ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԵՐԲԵՒԻՑԷ ՎՃԱՐՈՒԱԾ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԳԻՆԸ` ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Փոլ Սեզանի «Թղթախաղ խաղցողները»:

ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ՍԿԻԶԲԸ Ի ՅԱՅՏ ԵԿԱՒ, ԹԷ ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 250 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ԳՆԱԾ Է ՍԵԶԱՆԻ «ԹՂԹԱԽԱՂ ԽԱՂՑՈՂՆԵՐԸ»: ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ԿՈՏՐԵԼՈՎ` ՔԱՐԻՒՂՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ԱՅՍ ՓՈՔՐ ԵՐԿԻՐԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀԵԱԼՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԻ ՄԸ: «ՎԵՆԸԹԻ ՖԵՐ» ԿԸ ՊԵՂԷ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՎԱՃԱՌՔԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԲՆՈՅԹԸ ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՅՍ ԵՐԿԻՐԸ ՆՄԱՆ ԳՈՒՄԱՐ ՄԸ ՇՌԱՅԼԵԼՈՎ` ՃԻԳ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ԹԱՓԷ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ:

Մէկ հարուածով կնքուած համաձայնութիւնը կը հաստատէ երբեւիցէ արուեստի գործի մը համար վճարուած բարձրագոյն գինը, եւ արդի արուեստի շուկան կ՛առաջնորդէ դէպի վիթխարի մագլցում մը:

Զարմանալի չէ, որ խելացնոր կը թուի այս գինը, որովհետեւ աւելի քան կրկնապատիկն է ցարդ աճուրդի մը ընթացքին արուեստի գործի մը համար արձանագրուած մրցանիշը: Իսկ վաճառուած գործը Վան Կոկի դիւցազներգական մէկ բնանկարը չէ, ոչ ալ` Վըրմիրի մէկ դիմանկարը, այլ` Էքս ան Փրովանսէն թղթախաղ խաղցող երկու գեղջուկներու անկիւնաւոր եւ տրտում մէկ պատկերումը: Սակայն 250 միլիոն վճարելով` Քաթար կը տիրանայ ոչ միայն յետտպաւորապաշտ գլուխ գործոցի մը, այլ նաեւ կը շահի առանձնաշնորհեալներու խումբի մը մաս կազմելու առաւելութիւնը: Գոյութիւն ունին միայն հինգ «Թղթախաղ խաղցողներ»: Մնացեալ չորսը մաս կը կազմեն աշխարհահռչակ հաւաքածոներու եւ կը ցուցադրուին Միւզէ տ՛Օրսէյի, Արուեստի Մեթրոփոլիթըն թանգարանի, Արուեստի Քորթոլտ հիմնարկի եւ Պարնզ հիմնադրամի պատկերասրահներուն մէջ: Իսկ երկրի մը համար, որ սկսած է կառուցել թանգարանային կայսրութիւն մը, նման գործի մը սեփականութիւնը կ՛ապահովէ անմիջական վարկ:

Արդեօք 20-րդ դարու ծնունդին ստեղծուած այս գեղանկարը կ՛արժէ՞ այսքան: Սեզան ներշնչման աղբիւրն էր խորանարդապաշտութեան (քիւպիզմ) եւ կը կրէր նախանշանները վերացապաշտ արուեստին: Փիքասօ զայն կը կոչէր «բոլորիս հայրը»: Սակայն «250 միլիոն տոլարը ամբողջ հարստութիւն մըն է», կը նշէ Վիքթոր Վինըր. գեղեցիկ արուեստներու արժէքը գնահատող մասնագէտ մը, որ 2006-ին Լոնտոնի մէջ գործող Լլոյտ՛ծ ապահովագրական ընկերութեան կողմէ հրաւիրուած էր իր գնահատումը կատարելու, երբ բախտախաղի կեդրոններու մեծահարուստ սեփականատէր Սթիւ Ուայն արկածով մը իր արմուկով պատռած էր Փիքասօ մը: «Սակայն, եթէ հետեւիս արուեստի պատմութեան որեւէ դասընթացքի, շատ հաւանաբար հոն կը հանդիպիս «Թղթախաղ խաղցողներ»-ուն: Անիկա հիմնական, շատ հիմնական պատկեր մըն է,- կ՛աւելցնէ ան:- Ամիսներէ ի վեր տարաձայնութիւններ կային այն մասին, թէ գեղանկարը վաճառուած էր: Այժմ ամէն ոք այս գինը պիտի օգտագործէ իբրեւ ելակէտ. ասիկա կը շրջէ արուեստի շուկային ամբողջ կառոյցը»:

Սեզանի գեղանկարին վաճառքը իրականութեան մէջ տեղի ունեցաւ 2011-ին: Անոր գաղտնի վաճառքին համաձայնութեան մանրամասնութիւնները նոր է, որ ի յայտ կու գան, մինչ հաւաքածոյ պահողներէ եւ արուեստի վաճառականներէ բաղկացած ազդեցիկ անձնաւորութիւններու փաղանգ մը կ՛ուղղուի Քաթար` ներկայ ըլլալու համար ճափոնցի արուեստագէտ Թաքաշի Մուրաքամիի նուիրուած եւ լաւագոյն վաճառք արձանագրած ցուցահանդէսի մը, որ վերջերս տեղի ունեցած էր Վերսայի պալատին մէջ: Արաբական թերակղզիին մէջ տեղադրուած այս հողաշերտը նոր հանգրուան մըն է` դէպի արուեստի աշխարհի կեդրոնները առաջնորդող շրջապտոյտներու քարտէսներուն վրայ: Ներկայիս հոն կը ցուցադրուի Ռիչըրտ Սերրայի 25 մ բարձրութեամբ մէկ քանդակը եւ տեղի կ՛ունենայ Լուիզ Պուրժուայի քանդակներուն նուիրուած ցուցահանդէս մը (անոր պրոնզէ սարդը կը սողայ Տոհայի Համագումարներու կեդրոնին վրայ): Մարտին Քաթար պիտի հիւրընկալէ Արուեստի համաշխարհային համախմբումը` ներգրաւելով արուեստագէտներ, արուեստի գործերու ցուցադրութեան մասնագէտներ եւ հովանաւորներ` աշխարհի տարբեր թանգարաններէն:

ՄԷԿ ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԻ ԵՐԿԻՐԸ

Քաթար եւ անոր մայրաքաղաքը` Տոհա սոսկ սեփական օդանաւերով շրջող մեծահարուստներու մեկնակէտը չեն: Երկիրը նաեւ մտաւորական եւ լրատուական ծաղկուն կեդրոն մըն է: Հոն կը գտնուին «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին կեդրոնական գրասենեակները, Ճորճթաունի, Թեքսաս Էյ. էնտ Էմ.ի եւ Նորթուեսթըրնի համալսարաններուն Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերը: Երկիրը նաեւ լծուած է իրականացնելու մշակութային վիթխարի նպատակներու շարք մը. ամէնէն փառատենչ ծրագիրներէն մէկը, որ երբեւիցէ իրագործուած է այն ժամանակներէն ի վեր, երբ դար մը առաջ Ամերիկայի գող-աւազակ պարոնները եւ կայսրութիւն կերտողները հիմնեցին մեծ թիւով փառահեղ հաստատութիւններ:

Քաթար մեծ ծրագիրները կ՛իրականացնէ փառաշուք կերպով: 2008-ին, երբ երկիրը բացումը կատարեց Իսլամական արուեստի թանգարանին, կրաքարէ շինուած վիթխարի կառոյց մը եւ գործը` աշխարհահռչակ չինացի ճարտարապետ Ի. Մ. Փէյի, աշխարհի մեծագոյն թանգարաններէն պաշտօնական հիւրեր հոն փոխադրուեցան հաւաքածոներու մաս կազմող թանկարժէք նաւերով: Աւելի ուշ Ռոպըրթ տը Նիրօ բացօթեայ ոլորապտոյտ վերելակով մը ծովուն տակէն բարձրացաւ մակերես` յայտարարելու համար բացումը իր գլխաւորած Թրիպեքայի փառատօնին Տոհայի տարբերակին:

Քաթար 2010-ին բացումը կատարեց իր Արդի արուեստի արաբական թանգարանին եւ Քաթարի Ազգային թանգարանին, որ այժմ փակուած է` վերանորոգուելու համար գերաստեղութիւն մը կերտած ճարտարապետ Ժան Նուվելի կողմէ եւ պիտի վերաբացուի 2014-ին: Հաւանաբար Սեզանի գեղանկարը ի վերջոյ կրնայ ցուցադրուիլ այստեղ, կողքին ունենալով Ռոթքոյէն, Ուորհոլէն եւ Հիրսթէն հռչակաւոր քանի մը գործեր, զորս քաթարցիք մեծ խանդավառութեամբ կը գնեն վերջին տարիներուն:

Սակայն Քաթարի իշխանական ընտանիքը չի խօսիր իր կատարած գնումներուն մասին: Իսկ աճուրդի վաճառատուներու, պաշտօնական պատասխանատուներու եւ արուեստի վաճառականներու սեղմ շրջանակները, որոնք կ՛առնչուին այս ընտանիքին հետ, կը ստորագրեն խորհրդապահութեան համաձայնագիրներ: Այսուհանդերձ բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաստատեն «Թղթախաղ խաղցողները» գնելու համար Քաթարի կոտրած մրցանիշը:

ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Քաթար ինչպէ՞ս տիրացաւ Սեզանի գեղանկարին: Տարիներ շարունակ նաւաշինութեան ընկերութեան մը մեծահարուստ յոյն սեփականատէրը` Ճորճ Էմպիրիքոս զայն կը պահէր գանձի մը պէս եւ հազուադէպօրէն փոխ կու տար զայն: Ան «հաճելի» կը գտնէր ցուցադրութեան պարբերական առաջարկները, սակայն անոնք «չէին տպաւորեր զինք», ինչպէս կ՛ըսէ արուեստի վաճառական մը: Այս պատճառով անոր գինը արուեստի շուկային մէջ յարաճուն վերելք արձանագրած է վերջին տասնամեակներուն: Քանի մը տարի առաջ անիկա «Արթնիուզ» թերթին մէջ մաս կը կազմէր աշխարհի առաջնակարգ արուեստի գործերուն, որոնք տակաւին մաս կը կազմեն սեփական հաւաքածոներու:

Էմպիրիքոս 2011-ի ձմրան իր մահէն կարճ ժամանակ մը առաջ սկսաւ բանակցիլ Սեզանի գեղանկարին վաճառքին շուրջ: Այնուհետեւ բանակցութիւնները շարունակուեցան անոր ստացուածքը տնօրինող պատասխանատուներուն կողմէ: Արուեստի երկու վաճառականներ` Ուիլիըմ Աքուաւելլա եւ ուրիշ մը, որ կ՛ենթադրուի, թէ Լերի Կակոսեանն է, մինչեւ 220 միլիոն տոլար առաջարկած են գեղանկարին համար, ինչպէս կ՛ըսեն վաճառքին հետ առնչուած անձեր: Սակայն Քաթարի իշխանական ընտանիքը առանց սակարկելու` առաջարկած է շատ աւելի բարձր գին մը, այսինքն` 250 միլիոն տոլար (ճշգրիտ գինի մը վիճարկութիւնները կը վերաբերին վաճառքին օրերուն դրամանիշներու փոխանակման սակերուն կամ կը ծաւալին, երբ վիճողները թանկարժէք Սեզան մը ունին իրենց հաւաքածոյին մէջ: Որոշ գնահատումներու համաձայն, Քաթարի վճարած գինը կը հասնի 300 միլիոն տոլարի):

Քաթարի ախորժակը շատ աւելի սուր էր: Մինչ տեղի կ՛ունենար գեղանկարին վաճառքը, անդին` Արուեստի Մեթրոփոլիթըն թանգարանը բացումը կը կատարէր ամբողջութեամբ նոր բաժանմունքի մը` նուիրուած «Թղթախաղ խաղցողները» գեղանկարներու շարքին, ուրկէ ակնյայտ կերպով բացակայ էր Էմպիրիքոսի գեղանկարը: Կ՛ենթադրուի, թէ այս գեղանկարը շարքին վերջինն էր, գծուած` 1895-ին, «ամէնէն մռայլ, ամէնէն պարզացուած եւ ամէնէն հիմնական» տարբերակը, ինչպէս զայն կը նկարագրէ Մեթրոփոլիթըն թանգարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին պատասխանատուն, որ այժմ կը գլխաւորէ Հուսթընի Գեղեցիկ արուեստներու թանգարանը:

Քաթարի իշխանական ընտանիքին անդամները կը գործեն արուեստի երեք վաճառատուներէ բաղկացած Ճի. Փի. Էս.  ընկերութեան հետ, որոնք կեդրոններ ունին Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մէջ եւ ծանօթ են իրեն գաղտնապահութեամբ: Ընկերութեան տնօրէններէն մէկն է գեղանկարիչ Քամիլ Փիսարոյի թոռը` Լիոնել Փիսարօ եւ վաճառական Ֆիլիփփէ Սեկալօ, որ գաղտնաբար բազմաթիւ գործեր վաճառած է միլիառատէր Ֆրանսուա Փինոյի: Քրիսթի՛զ աճուրդի վաճառատան Տպաւորապաշտ եւ արդի արուեստի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն Կայ Պենեթեւս իր դերը ունեցած է մրցանիշ մը հաստատող վաճառքին մէջ (Քրիսթի՛զի կապերը շատ հին են Էմպիրիքոս ընտանիքին հետ, որ կը մասնակցի Անգլիոյ մէջ աճուրդի այս վաճառատան կազմակերպած տարեկան ձիարշաւներուն):

