ԼԱԹՎԻԱՑԻ ՔՈՒԷԱՐԿՈՂՆԵՐԸ ՄԵՐԺԵՑԻՆ ՌՈՒՍԵՐԷՆԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԵԶՈՒ ՀՌՉԱԿԵԼԸ

Լաթվիոյ մէջ ռուսերէնի պետական երկրորդ լեզու հռչակման շուրջ հանրաքուէին մասնակից լաթվիացի քուէարկողներուն 80 առ հարիւրը մերժեցին այդ գաղափարը:

Հանրաքուէին, որ կազմակերպուած էր Լաթվիոյ մէջ ապրող ռուսերուն կողմէ, մասնակցեցան աւելի քան մէկ միլիոն մարդ կամ քուէարկողներուն 70 առ հարիւրը: Վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը ցուցանիշ մըն է բուռն զգացումին լաթվիացիներուն, որոնք կ՛ուզեն իրենք զիրենք մշակութային գետնի վրայ հեռու պահել իրենց խորհրդային նախկին տիրակալներէն:

Լաթվիացի շարք մը քաղաքական գործիչներ նշած են, որ այս քայլով իրենք իրենց դիրքորոշումը կ՛արտայայտեն լաթվիերէնին նկատմամբ, որ երկրին անկախութեան խորհրդանիշն է:

«Ամէն ինչ Լաթվիոյ համար» կուսակցութեան ղեկավար Ռայվիս Զինթերս յայտնեց, որ «Լաթվիան չի կրնար ռուսերէնը ճանչնալ իբրեւ պետական լեզու, որովհետեւ այդ քայլով մենք կ՛ոչնչացնենք առանց ատոր արդէն իսկ վտանգի տակ գտնուող լաթվիերէնը»:

Քիչ չեն նաեւ այն քաղաքական գործիչները, որոնք համոզուած են, որ այս հարցը պէտք է երկար տարիներ կողք-կողքի ապրող երկու ժողովուրդներուն միջեւ խնդիրներ յառաջացնէ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES