ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դարձեալ 18 փետրուարն է: 91 տարի առաջ այս օրը եղաւ հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ անմոռանալի, անշրջանցելի թուական մը` բռնատիրական վարչակարգի դէմ համաժողովրդական իրական շարժումի բռնկումին առումով: Իրականութեան մէջ ալ, ինչպէս նախապէս բազմիցս նշուած է, Փետրուարեան ապստամբութիւնը թերեւս իր տեսակին մէջ առաջին համաժողովրդային շարժումն էր` խորհրդային համայնավարական իշխանութիւններուն դէմ ծաւալած:

Բազմաթիւ են Փետրուարեան ապստամբութենէն քաղուելիք դասերը, մանաւանդ ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ համաշխարհային տարողութեամբ եւ մանաւանդ արաբական աշխարհին մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին տիրական երեւոյթ դարձան ժողովրդային շարժումները, ըմբոստացումները, յեղափոխութիւնները: Սակայն այս շարժումները սկզբնապէս ծաւալեցան տարերայնօրէն, զուրկ` գաղափարական ենթակառոյցէ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անոնցմէ շատերը շուտով այլասերին, ուղղութիւն փոխեն, վերածուին ուրիշ բանի, քան ինչ որ ժողովուրդները կ՛ուզէին:

Արաբական ժողովրդային ըմբոստացումներուն, «Գրաւէ՛»-ի շարժումին, անցեալ տարի եւրոպական մայրաքաղաքները ցնցած ընկերային-պահանջատիրական ցոյցերուն մէջ սկզբնապէս կար երիտասարդական առինքնող խանդավառութիւնը: Հիմա սակայն ո՞ւր են այդ շարժումները: Յունաստանի մէջ միայն փողոցը տակաւին կը մնայ պատնէշներով լեցուն, բայց «Գրաւէ՛»-ի շարժումին ճակատագիրը ի՞նչ եղաւ: Արաբական ըմբոստացումները ի՞նչ արդիւնք տուին:

Այո՛, կարգ մը արաբական երկիրներու մէջ իշխանութեան գլուխը տապալեցաւ, խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարուեցան, բայց մտահոգիչ երեւոյթ մը ի յայտ եկաւ: Շարժումի ալիքներուն վրայ բարձրացան ծայրայեղ յետադիմական կրօնական հոսանքներ: Եւ հոն, ուր քաղաքականապէս յետադիմական հոսանքը տիրական դիրքերու կը հասնի, պէտք չէ յուսալ, որ ժողովրդավարութեան անցումը դիւրին կ՛ընթանայ:

Վերոյիշեալ հարցադրումները կատարելէ ետք վերադառնանք մեր հայկական փոքր ածուին եւ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան դասերուն: Փետրուարեան ապստամբութիւնը իր սկիզբէն մինչեւ վերջին օրը եղաւ սկզբունքային շարժում: Հիմնական նպատակն էր հայ արհեստաւոր եւ գիւղացի մարդոց արժանապատուութիւնը պահպանել, շեշտել անկախութեան եւ ազատութեան գերակշիռ արժէքները, մերժել ժողովուրդը բռնատիրական հալածանքի ենթարկելու գործելաձեւը եւ գուրգուրալ անկախ հայրենիքի խորհրդանիշներուն: Այն խորհրդանիշները, որոնք ծնունդն էին 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան հռչակման, եւ որոնք վերարժեւորուեցան 21 սեպտեմբեր 1991-ին` Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով:

Մէկ կողմ դրած «Արաբական գարուն» հասկացողութիւնը կամ տարբեր տեսակի «գարուններու» հասկացողութիւնները` Փետրուարեան ապստամբութիւնը անկասկած հայ ժողովուրդի գարունն էր, որ մեր օրերուն եւս իր պատգամները կը շարունակէ փոխանցել: Ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ հայութիւնը եւ Հայաստանը կը դիմագրաւեն զանազան մարտահրաւէրներ, կ՛արժէ անգամ մը եւս ականջալուր ըլլալ Փետրուարեան ապստամբութեան երախտաւորներ վրացեաններու եւ սասունիներու` տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող պատգամներուն:

Այսօր դարձեալ հրատապ կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան անկախութիւնն ու ազատութիւնը վերարժեւորելու մարտահրաւէրը, ամէնօրեայ ճիգ կը պահանջէ պետականութեան ու պետական կառոյցներուն ամրապնդումը, այժմէականօրէն կը դրուի հայկական երկրորդ պետականութեան` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցը, իսկ սփիւռքը ամէն օր կը շարունակէ դիմագրաւել ուծացման վտանգը եւ ինքնակազմակերպման մնայուն մարտահրաւէրը:

Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան պատգամները կը մնան այն փարոսները, որոնք կը լուսաւորեն հայութեան պատմական երթը դէպի ապագայ: Նշեալ մարտահրաւէրներէն զատ ալ տակաւին կան Հայաստանի մէջ համընդհանուր արդարութեան գաղափարները եւ ժողովրդավարական սկզբունքները խորացնելու հարցերը, որոնք յառաջիկային պէտք է ուշադրութեան կեդրոն մնան: Փետրուարեան ապստամբութեան 91-ամեակին ոգիով անհրաժեշտ է շարունակել երթը` դէպի ազգային բոլոր չիրագործուած իղձերուն ու նպատակներուն իրականացումը` իրապէս ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութեան կառուցում, ընկերային արդարութեան հաստատում եւ հայութեան բովանդակ իրաւունքներու ձեռքբերում:

 

Share this Article
CATEGORIES