50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18
Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան 41-րդ տարեդարձն է: Քառասուն եւ մէկ տարի առաջ, համատարած վայրագութեան եւ ամբողջական բռնատիրութեան ճամբով, պոլշեւիզմը անշնչելի դարձուցած էր կացութիւնը մեր հայրենիքին մէջ, ուր եկած էր ներքին ինքնավստահութեան խոստումով եւ բռնական կամ անարդար որեւէ քայլ չառնելու ապահովութիւնը տալէ ետք:
Հազիւ ոտք դրած Երեւանի մէջ` դրժեց սակայն իր բոլոր խոստումները եւ համատարած սպանդանոցի մը վերածեց մեր երկիրը` կացինահարելով, բանտարկելով, աքսորելով, թալանելով եւ խեղդակապ անցընելով կենսունակ եւ խաղաղատենչ ժողովուրդի մը վզին:
Եւ պոռթկաց հայ ժողովուրդը: Տարերային թափով մը, որ կը մերժէ տրամաբանութեան եւ ընկալեալ դիւանագիտական դատողութեան ամէն փորձ, ծառացաւ արիւնարբու գազաններու դէմ, փրկելու համար նախ` իր հարազատ ընտրեալ զաւակները, ապա նաեւ` ազգային իր արժանապատուութիւնը, որ լլկուած էր խարդախ եւ նենգ իշխանութեան կողմէ:
Անկասկած կ՛արժէ վերլուծել համաժողովրդային այս ապստամբութեան ներքին, ենթակայական եւ հոգեբանական պատճառները: Ինչպէս իր բոլոր ճախրերուն եւ խիզախումներուն, նա՛եւ փետրուար 18-ի ծառացման մէջ հայ ժողովուրդը դուրս է քաղաքական մտածողութեան ամէն հասկացողութենէ: Յաղթանակ եւ պարտութիւն նկատի չունի: Ուժերու կշիռը կամ չարաչար ենթարկումի մը հեռանկարը չեն զբաղեցներ իր միտքը: Ճնշուած է եւ անպատւըուած: Անիրաւուած է եւ վիրաւորուած` իր արժանապատուութեան մէջ: Չի կրնար շնչել: Չի կրնար տոկալ: Եւ կ՛ընդվզի:
1921 փետրուար 18-ի ապստամբութիւնը անկիւնադարձ մըն է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ: Խեղդուած անկախութենէ մը ետք, բռնութեան թաթին տակ, հայը հոգեկան եւ գաղափարական հակազդեցութեամբ մը կը զգացնէ մարդկային հոգիի յաւերժական ձգտումին անայլայլ ներկայութիւնը իր մէջ: Եւ այսքա՛ն:
Այսօ՛ր ալ, 1921-էն 41 տարի ետք, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան յետին ծայրագաւառ, հայ ժողովուրդը գիտակ է ազատութեան իր իրաւունքին, ու` նոյն սրբազան տենչով, կը ձգտի հայրենիքը ազատագրուած տեսնել ամէն կարգի ճնշումէ եւ բռնութենէ:
Մեր կարծիքով, սակայն, յատկապէս հրապարակային հանդիսութեանց բեմերէն, մեր ժողովուրդին պէտք է պարզել քաղաքական բոլոր այն իրադարձութիւնները, ներքին թէ միջազգային ճակատներու վրայ, որոնք պատճառ դարձան, կովկասեան հանրապետութիւններու կարգին, նաեւ Հայաստանի խորհրդայնացման:
Պատմութիւնը ամէնէն ուղիղ եւ ապահով ճամբան է անցեալը լուսաւորելու եւ ապագան յստակօրէն գուշակելու համար:
Հայաստանի խորհրդայնացումը անշուշտ պարտադրանք մըն էր մեզի համար: Թուրք եւ խորհրդային սիրալիր գործակցութեան այդ օրերուն, երբ Քրեմլինի նոր իշխանաւորները, յատկապէս` հակաբրիտանական իրենց քաղաքականութեան եւ այդ քաղաքականութենէն թելադրուող մրցակցութեան կոչումով, «եղբայր» ու «սրտակից» դարձան քեմալական կառավարութեան եւ, մասնաւորաբար, ծրագրեցին ջնջումը բոլոր այն անկախ պետութիւններուն, որոնք կը գտնուէին իրենց ճանապարհին վրայ:
Այս քաղաքականութիւնը եթէ մեզի պարտադրեց կամաւոր հանդուրժողութիւն մը` խորհրդայնացումին, յանգեցաւ ի վերջոյ ժողովուրդ մը սրածելու եւ հաւաքաբար խուժանի վերածելու քայլին, 2 դեկտեմբեր 1920-էն մինչեւ 18 փետրուարի նախօրեակը: Հայաստանի ղեկավարութեան հիմնական մտահոգութիւնն էր, Դրօ – Լըգրան խօսակցութիւններու ընթացքին, հայութիւնը փրկել բնաջնջումէ: Սակայն այս մտահոգութիւնը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ այլեւս, համաժողովրդային ապստամբութեան նախօրեակին, երբ պոլշեւիզմը, գազանային իր մոլուցքով, կը ձգտէր փոշիացնել մեզ` խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք:
Այդ պայմաններուն ներքեւ, փետրուար 18 ժողովրդային անզուսպ պոռթկումի թուական մըն է, եւ իբրեւ այդպիսին, անկիւնադարձ մը կը կազմէ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:

