«ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՆԻՒԹՈՒԱԾ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԶԱՅՆ ՄԱՍՆԱՏԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Չայ Ժունի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ նիւթուած դաւադրութեան հիմնական նպատակը «զայն մասնատելը, անոր աշխարհաքաղաքական դիրքին վնաս հասցնելն ու շրջանին մէջ անոր պատմական դերակատարութիւնը հարուածելն է»:

Ան նշեց, որ ինք կը գնահատէ Չինաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան Սուրիոյ նկատմամբ ցուցաբերած կեցուածքները` վստահեցնելով, որ «Սուրիա կը շարունակէ յստակ ծրագիրի մը եւ ճշդուած ժամկէտերու հիմամբ քաղաքական բարեփոխման հոլովոյթը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին կոչ ուղղեց` մարդասիրական կացութեան գնահատման համար մասնագէտներ Սուրիա ուղարկելու: Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութիւնը առարկայական գնահատումի կը կարօտի, եւ թերեւս ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պէտք է այդտեղ մասնագէտներ ուղարկելու հարցը սերտէ»:

Եգիպտոս Դամասկոսի մէջ իր դեսպան Շաուքի Իսմայիլը կիրակի առաւօտ եւ անյայտ ժամանակով տուն կանչեց: «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիա հակադարձելով այդ քայլին Գահիրէի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է:

Իրաքի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վերահսկողութիւնը ամրապնդելու համար «պէտք եղած միջոցառումները» որդեգրած է` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան «դէպքեր եւ խռովարարութիւններ», որոնց ընթացքին ներթափանցումի եւ «մասնաւորաբար զէնքերու» մաքսանենգման գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան: Նշենք, որ «Սի. Այ. Էյ.»-ի տնօրէն Ճէյմս Քլափըր Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի զինեալ ուժերու հարցով յանձնախումբին առջեւ լսումներու ընթացքին ուրբաթ օր յայտարարած էր, որ կը թուի, թէ Իրաքի մէջ Քայիտայի թեւն է, որ վերջին ամիսներուն Դամասկոսը եւ Հալէպը ցնցած ականահարումները կատարած է: Ան մտավախութիւն յայտնած էր, որ Քայիտայի անդամներ սուրիական ընդդիմութեան պառակտուած վիճակին պատճառով վերջինիս շարքերուն մէջ ներթափանցած ըլլան:

Միւս կողմէ, Իրան շաբաթ օր յայտարարեց, որ իր ծովուժին պատկանող շարք մը մարտանաւեր Սուէզի ջրանցքէն անցնելով մուտք գործած են Միջերկրական ծով: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, իրանեան մարտանաւերը Սուրիոյ ափեր կ՛ուղղուին: Իսկ ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը Փենթակոնի մէջ պաշտօնատարներ վկայակոչելով յայտնեց, որ ամերիկեան շարք մը անօդաչու թռչող սարքեր Սուրիոյ վերեւ թռիչքներ կը կատարեն եւ «ընդդիմադիր ուժերու եւ քաղաքայիններու դէմ սուրիական ուժերու յարձակումներուն կը հետեւին»: Պաշտօնատարները ընդգծած են, որ այդ թռիչքները Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական միջամտութիւն մը պատրաստելու համար չեն, այլ` Օպամայի վարչակազմը կ՛ուզէ սուրիական կառավարութեան շարժումներուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքել, որպէսզի հետագային այդ տեղեկութիւնները կարենայ Դամասկոսի վարչակարգին դէմ համապարփակ միջազգային շարժումի մը համար օգտագործել:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած են Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի 49 անդամներ, որոնցմէ 7-ն խոստովանած են, որ Թել Աւիւի մէջ Մոսատի կողմէ «ահաբեկչական գործողութիւններ գործադրելու» համար յատուկ մարզումի ենթարկուած են: ՄԻԹ-ի ձերբակալեալ անդամները խոստովանած են, որ Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող կարգ մը խմբաւորումներու հետ կապեր ունին եւ Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ Մոսատի գործունէութեան մասին խիստ գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած են:

Անոնք յայտնած են, որ Մոսատի կողմէ մարզուած գաղտնի սպասարկական խումբ մը մուտք գործած է Սուրիա եւ կը ղեկավարէ Սուրիական ազատ բանակը: ՄԻԹ-էն ձերբակալուած անդամները նաեւ նշած են, որ Մոսատ ահաբեկումներու մասնագէտ խմբակ մը յորդանանեան գաղտնի սպասարկութեան հետ համակարգաբար Յորդանան ուղարկած է Լիպիայէն Քայիտայի անդամներ մարզելու եւ կառավարական ուժերուն դէմ կռուելու, որոշ ահաբեկումներ կատարելու եւ սուրիական քաղաքներու մէջ որոշ վայրեր ականահարելու նպատակով զանոնք Սուրիա ուղարկելու համար:

«Ֆարս» կը նշէ, որ Դամասկոս մերժած է ՄԻԹ-ի անդամները ազատ արձակելու համար Անգարայի պատուիրակին հետ բանակցիլ եւ զանոնք ազատ արձակելու համար պայման դրած է Թուրքիա ապաստանած դասալիք սուրիացի զինուորականներն ու Սուրիական ազատ բանակի անդամները յանձնել, Սուրիոյ մէջ զինեալները չզինել, զինեալներու Սուրիա ներթափանցումը արգիլել եւ Իրանը դարձնել երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեանց հովանաւորը: Իրանեան լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ «Արեւմուտքը եւ կարգ մը արաբական երկիրներ թրքական կառավարութեան արգիլած են այս պայմանները ընդունիլ»:

Share this Article
CATEGORIES