«ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՐԱՆԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՊԻՏԻ ՏԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԶՕՐ. ԿԱՆՑ

Զօր. Պենի Կանց

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի առաջին եւ երկրորդ կայաններուն հետ անջատ հարցազրոյցներու ընթացքին նշեց, որ «Իսրայէլ իրանեան թղթածրարին շուրջ իր որոշումը առանձին պիտի տայ` նկատի ունենալով միջազգային միջոցառումներն ու ինքնին իրանեան վարմունքը»:

Ան յայտնեց, որ «պէտք է Իրանի հարցով բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ պահել»: Սակայն ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ Մարթին Տեմփսի «Սի. Էն. Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Իրանին զինուորական հարուած հասցնելը «կանխահաս» է` ընդգծելով, որ «տնտեսական պատժամիջոցները եւ միջազգային պատժամիջոցներու շուրջ համագործակցութիւնը սկսած է իր պտուղները տալ»:

«Նոյնիսկ եթէ Արեւմուտքը զինուորական ընտրանքը որդեգրէ, անիկա պէտք է աւելի լաւ պատրաստ ըլլայ: Այդ հարցը առայժմ հիմնականին մէջ կը պահանջէ պաշտպանողական գետնի վրայ պատրաստ ըլլալ», ընդգծեց Տեմփսի: Ան յայտնեց, որ իրանեան վարչակարգը «ողջամիտ է, եւ այդ պատճառով կը կարծենք, որ մինչեւ հիմա ընտրած մեր ուղին ամէնէն զգուշն է»: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհրդատու Թամ Հոնտիլըն երէկ երեկոյեան Երուսաղէմի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Իրանի եւ Սուրիոյ վերաբերող, ինչպէս նաեւ շրջանային ապահովական այլ հարցեր:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ «Պի. Պի. Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին իր կարգին Իսրայէլը զգուշացուց Իրանի դէմ զինուորական գործողութեան մը հետեւանքներէն եւ նշեց, որ այդպիսի քայլ մը «իմաստուն» չէ: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է պատժամիջոցներուն եւ բանակցութեանց «իսկական առիթ մը» ընծայել:

Հէյկ նաեւ զգուշացուց, որ հիւլէական Իրանի մը գոյութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ նոր պաղ պատերազմի մը պիտի առաջնորդէ:

Միւս կողմէ, Իրան երէկ կանխելով իրանեան քարիւղ ներածելու դէմ Եւրոպական Միութեան որոշումին յուլիսին նախատեսուած գործադրութիւնը, իրանեան քարիւղի դէպի Բրիտանիա եւ Ֆրանսա արտածումը արգիլեց: Նշենք, որ իրանեան քարիւղը Եւրոպական Միութեան ներածած քարիւղի ծաւալին 18 առ հարիւրը կը կազմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES