ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՊԱՍ ԶԱՔԻՆ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ապպաս Զաքին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Զաքի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հոլովոյթը:
Զաքի ընդգծեց լիբանանեան գերիշխանութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ պաղեստինցի գաղթականներու հարցին արդար լուծումը անոնց տունդարձի իրաւունքը գործադրելով կարելի է իրականացնել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ փոխադրածախսերուն վերաբերող կառավարութեան որոշումը մինչեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պիտի ստորագրուի:
CATEGORIES Լիբանանեան


