ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԸ ԵՒ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԸ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի փոխադրամիջոցներու նախարար Թիերի Մարիանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի քաղաքական հարցերով խորհրդական Տամիեն Լորասի շաբաթ օր Ազրպէյճան այցելելով հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Նախարար Մարիանի Ալիեւին յանձնած է Սարքոզիի ուղերձը եւ յոյս յայտնած, որ Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը հետագային եւս զարգացում ապրի::

Share this Article
CATEGORIES