ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ (ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ)*

Չցանկաց մեծարանքի հանդիսութիւն` իրեն ի պատիւ: Նոյնիսկ մերժեց նմանօրինակ ամէն առաջարկ, որ ներկայացուեցաւ իրեն: Չուզեց շքանշան ստանալ: Անցեալ տարի, գրեթէ այս ատեն, երբ տեղի պիտի ունենար Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնի քսանամեակի հանդիսութիւնը, օրեր ու շաբաթներ առաջ, կը գտնուէր մտատանջութեան մէջ: Անգամ մը ըսաւ ինծի.

– Կրնայ պատահիլ, որ Արամ Ա. վեհափառը քսանամեակի հանդիսութեան ատեն շքանշան տայ ինծի, ի՞նչ պիտի ընեմ այն ատեն:

Վճռական որոշումներ տուող այս մարդը շուարած էր իրապէս ու չկրցաւ ծրագրել իր ընելիքը: Վեհափառ հայրապետը շքանշան չտուաւ իրեն այդ օր բարեբախտաբար, եւ Շահինեանը փրկուեցաւ մեծ մղձաւանջէ մը: Կարծէք անցած էր իրմէ դառնութեան բաժակը: Պիտի ուզէր սակայն, առանց շեփորահարումի, որ շատ սեղմ թիւով մտերիմներու ներկայութեան, աւարտի նշում մը ըլլար Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնի իր քսանամեայ վարիչի (իր բառն է) գործունէութեան:

– Ինծի համար խօսքի ուժը աւելի զօրաւոր է, քան շքանշանը,- կ՛ըսէր ան:

Անկեղծ համեստութիւն մը կը լեցնէր իր ողջ ներաշխարհը: Հոգեբանութեան մէջ սովորաբար կը խօսուի երկու տեսակ համեստութեան մասին: Առաջինը արտաքին-երեւութական համեստութիւնն է, որ խորքին մէջ կը բաղձայ աւելի զօրաւոր մեծարանք, իսկ երկրորդը` իրաւ համեստութիւնն է, խոնարհութիւնը, որ անանձնականութիւնը ունի իբրեւ առանցք: Շահինեանի համեստութիւնը այս երկրորդ տեսակն էր, բառին ամէնէն ազնիւ իմաստով բացատրուած:

Իր խօսելու կերպը փոխ առնելով, սխալ մը ըրած կ՛ըլլամ երբ կը յայտնեմ «գործի աւարտ» բացատրութիւնը: Ի՞նչ գործի աւարտ, ո՞ր գործի աւարտին մասին կը խօսինք: Կեդրոնի վարիչութենէն հրաժարելէ ետք, Շահինեան շարունակեց դասաւանդել, յօդուած գրել եւ դասախօսութիւն պատրաստել: Կը պատահէր, որ բոլորէն կանուխ հասնէր Կեդրոն: Եւ ուսուցչութիւնը շարունակեց մինչեւ իր վերջնական հիւանդանոց փոխադրուիլը: Միշտ պարտաճանաչ էր եւ ուսուցչական առաքելութեան գիտակից: Երբեմն դեղին գոյն առած կ՛ըլլար երեսը, կը հազար ատենէ ատեն, բայց միշտ կու գար Կեդրոն` բանով մը անպայման օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութեամբ: Վերջին շրջանին, երբ ունեցաւ շնչառութեան դժուարութիւն եւ տուն մնաց այդ պատճառով` փափաքեցաւ եւ առաջարկեց նոյնիսկ, որ աշակերտուհիները իր տունը երթան դաս առնելու: Իր վիճակը նկատի առնելով` այդպէս չըրինք անշուշտ, բայց ինք յամառեցաւ իր առաջարկին վրայ: Իր ներաշխարհին մէջ թերեւս կ՛ուզէր մեռնիլ դասաւանդելու ատեն, պարտականութեան վրայ, իր աշակերտ-աշակերտուհիներուն դիմաց:

Երբ բժիշկները յայտնեցին իրեն, թէ վիրաբուժական գործողութեամբ մը փոքր հաւանականութիւն կայ, որ բարելաւուի իր առողջական վիճակը, առանց վայրկեան մը իսկ տատամսելու` Շահինեանը որոշում տուաւ եւ մտաւ հիւանդանոց: Պիտի ենթարկուէր վիրաբուժական գործողութեան, մեծ յոյս ունէր, որ պիտի առողջանար. այդպէս է, որ կը պատրաստէր կեանքի առաւել տասը տարուան աշխատանքի ծրագիր:

Մնացեա՞լը…

***

Բազմակողմանի եւ հարուստ է Շահինեանի կրթական, մշակութային, գրական, գրականագիտական եւ հրատարակչական վաստակը, որ կը տարածուի աւելի քան յիսուն տարուան վրայ:

Ուսուցչութիւն ըրաւ հինգ տասնամեակէ աւելի: Պաշտօնավարեց Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքին, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնի եւ ոչ-հայ վարժարաններու մէջ: Դասաւանդեց հայ եւ ֆրանսական գրականութիւն, մանկավարժութիւն եւ մանկավարժութեան յարակից դասանիւթեր: Դասախօսի պարտականութիւններ ստանձնեց Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական համալսարաններու, ինչպէս նաեւ Հայկազեան քոլեճի մէջ:

Շահինեանի հրատարակութիւնները կ՛ընդգրկեն աւելի քան տասը գրականագիտական գիրքեր եւ մենագրութիւններ, երեք մանկավարժական ուղեցոյց-գրքոյկներ, երկու պատանեկան գրքոյկներ եւ ինքնակենսագրական մը: Մանկավարժական պատշաճեցում կատարած է աւելի քան 25 գիրքերու: Ըրած է թարգմանութիւններ: Ունի անտիպ – գոնէ ինծի ծանօթ – երեք աշխատութիւններ:

Շահինեան խմբագրած է եռամսեայ հանդէս մը, որուն շուրջ յաջողած է համախմբել երիտասարդ գրողներ եւ արուեստագէտներ: Ստեղծած է գրական շարժում:

Ներկայացուցած է երկու աւարտաճառ եւ տիրացած է երկու դոկտորականի: Բայց ոչ մէկ ատեն ուզած է «փրոֆեսէօր» կամ «դոկտոր» տիտղոսներով ճանչցուիլ: Կը ծիծաղէր բոլոր անոնց վրայ, որոնք այդ տիտղոսներով կ՛ուզէին մակարդակ տալ իրենց մտաւորական խեղճութեան: Ինք «Պարոն» էր միայն, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնին մէջ` վարիչ:

Շահինեան ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւններ: Եղած է Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տարիներու անդամ եւ ատենապետ: Այդ օրերուն, հակառակ պատերազմի սարսափին, քանդումներուն եւ մահասփիւռ ռումբերուն, տեսիլքը ունեցած է Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի շինութեան. իր ամբողջ էութեամբ սատարած է անոր իրագործման: Ամբողջական արիւնով կը հաւատար այս կեդրոնի մշակութային առաքելութեան եւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ անոր բարերար դերակատարութեան: Աւելորդ չէ հաստատել, որ իր եւ իրեն նմաններու աշխատանքին արգասիքը եղող այս Կեդրոնի զանազան բաժիններուն մէջ – երգչախումբ, պարարուեստ, երաժշտութիւն, նկարչութիւն – կը յաճախեն աւելի քան 900 հայ տղաք եւ աղջիկներ:

Շահինեան կատարած է բազմաթիւ գործուղումներ եւ ուղեւորութիւններ` գրական – գրականագիտական եւ մանկավարժական – կրթական նպատակներով, դէպի սփիւռքի գրեթէ մեր բոլոր գաղութները, ներառեալ Պոլիս:

Քսան տարի շարունակ Շահինեան եղած է վարիչը Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնի: Իր օրով Կեդրոնը տուած է աւելի քան հարիւր շրջանաւարտներ, որոնց շուրջ 70-ը ստացած են նաեւ Լիբանանի պետական պաշտօնական «Պէ. Թէ.»-ի եւ «Թէ. Էս.»-ի վկայականներ: Այսօր, գրեթէ բոլոր շրջանաւարտներն ալ կը պաշտօնավարեն Լիբանանի եւ սփիւռքի հայկական վարժարաններու մէջ: Անհրաժեշտ է հաստատել, որ քսան տարուան ընթացքին Կեդրոնի դասախօսական կազմը, պաշտօնէութիւնը եւ ուսանողութիւնը ունեցած են ներդաշնակ եւ համերաշխ գործունէութիւն: Ոչ իսկ մէկ կարգապահական պարագայ եղած է այնտեղ` շնորհիւ փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ զիջողութեան սկզբունքին, այլ մանաւանդ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտին: Երեւոյթ մը, զոր կը պարտինք Շահինեանի վարուելակերպին եւ մանկավարժական մօտեցումներուն:

***

Արագ կերպով կատարեցինք թուումը Շահինեանի գործերուն: Այս յուշահանդէսը չի նպատակադրեր ամբողջական եւ մանրամասն քննարկումի ենթարկել անոր վաստակին եւ գործունէութեան զանազան կողմերը` մօտիկ ապագային վերապահելով այդ աշխատանքի գործնականացումը: Բոլոր պարագաներու, կ՛ուզենք անմիջապէս հաստատել հետեւեալը. ինչ որ ըրաւ Շահինեան` լա՛ւը ըրաւ: Յաջողեցաւ իր ստանձնած բոլո՛ր գործերուն մէջ: Եւ բոլոր իրագործումներուն մէջ թաթխեց իր ստեղծագործ ոգին, սքանչելի տեսլականը, անկեղծութիւնը, մարդկայնութիւնը: Յետոյ, իր հմտութիւնը հարցերուն մօտենալու, անխոնջ աշխատողի տրամադրութիւնը, յարատեւելու ոգին, գործը հետապնդելու յամառ ախորժակը, գործ մը անպայման յաջողցնելու ամբողջական հաւատքը լիովին կ՛արժանացնեն զինք ընդհանուր մեծարանքի եւ համակրանքի` հանդէպ իր մաքուր եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան:

Ու բոլորէն վեր,

Եւ ամէն բանէ առաջ,

Մա՛րդ էր Գրիգոր Շահինեանը, գլխագիր ՄԱՐԴ:

* * *

Այս բոլորով հանդերձ, մեր իրականութեան մէջ կայ խաւ մը, որ չի բաժներ Շահինեանի մտածումները, սկզբունքները կամ աշխարհահայեացքը:

Շահինեանի խառնուածքով մտաւորական մը, երբ – իր բառերն են – անպատասխանատու կը նկատէ մեր կեանքը ղեկավարող պատասխանատուները, բնական է, որ լաւ ընդունելութիւն պիտի չգտնէր շրջանակի մը կողմէ, որ սկզբունքով պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ծանր ու պատասխանատու գործ կատարելու:

Շահինեան շատ հարազատօրէն, առանց աճպարարային դարձուածքներու, առանց դոյզն հաճոյակատարութեան, անկաշկանդ եւ անկեղծ դատողութիւն կատարած է մեր ազգային-մշակութային-կազմակերպական բազմաթիւ հարցերու եւ գործելակերպի: Համաձայն չէ գտնուած անոնց ոմանց, շատերուն, եւ տուած է իր անձնական տեսակէտը: Նկարագիրով եղած է յախուռն, ըմբոստ եւ համարձակ: Ահա ա՛յս է պատճառը, որ անոր կարծիքներն ու կեցուածքները լաւ աչքով չեն դիտուած ոմանց կողմէ:

Շահինեան իր դատողութիւնները կատարած է դրական հիմքի վրայ, միշտ շինելու նպատակով եւ աւելի լաւին ձգտելու նախանձախնդրութեամբ: Անտեղի պիտի չըլլայ հաստատել այստեղ այն իրողութիւնը, որ Շահինեանի եւ Շահինեաններու տիպարին ներկայութիւնը անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ` մեր իսկ կեանքի յառաջդիմութեան, զարգացման եւ յարատեւութեան համար: Ժողովրդավար որեւէ ընկերութեան, հաւաքականութեան կամ երկրի մէջ նախապայման է տարակարծիք ըլլալը: Այլապէս կ՛ունենանք ամբողջատիրական-բռնատիրական կառոյցով ընկերութիւն մը: Աւելորդ եւ չափահաս հաճոյակատարութիւնները եւ բաժակաճառերը ոչ միայն առաջ չեն տանիր մեր կեանքը, այլեւ կը քանդեն զայն. արդէ՛ն կը քանդեն: Ըստ երեւոյթին, անկեղծութեան ժամը չէ հնչած տակաւին մեր կեանքին մէջ: Պիտի հնչէ՞ արդեօք. յայտնի չէ: Այնուամենայնիւ տիրապետող է իրողութիւնը. կարծէք մրցում կայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ հաճոյակատարութեան ախոյեանութեան տիրանալու. երեւոյթ մը, որմէ կը խրտչէր Շահինեան:

* * *

Ի ծնէ մանկավարժ էր Գրիգոր Շահինեանը:  Կ՛ուզէր, որ միայն իբրեւ մանկավարժ յիշուի ան մեր կեանքին մէջ: Երիտասարդութեան սեմին, երբ կը ծառայէր ան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին, ժամանակակիցներու վկայութեամբ, անխտիր բոլոր խումբերու գայլիկները կ՛ուզէին, որ իրենց աքելլան ըլլար նաեւ Շահինեանը եւ ոչ  թէ միայն մէկ-երկու խումբի: Ասոր պատճառը այն է, որ գայլիկները հրապուրուած էին անոր մանկավարժական մօտեցումներով: Միջանկեալ յայտնենք, թէ Շահինեան իր կեանքի այդ շրջանին ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ հրատարակած է գրքոյկներ` սկաուտական գիտելիքներու, սկզբունքներու եւ սկաուտի բարոյական տիպարի մասին:

Շահինեան սիրեց մանկավարժութիւնը: Ուսանեցաւ մանկավարժութիւն եւ մանկավարժական աշխատանք կատարեց միշտ վերանորոգուած կորովով ու տրամադրութիւններով:

Մեծ մանկավարժ էր Շահինեան, արդարեւ: Մեծ մանկավարժները ազնուագոյն իմաստով մեծ մարդ են, ու մեծ մարդիկն են, որ մեծ մանկավարժ եղած են:

Շահինեան ունէր դաստիարակութեան փիլիսոփայութիւն մը, որմով կ՛առաջնորդուէր, եւ որուն միջոցով կը ղեկավարէր դասարանը: Ոեւէ խղճամիտ ուսուցիչ չի կրնար չորդեգրել այդ փիլիսոփայութիւնը: Մանկավարժութեան հիմնական նպատակադրումներէն մէկն է անկասկած մարդու պատրաստութիւն, մարդակերտումը, ինչպէս սովորութիւն ունինք ըսելու:

Իտէալ դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ է, որ համաձայն ըլլայ բնութեան հետ: Արարիչին ձեռքէն եկած ամէն բան լաւ է, պիտի հաստատէր Ժան-Ժաք Ռուսօ, սակայն ամէն բան կ՛այլասերի մարդուն ձեռքին մէջ` եթէ անհրաժեշտ խնամքը չտրուի անոր:

Աշակերտները մաս կը կազմեն հարցերուն, դասընթացքը պատահական չէ, ուսուցիչը առաջնորդ է, պիտի յայտնէր Ճոն Տիուի:

Տըքրոլիին համաձայն, դպրոցին նպատակն է ապրեցնել պզտիկը, բառին բուն իմաստով` զայն մարդ ըլլալու պատրաստել եւ ասոր համար բնականօրէն զարգացնել իր մէջ գտնուող ամէնէն բարձր կարողութիւնները, իմացականութիւնը, կամքը, զգացումը:

Վերջապէս, Նէյլ կը բացատրէ, թէ դժուար պզտիկ չկայ, այլ կան դժուար ծնողներ. թերեւս աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել, թէ կայ դժուար մարդկութիւն մը:

Վերոյիշեալ բոլոր մանկավարժներու ուսմունքը խորացնելու կողքին, Շահինեանի իտէալ ու պաշտած մանկավարժը Լեւոն Շանթն էր: Մեծ մանկավարժը կ՛ըսէր իր աշակերտներուն. «Աշխատեցէք մա՛րդ ըլլալ. մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»: Ու կը պատկերացնեմ մեծ մանկավարժին մեծ աշակերտը` իբրեւ քանդակագործ մարդու:

