ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՏԻՐԷ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանեան բանակը կը հսկէ Պապ Թըպպանէն եւ Ժապալ Մըհսենի իրարու միացնող փողոցները:

Պայմաններու բերումով, Լիբանանը եւ լիբանանցին վարժ եղած են բախումներու, պատերազմներու եւ ապակայունութեան ընդհանուր մթնոլորտին, սակայն բնական է նաեւ, որ անոնք պիտի չմերժեն հանդարտութիւնը, խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, որ տարիներէ ի վեր առկայ է երկրին մէջ:

Հակառակ ապահովական այս կայունութեան, սակայն, լիբանանցին ներքուստ կը գիտակցի կամ հոգեպէս պատրաստ կը մնայ ապահովական որեւէ տեսակի խախտումի, որովհետեւ երկրին բնոյթը այդպէս է:

Ապակայունութեան շրջագիծին մէջ վերջերս հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած բախումները մտահոգեցին լիբանանցիները` նկատի ունենալով Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուող զինեալ բախումներուն ստացած լուրջ տարողութիւնը:

Ներկայիս Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, սակայն կան ցուցանիշներ, որ մօտիկ անցեալին զոյգ շրջաններուն մէջ ապահովական խախտումներ արձանագրուած են: Այդ երեւոյթներուն մաս կը կազմեն վերոնշեալ շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակին հսկողութիւնն ու Ժապալ Մըհսենի ու «Սուրիա» պողոտային մուտքին բանակի անցարգելներու զետեղումը, հսկելու համար ալեւի եւ սիւննի թաղամասերը իրարմէ բաժնող խաչմերուկներուն անդորրը:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ շաբաթէ մը ի վեր արդէն իսկ վաճառատուները բաց են եւ մարդիկ իրենց սովորական առօրեայով կ՛ապրին` շնչելով ապահովական զգուշաւոր հանդարտութիւնը:

Պապ Թըպպանէ ամայացած վիճակի մէջ:

Նոյն շրջաններուն բնակիչներուն վկայութիւններուն համաձայն, կարելի կ՛ըլլայ եզրակացնել, որ իրենք վարժ են այդ բախումներուն եւ արձանագրուող ապահովական խախտումներուն, որմէ ետք անոնք շուտով կ՛ընտելանան տիրող կացութեան` հակառակ այն իրողութեան, որ տուեալ շրջաններուն բնակչութեան մօտ մնայուն կերպով Պապ Թըպպանէն եւ Ժապալ Մըհսենը անիծելու պատրաստակամութիւնը կայ:

Զոյգ շրջաններուն ապահովութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնուի նաեւ շրջանին մէջ տիրող զինեալ երեւոյթներով, ինչպէս նաեւ` գրեթէ բոլոր փողոցներուն անկիւնները գտնուող երիտասարդներուն հսկողութեամբ:

Այս փողոցներուն հսկող երիտասարդները կը հաստատեն, որ իրենք կազմ ու պատրաստ  կը հսկեն Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի թաղամասերուն մէջ զինեալ բախումներուն վերսկսումին: Անոնց մեծ մասը կը հաստատէ, որ հակառակ իրենց համեստ պայմաններուն, իրենք իրենց ինչքերէն մաս մը վաճառած են` զէնք ապահովելու եւ ինքնապաշտպանութեան դիմելու նպատակով:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ շրջողը պահ մը կը զգայ, թէ կը գտնուի ապահովական գօտիի մը մէջ, ուր մարդիկ խաղաղութիւն չեն գիտեր եւ ապակայուն կացութեան հետ կը վարուին իբրեւ սովորական երեւոյթ:

Փողոցներուն մէջ տիրական են զինեալ երեւոյթները:

Պապ Թըպպանէի մէջ մարդիկ կ՛ապրին փամփուշտներ ու նռնականետներու հրթիռներ ստացած եւ անոնց հետքերը կրող շէնքերու եւ կառոյցներու մէջ, որոնք նաեւ կիսաքանդ են: Շրջանին մէջ կը տիրէ նաեւ ահաւոր աղքատութիւն: Սիւննիական շրջան մը ըլլալով` Պապ Թըպպանէի բնակիչները իրենց տուներուն մէջ զետեղած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ շէյխ Ատնան Աարուի լուսանկարներն ու որմնանկարները, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդին զօրակցողէ լոզունգներ: Անոնք Պապ Թըպպանէն կը նկատեն «Պապ էլ Հարա» սուրիական ֆիլմաշարին կրկնօրինակը, նկատել տալով, որ հոն կը տիրեն այն պայմանները` ինչ որ դրսեւորուած է սուրիական այդ ֆիլմաշարով:

Պապ Թըպպանէի բնակչութիւնը կը հաստատէ, որ իրենց առօրեան կը դժուարանայ բախումներուն ընթացքին, աւելցնելով, թէ հակառակ անոր որ քաղաքական որոշ ուժեր իրենց սննդեղէն կը տրամադրեն, սակայն աղքատութիւնը կը մնայ տիրական ներկայութիւն:

Ժապալ Մըհսենի մէջ ընկերային առումով կացութիւնը շատ տարբեր չէ:

Նոյն տեսակի շէնքեր, վախցած ու մտահոգ բնակիչներ, որոնք իրենց ձեռքերը սրտին` կը սպասեն զինեալ բախումներուն բռնկումին եւ կազմ ու պատրաստ են լքելու իրենց բնակարանները եւ մեկնելու համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի երիտասարդներուն առօրեայէն:

Ժապալ Մըհսենի մէջ ալեւի պատասխանատուներ կը հաստատեն, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի դէմ սադրանքներ կը նախապատրաստուին` ապահովելու համար Լիբանանի թշնամիներուն շահերը:

Այս շրջանին մէջ, սակայն, տիրական են Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Ալի Իտի լուսանկարները, եւ բնակիչները հաւատարմութիւն կը յայտնեն սուրիական վարչակարգին ու իշխող վարչակազմին` զայն նկատելով արաբականութեան եւ Դիմադրութեան իսկական պաշտպանը:

Զոյգ շրջաններուն մէջ ընկերային պայմաններն ու թաքուն լարուածութիւնը նոյնը կը մնան, զինեալներուն պատրաստ վիճակը առկայ է, իսկ բոլորին մօտ քաղաքական խօսակցութիւնը կը մնայ տիրական եւ կը բորբոքեցնէ վէրքեր` երկու շրջանները դարձնելով որեւէ ատեն բռնկելու պատրաստ վառելանիւթի տակառներու:

Միւս կողմէ, Թրիփոլիի քաղաքական շրջանակներ հաստատեցին, որ իսլամական շրջանակներուն միջեւ մթնոլորտը խիստ լարուած է: Անոնք աւելցուցին, որ նոյնիսկ լիբանանեան պատերազմի օրերուն Թրիփոլիի կացութիւնը այդքան լարուած չէ եղած:

«Հակառակ լիբանանեան բանակին միջամտութեան եւ անոր կողմէ որդեգրուած ապահովական շարք մը միջոցառումներուն` իսլամական շրջանակներուն մէջ գրգռութիւնը կը մնայ ի զօրու, առաջին հերթին նկատի ունենալով Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները, որոնք մտահոգութիւն կը պատճառեն շրջանին բնակչութեան», նշեցին իսլամական աղբիւրներ:

«Ժումհուրիա» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ` կը հաստատէ, որ իսլամական սալաֆական շարժումները այս հանգրուանին յաւելեալ զայրոյթի մէջ կը գտնուին, բանակին կողմէ Հիւսէյն ընտանիքէն կրօնաւոր մը` շէյխ մը ձերբակալելուն պատճառով:

Թէեւ աւելի ուշ շէյխ Ահմետ Հիւսէյն ազատ արձակուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ջանքերով, սակայն բանակին դէմ լարուածութիւնն ու խիստ կեցուածքը կը մնան առկայ:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բնակչութիւնը զինեալ հսկողութիւն կը կատարէ զոյգ շրջաններուն մէջ:

Յստակ է սակայն, որ նման հոսանքներ այս հանգրուանին կը գիտակցին, թէ փողոց իջնելու պարագային զիրենք պաշտպանող քաղաքական իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր կողմեր պիտի չըլլան, այդ պատճառով ալ անոնք աւելի զուսպ կը գտնուին:

Այնուամենայնիւ ծայրայեղ իսլամական շարժումներու անդամներ կը շարունակեն օգտագործել նռնականետներ եւ զանազան տեսակի գնդացիրներ, որոնք կը խանգարեն Թրիփոլիի կայունութիւնը եւ կը զգուշացնեն շրջանին մէջ իրենց հաշուոյն կատարուելիք քաղաքական հաւանական համաձայնութենէ մը:

Քաղաքական վերլուծաբաններու համաձայն, Թրիփոլիի մէջ օգտագործուած նռնականետները, ձեռնառումբերն ու զէնքերը չեն անպայման, որոնք մթնոլորտը կ՛ելեկտրականացնեն, ընդհակառա՛կն, հիւսիսային Լիբանանը ուղղակիօրէն կ՛ազդուի Սուրիոյ իրադարձութիւններէն, եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն հիմնական դրդապատճառը կարելի է նկատել Հոմսի մէջ տիրող իրավիճակը:

