ՔՐԵՄԼԻՆ ՀԱՄԱԽՈՀԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ՁԵՒԱՒՈՐԷ

«Իզվեսթիա» օրաթերթը, վկայակոչելով ռուսական Տումայի Սփրավետլիվայա Ռոսիա խմբակցութեան անանուն մէկ անդամը, կը հաղորդէ, որ Քրեմլին ապագայ կառավարութեան կազմին վերաբերեալ խորհրդարանական կուսակցութիւններուն հետ նախնական խորհրդակցութիւններ կը կատարէ: Վերջերս Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի աշխատակազմը նշեալ անանուն աղբիւրի կուսակցութենէն խնդրած է քատրային առաջարկներ ներկայացնել:

«Մենք, ի հարկէ, այդքան ալ չենք հաւատար, որ մեր բոլոր առաջարկները իրականութիւն պիտի դառնան, եւ մեր առաջարկած մարդուժի անդամները պիտի դառնան կառավարութեան ներկայացուցիչներ, սակայն նախարարներու առաջին օգնականներու պաշտօններուն կարելի է լիովին հաւատալ», ըսած է աղբիւրը:

Օրաթերթը նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութենէն աղբիւրներ հաստատած են Քրեմլինի հետ բանակցութիւններու մասին տեղեկութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES