զայն փոխարինելը` այլ կառավարութեամբ մը, որ պատրաստակամ ըլլար Գերմանիոյ դէմ պատերազմին վերադառնալու:
Փաստաթուղթեր ցոյց կու տան, որ յունիսին Լոխարթ Լոնտոնէն դրամ պահանջած է յատկացնելու համար Մոսկուայի մէջ հակապոլշեւիկեան կազմակերպութիւններուն:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն ելեւմտական նախարարութեան առաքուած եւ «շտապ» նշանագրուած հետեւեալ նամակը կ՛ամփոփէ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարին դիրքը Մոսկուայի մէջ Լոնտոնի ներկայացուցիչին դիմումին հանդէպ:
«Պարոն Պալֆուր այն տեսակէտը ունի, թէ պահը հասած է, երբ անհրաժեշտ է քայլեր առնելու, գործելու: Ես պիտի խնդրեմ, որպէսզի լորտերու խորհուրդը մղէք յատկացնելու անհրաժեշտ ծախսերը, զորս պարոն Լոխարթ պիտի օգտագործէ այս նպատակին համար»:
ՀԱԿԱՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Մայիսի վերջաւորութեան Բրիտանիա որոշեց զինուորական փոքր ուժ մը առաքել Արխանկելոք, հիւսիսային Ռուսիա:
Պաշտօնական բացատրութիւնը այն էր, որ այդ ուժերը արգելք պիտի հանդիսանային ռուսերու յատկացուած եւ հազարաւոր թոն կշռող զինուորական սարքերու գերմանացիներուն ձեռքը իյնալուն:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
1914 Համաշխարհային Ա. պատերազմի բռնկում` Դաշնակիցներու (Ֆրանսա, Ռուսիա, Բրիտանիա) եւ Առանցքի ուժերու (Գերմանիա, Աւստրօ-Հունգարիա, Թուրքիա) միջեւ:
1917 Ժողովրդային յեղափոխութիւնը, առաջնորդութեամբ պոլշեւիկներու, կը տապալէ ցարը եւ կառավարութիւնը:
1918 Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտ, Նիքոլայ ցարի սպանութիւն, բռնկում քաղաքացիական պատերազմի, որուն ընթացքին Լենինի կարմիր բանակը ի վերջոյ պարտութեան կը մատնէ Սպիտակ ռուսերը (այսինքն` հակահամայնավարները), որոնց կ՛օգնէին բազմաթիւ օտար ուժեր:
Թէեւ այդ օրերու փաստաթուղթեր կը նշեն, որ աւելի ուշ ծրագիրներ մշակուած են բրիտանացի այս 5 հազար զինուորները միացնելու 20 հազարնոց ուժերուն` խորտակելու համար լաթվիական ուժերը, որոնք Քրեմլինը կը պաշտպանէին, բայց կրնային (այդպէս կ՛ենթադրուէր) դառնալ պոլշեւիկներուն դէմ:
1918 թուականի ամրան Լոխարթ հեռագիր մը ուղարկեց Լոնտոն` պոլշեւիկներու տեղական ընդդիմադիրներէն Սաւինքովի հետ տեսակցելէ ետք:
Հեռագիրին մէջ գրուած էր հետեւեալը. «Սաւինքովի առաջարկները` հակայեղափոխութեան համար. ծրագիրը այն է, թէ Դաշնակիցներու միջամտութեան վրայ ինչպէ՛ս պիտի սպաննուին պոլշեւիկ պարոնները, եւ` զինուորական բռնապետութիւն կազմուի»:
Այդ հեռագիրին ներքեւ կայ նոթ մը, որ կը կրէ ստորագրութիւնը լորտ Քըրզոնի, այդ օրերու բրիտանական պատերազմի դահլիճի անդամ: Ան կը գրէ. «Սաւինքովի մեթոտները ուժգին մաքրողական են, թէեւ ազդեցիկ են, եթէ յաջողին, բայց մենք չենք կրնար ըսել կամ որեւէ բան ընել միջամտութեան վերջնական որոշումէն առաջ»:
ԼՐՏԵՍՆԵՐՈՒ ԹԻՒ 1-Ը
Մինչ այդ Լոխարթ միացած էր Մոսկուայի մէջ այլ գունագեղ անհատականութեան մը:
Սիտնի Ռայլի, ռուս մը` Ռոսենպլում, որ աւելի կանուխ փոխած էր անունը: Ան միշտ աշխուժ, շատ շրջող գործարար մըն էր, որ սկսած էր աշխատիլ բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան համար:
