ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՄԵՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՏՐԱՄԱԴՐԵՆՔ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի սուրիացի գաղթականներուն ընկերային բոլոր երաշխիքներն ու օժանդակութիւնները տրամադրելու գաղափարին, ինչ ալ ըլլայ անոնց թիւը:

Այս ծիրին մէջ Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ իրենք կը գտնուին սուրիական բանակին գործած սպանդներուն դէմ յանդիման` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի իր բնակարանը պէտք է տրամադրէ սուրիացի գաղթականներուն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES