Հայկական – Միջազգային
Ժամը 8։45
– Իրանեան պաշտօնական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ ափեր ուղարկուած իրանեան երկու մարտանաւերը Թարթուսի նաւահանգիստ մուտք գործած են։
Ժամը 8։37
– Ռուսիա կը քննադատէ Լաթվիոյ մէջ Ռուսերէնը պետական երկրորդ լեզու հռչակելու շուրջ հանրաքուէի արդիւնքը։
Ժամը 8։32
– Ամր Մուսա կը յայտնէ, որ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը Նապիլ Արապիի նախագահութեան թեկնածու ներկայանալ չէ առաջարկած։
Ժամը 8։30
– Թունուզի վարչապետը կը յայտնէ, որ «Պըն Ալիի վարչակարգը Ասատի վարչակարգին չափ վայրագ չէր»։
CATEGORIES Հայկական