Ցարդ աճուրդի ընթացքին գեղանկարի մը համար ամէնէն աւելի բարձր վճարուած գինը 106 միլիոն տոլար էր. անցեալ տարի Քրիսթի՛զի վաճառատան մէջ այս գինը վճարուեցաւ Փիքասոյի սիրուհիին` Մարի Թերեզի կլորութիւններով յատկանշուած մէկ դիմանկարին համար: Աճուրդէ դուրս` Փիքասոյէն, Փոլաքէն, Քլիմթէն եւ Տը Քունինկէն գործեր անձնական համաձայնութիւններով վաճառուած են 125 միլիոն տոլարէն 150 միլիոն տոլարի, ձեռքէ ձեռք անցնելով Ռոնալտ Լոտըրի, Ուայննի եւ Տէյվիտ Կեֆենի նման մեծահարուստներու միջեւ: Սակայն ոչ մէկ գին մօտեցած էր Սեզանի նոր մրցանիշին: Քաթար նաեւ կը գնէ 20-րդ դարու արուեստի գործեր. «Տի Արթ Նիւզփէյփըր», որ ամենայն բծախնդրութեամբ, խանդավառութեամբ եւ ժամանակագրական հետեւողականութեամբ կը տեղեկագրէ արուեստի գործեր գնելու Քաթարի մարմաջը, այս տարուան սկիզբը երկիրը հռչակեց ժամանակակից գործերու աշխարհի մեծագոյն գնորդը:

Դրամը առատ է հոն. Արաբական Էմիրութիւններու այս շրջանը (որ կ՛ընդգրկէ Տուպայը, Պահրէյնն ու Ապու Տապին) ունի աշխարհի քարիւղի պահեստներուն 10 առ հարիւրը, շուրջ 4 միլիոն բնակչութիւն, եւ մինչեւ վերջերս աշխարհի մէջ ամէնէն աւելի աշխուժ շինարարական ծրագիրներու իրագործման վայրն էր: Քաթարի դրացի եւ մրցակից Ապու Տապին, որ սկսած էր նման արշաւի մը եւ կանգ առած էր, այժմ վերսկսած է իրականացնել իր փառատենչ ծրագիրները` կառուցելով Լուվրի եւ Կուկենհայմի թանգարաններուն մասնաճիւղերը` իր Սաատիաթ կղզիին վրայ:

Անշուշտ շրջանին մէջ արուեստի այս շողշողափայլ տարածումը տեղի կ՛ունենայ Արաբական Գարունի յեղափոխութիւններուն առընթեր, սակայն այս մէկը չէ կասեցուցած ցուցական խաղերը, որոնք հռչակի, զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու եւ անմահութեան խաղեր են: Գնորդները վարժ են հոլիվուտեան ոճով շռայլութեան: Քաթարի իշխանին 28 տարեկան աղջիկը` շէյխա Մայասա պընթ Համատ պըն Խալիֆա Թհանի այժմ կը գլխաւորէ Քաթարի Թանգարաններու իշխանութիւնը: Սակայն ան իր առաջին պաշտօնը վարած է իբրեւ օժանդակ` Նիւ Եորքի Թրիպեքայի շարժապատկերի փառատօնին կազմակերպական աշխատանքներուն (ժամանակին ան խնդալով կը հպարտանար, թէ իր գործը նախաճաշի յատուկ խմորեղէն տանիլ էր Ճէյն Ռոզընթալի): Փետրուարի սկիզբը շէյխա Մայասա կը հիւրընկալէր Մուրաքամիի ցուցահանդէսին բացումը:

Քաթար արուեստի աշխարհին մէջ հզօր ուժ մը սկսաւ դառնալ շուրջ 10 տարի առաջ, երբ Քաթարի իշխանին մէկ զարմիկը` մշակոյթի նախարար շէյխ Սէուտ Թհանի նախաձեռնեց արուեստի գործերու համար մեծ ծախսեր կատարելու աննախընթաց  արշաւի մը: Այս արշաւը լաւ աւարտ չունեցաւ. ան 2005-ին ձերբակալուեցաւ հանրային գումարներու սխալ տնօրինումի ամբաստանութեամբ, թէեւ հետագային ազատ արձակուեցաւ: Այժմ անոր մէկ զարմիկը` Սէուտ ալ Սէուտ իշխանը կը շարունակէ գնել արուեստի գործեր:

Արդեօք գնումի այս շուայտութիւնը վերջ պիտի գտնէ՞: Յայտնապէս` ոչ: Քաթար այս տարի գնեց յատկանշական այլ հարստութիւն մը. անիկա վարձեց Քրիսթի՛զի ընդհանուր ներկայացուցիչ Էտուըրտ Տոլմանը` իբրեւ Թանգարաններու իշխանութեան գործադիր տնօրէն:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES