ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը պիտի ըլլայ Մութթահետի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Թրիփոլիի մէջ գտնուող Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ:

Դարձի 2-րդ հանգրուանի մնացեալ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան երեքշաբթի, 21 փետրուարին` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ԺԱՄ  ԴԱՇՏ
Շապապ Արապի – Անդրանիկ Պէյրութ     20:00 Տեմիրճեան
Ռիատի Պէյրութ – Շանվիլ               20:00 Մանարա

ԼԻԲԱՆԱՆԻ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն գծով Պիպլոս – Անիպալ Զահլէ հանդիպումը յետաձգուեցաւ երեքշաբթի, 21 փետրուարի ժամը 18:00-ին (Պիպլոսի դաշտը): Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար այսօր:

Յետաձգուեցաւ նաեւ Սաժես – Պըժժէ մրցումը (ֆայնըլ-էյթ), որ հին յայտագիրին հիմամբ տեղի պիտի ունենար վաղը` Ղազիրի դաշտին վրայ:

Թէեւ անոր նոր թուական մը չճշդուեցաւ (անիկա պիտի յայտարարուի յառաջիկային), սակայն յայտարարուեցաւ, որ անոր յետաձգումին պատճառը այն է, որ երկուշաբթի, 20 փետրուարին, Մութթահետ մրցում մը ունի կատարելիք Զուպ Ահանի դէմ (Իրան)` Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Նշենք, որ Պըժժէի խմբապետ Նետիմ Սայիտ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան գծով ելոյթ կ՛ունենայ Մութթահետի կազմէն:

Share this Article
CATEGORIES