ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ, ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԷԴԻԿԸ…
Եթէ կեանքը քիչ մը աւելի բարեացակամ եղած ըլլար, Էդուարդ Յովհաննիսեանը` ընկեր Էդիկը տակաւին մեր մէջ պիտի ըլլար եւ ճիշդ այսօր պիտի տօնէր իր ութսունամեակը: Փետրուար 16-ն, այս տարի, Վարդանանց տօնն ալ է ու շատ խորհրդանշական է այս թուականին ու Էդիկին տարեդարձին զուգադիպութիւնը, որովհետեւ իր մէջ շատ բան կար Աւարայրի ոգիէն, որուն շարունակողն ու մերօրեայ կրողն ալ էր: Բայց` ոչ միայն այդ, այլ իր մէջ կար նաեւ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութենէն ալ շատ բան, Քրիստափորի առաջնորդի ու տեսանողի շունչը, Զաւարեանի անկաշառ բարոյական ուժը, Ռոստոմի մտքի ու բազուկի մարդու տաղանդը: Ու թէեւ ինքն ուշ մտաւ Դաշնակցութեան շարքերը, երբ արդէն հասուն ու կազմաւորուած անձնաւորութիւն մըն էր, կրցաւ ըլլալ զտարիւն ու վաւերական դաշնակցական մը. եւ, հակառակ այն իրողութեան, որ բնազդով ու խառնուածքով յեղափոխական մըն էր, ենթարկուեցաւ Դաշնակցութեան խիստ կարգապահութեան ու եղաւ կարգապահ ու հնազանդ ընկեր մը, նոյնիսկ երբ համաձայն եղած չըլլար տրուած որոշումներուն: Ու տակաւին, գիտական բարձրագոյն կոչում մը ունենալով ու խորիմաստ մտաւորական մը ըլլալով հանդերձ, պարզ շարքայինի մը պէս գիտէր նստիլ ու հաւասարէ հաւասար զրուցել կամ վիճիլ ամենահամեստ ընկերոջ հետ:
Ոչ միայն Եւրոպայի, այլ նաեւ ուրիշ ցամաքամասերու վրայ, Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան, իրմէ որբ մնացած մարդիկ կան: Մարդիկ են, որ ձեւով մը իր աշակերտներն եղած են՝ իրմէ սորված ըլլալով քաղաքական հարցերը վերլուծել եւ ճիշդ կողմնորոշումները որդեգրել: Անոնք իր մէջ տեսած են անկաշառ հայրենասէրն ու անմնացորդ զոհաբերողը: Ուսուցիչ մը, որ նախ եւ առաջ ու ամէնէն աւելի իր անձնական օրինակով դաստիարակած է: Որբ մնացած են այս մարդիկ, որովհետեւ իր տեղը դատարկ մնացած է եւ ուրիշ հաւասարարժէք մէկը չէ յայտնուած, որ զինքն արժանաւոր կերպով փոխարինէ: Եւ այսօր, երբ արդէն տարիներ իր մահէն ետք զմեզ կ՛անջրպետեն, իր խօսքին, իր կարծիքին պակասն է, որ կը զգան, երբ դէմ յանդիման կը կանգնին հայութիւնը յուզող հին ու նոր հարցերու: Պիտի ուզէին, որ Էդիկն այստեղ ըլլար, որպէսզի բարդագոյն խնդիրները պարզ ձեւով բացատրելով, ինչպէս միայն ինքը գիտէր ընել, ճիշդ տեղեկութիւններ ու օգտակար ցուցմունքներ տար:
«Դրօշակ»-ի մէջ հրատարակուած իր բազմաթիւ յօդուածներու հաւաքածոն, որ իր կողմէ հիմնուած Հայկական հարցերի հաստատութեան իր ընկերները յետմահու հրատարակեցին իր հին փափաքն իրագործելու համար, հանրագումար մըն է իր մտքերուն, յետնորդներուն ձգուած կտակ մը, որ տարիներ վերջ ալ չի կորսնցներ իր այժմէականութիւնը, որովհետեւ այնտեղ արտայայտուած բազմաթիւ գաղափարներ մարգարէական շունչ մը ունենալով պիտանի են այսօրուան ու վաղուան հայուն համար, թէ՛ անհատ շարքայինին եւ թէ՛ մանաւանդ, ղեկավարին համար:
Իր տարեդարձին օրը պիտի ուզէինք, որ բոլոր անոնք, որոնք զինք ճանչցած են ու իր բազմաթիւ բանախօսութիւններուն ներկայ եղած են, այսօր` իր տարեդարձին օրը, «Դրօշակ»-ի հին թիւ մը առնէին, ուր վստահաբար իրմէ յօդուած մը պիտի գտնէին ու զայն կարդալով անգամ մը եւս հաղորդակից դառնային իր մտքերուն, անոնցմէ ներշնչուելու, բայց նաեւ զինքը յիշելու համար: Եւ եթէ այդ ընթերցման առթած յուզումին ու արթնցուցած յուշերուն պատճառով կաթիլ մը արցունք հոսի, գիտցէ՛ք, թէ պատճառը անկրկնելի մարդու մը բացակայութեան ձգած պարապն է, անմեռ ու անմոռ ընկերոջ մը կարօտը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ
Միւնիխ, 16 փետրուար 2012

