ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊՈՌԹԿՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1921)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Ժողովրդային բանակը ո՛չ թիւով եւ ո՛չ ալ ռազմամթերքով հաւասար ուժ մը չէր հակառակորդին դիմաց, բայց այս բոլորին փոխարէն կար ժողովուրդի հաւաքական կամքը»:

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

Հայ քաղաքական մտքի զարգացման, հաւաքական պոռթկումի եւ  յեղափոխական տրամաբանութեան դարձակէտ ըլլալու բոլոր արժեչափերը ընդգրկող պատմական ճշմարտութիւն մըն է Փետրուարեան ապստամբութիւնը:

Փաստօրէն, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ստեղծումով` երբ հայ ժողովուրդին կը վիճակուէր անկախ ու ազատ ապրելու կենսաւիշը, քաղաքակիրթ ազգերու շարքին դասուելու իրաւունքն ու հպարտութիւնը,   դարերու խաւար իրադրութիւններէ դէպի լուսաւոր կեանք անցնելու քաղաքական հասունութիւնը` անասելի տառապանքներու եւ հերոսական դրուագներու ընդմէջէն, խորքին մէջ, ազգային հաւաքական կեանք վարելու եւ տեսլապաշտ երազանքին մարմնացումը տալու վճիտ իրողութիւնը կ՛արտացոլայ`  հայրենապաշտութեամբ եւ զոհողութեամբ յագեցած:

Այլապէս ինչպէ՛ս պէտք է ըմբռնել հայ ազատագրական պայքարին լծուած հայ հերոսապաշտութեան ամենավսեմ իրագործումներու շքերթը, հասնելով մինչեւ ազգային պոռթկումի նուիրական դիպաշարերը:

Ատենի Մայիսեան խռովարար արարքներու թէ հետագայ խորհրդայնացման քայլերու հոլովոյթը բացառապէս կը հետապնդէր մէկ ու հիմնական նպատակ` բնաջնջել հայութեան մնացորդացը եւ միանգամընդմիշտ հարուածել հայ ժողովրդական կամքի ներուժը, կործանելու ազատական աշխարհահայեացքի եւ ըմբռնումի ամէն հասկացողութիւն, բարոյալքելու եւ յաւելեալ ստրկացման մղելու ազգին շերտերը բաղկացնող հասարակութիւնն ու ղեկավարութիւնն անգամ:

Ի դէպ, բռնատիրութեամբ յատկանշուող պոլշեւիզմի եւ քեմալական Թուրքիոյ բարբարոսութիւններու հասարակ յայտարարը նոյնինքն հայութեան դէմ ուղղակի գործադրուած գեհենային վարքագիծերն էին, աշխարհաքաղաքական իրենց ստորին շահերուն յագուրդ տալու բացայայտ դիտաւորութեամբ:

Հայաստանի խորհրդայնացման խաղաղ պայմաններուն անմիջապէս կը հետեւէր սոսկալի ջարդերու, կողոպուտի եւ մաքրագործումի խենեշ գործընթացներ, որոնց նկատմամբ հայրենի ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը, թէեւ ինքնազսպումի եւ խոհական ըլլալու բարձրագոյն ճնշուածութեան անդոհանքը կ՛ապրէր` յանուն հայրենիքի պահպանումին եւ գոյատեւումին, անդին, զազիր թշնամին կը սաստկացնէր իր բռնատիրութիւնն ու արիւնահեղութիւնը` ճզմելու հայութեան վերապրումի կամքն ու հաւատամքը:

Ատենի քաղաքական եւ տնտեսական պայմանները բնաւ ձեռնտու չէին որեւէ պոռթկումի կամ ըմբոստութեան: Հայութիւնը լաւապէս գիտակից էր կացութեան, գնահատած եւ կը սպասէր անոր` բռնատիրութեան ու մոլուցքներու տակաւ շիջումին: Այսուամենայնիւ, դէպքերու արագասոյր եւ ողբերգական ընթացքին ի տես, հայութիւնը կրցաւ անմիջապէս կշռադատել  իրողական կացութիւնը եւ նետուեցաւ այս անգամ համաժողովրդական պոռթկումի վեհափառ գուպարին մէջ` ազգային ազնիւ գիտակցութեամբ բոցավառ ու արժանապատուութեամբ գօտեպնդուած:

Ընդգծելու համար Փետրուարեան ապստամբութեան պատմաքաղաքական նշանակութիւնը պէտք է հարց տալ, թէ արդեօք բաւարա՞ր են եռամսեայ մարտական զինուորական դիպաշարերու յաջորդական նշումն ու ժողովուրդի գործած սխրանքներուն վեհութիւնը, ընդմիշտ յստակացնելու, թէ հայութեան պարտադրուած այդ օրերու իրավիճակը, ունեցած հետեւանքներն ու ազգին ճակատագիրը կը գտնուէին աւելի քան օրհասի մէջ, լինելութեան իր գոյապայքարին ամէնէն դժուար հանգրուանին:

Եւ այդ կացութիւններու ճիշդ գնահատումին մէջ, ազգին առողջ մտածողութեան բոցկլտումն էր արժեչափը ու թշնամիին դէմ կանգնելու ժողովրդական խրոխտ պատրաստակամութիւնը` յանուն ապագայ սերունդներու շարունակականութեան եւ ցեղային  առանձնայատկութիւններու ամրապնդումին:

Հակառակ առգոյ տարբեր տեսակէտներու եւ մօտեցումներու, Փետրուարեան ապստամբութիւնը հայութեան քաղաքական հասունացումին եւ առհասարակ պետական հասկացողութեան նուաճումը ըլլալով`  նաեւ ապահով կռուանն է հետագայ մեր բոլոր գործունէութիւններուն, որովհետեւ, անկախ ու ազատ ապրելու եւ գերիշխան հայրենիք կերտելու, ազգային դիմագիծը պահպանելու, բարօր եւ անվտանգ ազգային հաւաքական կեանք ունենալու, հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ ու պետական վարքագիծի առաւել պայծառացումին համար` օդի ու ջուրի նման կենսական են միակամ կեցուածքներու ջրդեղումն ու հաւաքաբար պայքարելու հրամայական պահանջը:

Բոլոր անոնք, որոնք քաղաքական եւ գաղափարական ներհակ բացատրութիւններու ապաւինած փորձ կը կատարեն նսեմացնել այս հրաշալի թուականին իրաւութիւնը, անոնք, պարզապէս փախուստ կու տան իրենց ազգային էութենէն, տեղ տալով թշնամիի կողմէ դարանակալ սադրանքներու եւ զազրելի մտադրութիւններու հրահրումին:

Այսօր, աւելի քան երբեք հայրենի պետական մտածողութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն համար անհրաժեշտ են նման իրականութիւններու գնահատումն ու արժեւորումը` նկատի ունենալով գոյութիւն ունեցող վտանգներու շարունակականութիւնը:

Այս առումով, ինչո՛ւ կը յամենայ Փետրուարեան ապստամբութեան պատմաքաղաքական արժեւորումին ներկայի հանգամանքը, երբ վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին վրայ արդէն կը սաւառնին թշնամական բազմաբնոյթ սադրանքներ:

Այս բոլորին առընթեր, ինչո՛վ պէտք է բացատրել ներազգային կեանքի շատ անգամ բեւեռացումի նախանշաները, քաղաքական թէ ընկերային մակարդակներու վրայ:

Արդեօ՞ք հայութեան ժողովրդագրական, կենցաղային ու տնտեսական կեանքին մարտահրաւէրները չքացած են, որպէսզի մենք մեզի իրաւունքը տանք շռայլօրէն եւ առանց երկմտանքի «անտեսելու» թուրք ազերի հորդաներու ամէնօրեայ սպառնալիքները:

Հայ քաղաքական միտքը այնքա՞ն մը ամլացած է, որ, չ՛ուզեր տեսնել եւ կամ իրազեկուիլ աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներու հրէշային տարբերակներէ, որոնք կրնան հայութեան դէմ նիւթուած նոր ժամանակներու պատուհասը դառնալ:

Յայտնապէս, Փետրուարեան ըմբոստութեան ամէնէն վառ օրինակը ինքնաղեկավարումի եւ ազգային մարտունակ ոգիի ջրդեղումն էր, զգաստութեան հրաւիրելու նաեւ հայրենի նեղմիտ անհատներն ու կոյր գաղափարայնութեամբ հրճուած շերտերը, որոնք յանձնուած ըլլալով օրուան սադայէլական նկրտումներուն` զոհ կը դառնային բարբարոս ախորժակներու եւ վարքագիծերու:

Հայրենի պետութիւնը իր կարգ ու սարքով, գիտական եւ ակադեմական կառոյցներով պարտաւոր է իր մօտիկ անցեալի բիւրեղ դիպաշարերը լոյսին բերել, գնահատել եւ արժեւորել, որպէսզի կարենայ ամէն առիթի  ազգային պարունակին կենսունակութիւնը վառ պահել, յանուն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պաշտպանութեան:

Ներկայ հանգրուանին, համաժողովրդական կեցուածքներու առաւել գոյութիւնն ու զգաստ ներկայութիւնը պիտի գօտեպնդէ ազգային հաւաքականութիւնը եւ առանձնապէս պիտի կարենայ սանձել թշնամական ոտնձգութիւնները:

Ապահովաբար, նման իրագործումներու ճանապարհը` ազգային պանծալի դրուագներու վերահաստատումն է` հեռու տեղայնական մտայնութիւններէ եւ տկլոր վարքագծերէ:

Share this Article
CATEGORIES