Ան ճանչցուած էր իբրեւ լրտեսներու թիւ 1-ը, հռչակաւոր դարձած էր արկածախնդրական գիրքերու մէջ եւ նոյնիսկ գնահատուած է ներշնչումի աղբիւրը ըլլալուն համար Ալեքսանտր Ֆլեմինկի Ճէյմս Պոնտին:
Բայց երկուքն ալ շուտով անակնկալի եկան, ցնցուեցան:
1918 թուականի ամրան վերջաւորութեան Մոսկուայի մէջ Լենինի դէմ մահափորձ մը եղաւ: Անոր վրայ երկու անգամ կրակեց երիտասարդ ռուս կին մը:
Պոլշեւիկներու գաղտնի ոստիկանութիւնը` Չեկա, քանի մը ժամ ետք ձերբակալեց Պրուս Լոխարթը եւ Քրեմլին տարաւ հարցաքննելու:
Ռայլի խուսափեցաւ Չեկայի ճանկերէն, այդ ատեն, սակայն, քանի մը տարի ետք սպաննուեցաւ Ռուսիա վերադառնալէ ետք:
Ըստ Չեկայի տուեալներուն, Լոխարթ խոստովանած է, թէ մաս կազմած է Լոնտոնի առաջարկած դաւի մը, որուն նպատակն էր սպաննել Լենինը եւ տապալել պոլշեւիկ կառավարութիւնը: Բայց 1918 թուականի հոկտեմբերի սկիզբը Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը Մոսկուայի մէջ ազատ արձակուեցաւ Լոնտոնի մէջ արգելափակուած ռուս լրտեսի մը հետ փոխանակումի համաձայնութեամբ:
Լոխարթ 1930-ական թուականներուն հրատարակած եւ բազմահազար օրինակներով վաճառուած «Բրիտանացի գործակալի մը յուշերը» գիրքին մէջ պնդեց, թէ ինք մասնակցութիւն չէ ունեցած Լենինի մահափորձին, ոչ ալ` պոլշեւիկեան կառավարութիւնը տապալելու փորձին:
Փոխարէնը ան պնդեց, որ անկախ գործող «Լրտեսներու թիւ 1»ը` Սիտնի Ռայլին էր պետական հարուածի ծրագիրներուն ետին:
Լոխարթ աւելցուց, թէ ինք շատ քիչ գործ ունեցած է Ռայլիի հետ, որ ըստ շատերու, հակակշիռէ դուրս էր:
Թէեւ Լոխարթի տղուն` Ռոպինի կողմէ գրուած նամակ մը յայտնաբերուած է Միացեալ Նահանգներու արխիւներուն մէջ: Նամակը կը նշէ, թէ հայրը ճշմարտութիւնը յայտնելու մէջ խնայող, ժլատ եղած է:
«Եթէ Ռայլիի հետ իմ հօրս յարաբերութեան հարցը տակաւին կը չարչրկէ ոեւէ անձի միտքը, «Բրիտանացի գործակալի մը յուշերը» գիրքէն յստակ է, որ երբ Ռուսիա միջամտելը, մտնելը որոշուեցաւ 1918-ին, հայրս իր գործօն զօրակցութիւնը ցուցաբերեց հակայեղափոխական շարժումին, որուն հետ, անշուշտ, Ռայլի կը գործէր:
«Հայրս անձամբ յստակացուցած է, որ ինք շատ աւելի մօտէն գործակցած է Ռայլիի հետ, քան` հրապարակաւ նշած…»:
Այդ նամակը գտնող անձը` փրոֆ. Ռոպերթ Սերվիս, կը հաւատայ, որ միակ միջոցը վստահ ըլլալու համար իրականութեան, այդ օրերու թղթածրարներն ու փաստաթուղթերը ուսումնասիրելու հնարաւորութիւն ունենալն է:
Բայց, աւելի քան 90 տարի ետք, Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ այդ թղթածրարներէն շատեր գաղտնի պահել, որպէսզի ըստ Ռոպերթ Սերվիսի, պահուի եւ շարունակուի այն առասպելը, թէ Լոխարթի ոճով դաւեր չեն եղած, ոչ ալ երբեւիցէ պիտի ըլլան, չաղաւաղելու համար Լոնտոնի դիմագիծը:
«Բրիտանիա իր գաղտնի սպասարկութեանց համար ունի քաղաքականութիւն մը. բացայայտօրէն հակառակիլ օտար կառավարութիւնները մոլորեցնելու կամ օտար քաղաքական ղեկավարներ սպաննելու փորձերուն», ըսաւ Ռոպերթ Սերվիս:
«Կ՛ենթադրեմ, թէ Ուայթհոլի մէջ կը մտածեն, որ պատրուակը պէտք է ըլլայ այն, որ հարցը միշտ այսպէս եղած է. բրիտանացիք միշտ մաքուր եղած են:
«Բրիտանացիք միշտ մաքուր չեն եղած: Անոնք ոեւէ մէկուն չափ աղտոտ եղած են»:
ՄԱՅՔ ԹՈՄՍԸՆ
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»