Իտալական Վերածնունդի մեծագոյն արուեստագէտներէն Մայքըլ Անճելօ` կը հաստատէր. «Մարմարին մէջ հրեշտակ մը տեսայ, քանդակեցի մինչեւ որ ազատ արձակեցի զայն քարէն»:

Շահինեանն ալ իբրեւ հոգիի քանդակագործ կ՛աշխատէր իր աշակերտներուն վրայ անոնց ներաշխարհին մէջ մարդը պատրաստելու համար: Չէ՞ որ լատիներէնով դաստիարակութիւն (é-duceu) կը նշանակէ ներսէն դուրս քաշելու արարողութիւն:

Լեւոն Շանթի մահուան առթիւ գրուած յօդուածներէն մէկուն մէջ, «Ազդակ» օրաթերթը կը գրէր.

«Արժէքաւոր գիտուններ, գրագէտներ եւ բանաստեղծներ իրենց տեղը ունին անշուշտ հասարակութեան մէջ, եւ յաճախ կը  հանդիպինք անոնց նմաններուն: Բայց ՄԱՐԴ անունին արժանի եւ մարդկային բարձրագոյն ստորոգելիներով օժտուած անհատականութիւններն են, որ կրթիչ եւ վարիչ դերեր կը խաղան ազգի մը ծոցին մէջ, իրենց օրինակով ներշնչելով սերունդները եւ իրենց նկարագրին գեղեցկութեամբ ներշնչելով շրջապատը:

«Շանթ այդ հազուագիւտ անձերէն մէկն էր, որ գիտցաւ նախ մարդու կոչումին հաւատարիմ մնալ, բարոյական առաքինութիւններու ծառայել, վսեմ գաղափարներու հետեւորդը դառնալ, ապա նաեւ հարստացնել հայոց մշակոյթը` գեղարուեստական եւ գիտական իր երկերով:

«Այս իսկ պատճառով, անոր գործերուն ընդմէջէն գալիք սերունդները պիտի սիրեն եւ յարգեն նաեւ անոր ազնիւ դէմքն ու բարձր նկարագիրը»:

Այս հաստատումները ամբողջութեամբ կարելի է կատարել նաեւ Գրիգոր Շահինեանին:

* * *

Շահինեան մեռաւ ձմրան մէջ օր մը, քառասուն օր առաջ: Անձրեւ կար այդ օր: Հիմա, պայծառ գարուն մը կայ դուրսը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով ու լոյսով պարուրուած: Բայց աշուն է մեր ներսը եւ պաղ ու թուխպ ամպեր կը կուտակուին ատենէ մը ի վեր մեր կեանքի երկնակամարին վրայ:

Շահինեանի մահը քիչ մը աւելի կը զգացնէ տերեւաթափը այս երկարող աշնան մէջ:

Տերեւաթափը` մարդկային եւ հայկական արժէքներու:

Երէկ մենք չէինք հանդուրժեր միջակութիւնները, եւ հիմա միջակութիւններէ վար տրամադրութիւններն են, որ կ՛իշխեն մեր վրայ: Շահինեանի ուսուցիչներէն` Կարօ Սասունի, ժամանակակիցներու վկայութեամբ, կ՛ըսէր. «Ճճիները կ՛ապրին ճահիճներու մէջ»:

Բայց ո՞վ պիտի փոխարինէ Շահինեանները: Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ վերջ մը դնել հետզհետէ աւելի բոպիկցող եւ տափակութեան գացող այս երկար աշնան:

Այսօր, այս յուշահանդէսին, Շահինեանի մահը կը յուշէ մեզի այս տերեւաթափը: Վաղը կ՛անցնինք մեր առօրեայ սովորամոլական կեանքին եւ կը մոռնանք ամէն բան:

Շահինեանի մահը կը թելադրէ մեզի երեք բան.

Առաջին. մարդ պատրաստել:
Երկրորդ. մարդ պատրաստել:
Երրորդ. մարդ պատրաստել:

 Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

(*) Խօսուած` մահուան յուշահանդէսին, 2009 մարտ

Share this Article
CATEGORIES