Այս ծիրին մէջ Իսլամական բարեսիրական ծրագիրներու կազմակերպութիւնը, որ նաեւ ծանօթ է իբրեւ Ահպաշ, եւ որ Սուրիոյ վարչակազմին զօրակից կը նկատուի, Մոհամետ մարգարէի ծննդեան առիթով նստացոյց մը կազմակերպեց Թրիփոլիի մէջ: Այս ցոյցը սրեց Թրիփոլիի քաղաքացիներուն միջեւ լարուածութիւնը եւ պատճառ դարձաւ, որ Սուրիոյ զօրակից իսլամական շարժումներուն նկատմամբ ատելութիւնը աւելի եւս խորանայ:

Սուրիոյ զօրակից իսլամական խմբաւորումներն ու միութիւնները, որոնք կը գտնուին հիւսիսային Լիբանանի մէջ քաղաքական կամ ընկերային հովանաւորութենէ զուրկ են եւ երբեմն անոնք կը զգան, որ իրենք սուղ կը վճարեն Դամասկոսի զօրակիցները ըլլալնուն համար:

Հետեւաբար Սուրիոյ մէջ տիրող անորոշ եւ հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը եւս զանոնք կը մղէ վերատեսութեան ենթարկելու իրենց կեցուածքը` յատկապէս նկատի ունենալով սուրիական վարչակարգը տապալելու առումով միջազգային սպառնալիքները:

Թրիփոլիի պարագային հիմնական մտահոգութիւն կը նկատուի նաեւ ալեւիներուն ճակատագիրը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ալեւիները կեդրոնացած են Թրիփոլիի մէջ եւ անկարելի է, որ անոնց գոյութիւնը վտանգուի` սուրիական վարչակարգին տապալելու պարագային:

Ալեւի համայնքի պատասխանատուներուն համաձայն, հարկ է քաղաքական որոշում մը տալ` երաշխաւորելու համար իրենց ապահովութիւնը եւ անվտանգութիւնը, այլապէս կացութիւնը պիտի բարդանայ:

Ալեւի պատասխանատուները դիտել տուին, որ անկարելի է ալեւի համայնքը Թրիփոլիէն անջատել` նկատի ունենալով հիւսիսային Լիբանանի մէջ անոր աշխուժ դերակատարութիւնը, որ սկսած է անցեալին, առկայ է ներկայիս եւ պիտի շարունակուի նաեւ ապագային:

Իսլամական խմբաւորումներու պատասխանատուներուն աղբիւրները շեշտեցին նաեւ, որ բանակը ներկայիս իր հակակշիռին տակ առած է կացութիւնը, սակայն այդ դասաւորումը անբաւարար է, նկատի ունենալով, որ շրջանին դիմագրաւած հիմնական հարցը տակաւին չէ լուծուած: Իսկ Թրիփոլիի հիմնական հարցին լուծումը կարելի կ՛ըլլայ ապահովել այդ շրջանը ապազինելով, այլապէս Թրիփոլին կը մնայ պայթումի ատակ բերրի հող, որ կը սնանի հիմնական ազդակներէ, ինչպէս` ատելութիւն, զայրոյթ, վրէժխնդրութիւն, զինում եւ ֆինանսաւորում:

Նշենք, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ նախքան Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն բռնկիլը` արաբական երկրի մը գաղտնի սպասարկութեան պետի օգնական սպայ մը գաղտնօրէն այցելած է Թրիփոլի` առանց Լիբանանի մէջ իր երկրին դեսպանատունը իր այցելութեան մասին տեղեակ պահելու:

Նոյն տեղեկութիւններուն համաձայն, այս սպան Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ ունեցած է ապահովական եւ քաղաքական  երեք առանձին հանդիպումներ` Թրիփոլիի պատասխանատու անձնաւորութիւններու եւ հոգեւորականներու հետ:

Գաղտնի սպասարկութեան արաբ պատասխանատուն դրամ եւ գումակային օժանդակութիւն խոստացած է այն կողմերուն, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն անմիջապէս գործակցելու իր պետութեան հետ:

Անշուշտ այս անձնաւորութեան ինքնութիւնը եւ անոր ներկայացուցած պետութիւնը տակաւին կը մնան գաղտնի եւ չեն բացայայտուիր, յատկապէս` տեղեկատուական մարզին կողմէ:

 Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՆԱՀԱՐ» եւ «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»)

 

Share this Article
CATEGORIES