ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ընդդիմադիր քաղաքական աղբիւրներէ, նշեց, որ յառաջիկայ 10-12 օրերուն ընթացքին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը պիտի հրապարակէ նոր ամբաստանութիւններ եւ նոր ամբաստանեալներու անուններ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս ընդգծեց, որ կառավարութենէն համախմբումի նախարարներուն հրաժարելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ «Պիել»-ի փառատօնը Սուրիոյ ներքին հարցերուն ուղղակի միջամուխ դառնալու սկզբնաքայլն էր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Անթուան Անտրաուոս կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` յանդգնութիւնը ունենալու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հարցնելու Իմատ Մուղնիէն սպաննողին ինքնութեան մասին: Ան շեշտեց, որ Հիթլերին ոճով իշխող սէյիտ Նասրալլա իր զէնքով պիտի տապալի եւ անոր պիտի հետեւին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ այն դաւադիրները, որոնց նպատակը եղած է Դիմադրութեան շրջափակումը, արդէն իսկ ձախողած են եւ իրենք իրենց ձեռքերով փորած իրենց գերեզմանները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելի Թրիփոլի կատարելիք այցելութիւնը առկախուեցաւ: Միւս կողմէ, Շարպել շեշտեց, որ իր մօտ կան տուեալներ, թէ կառավարութեան տագնապը մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ լուծել եւ վերադառնալ նիստերուն:

