ՀՄԸՄ ՌԱՈՒՏԱ. ԺՈԶԵՖ ՊԻԼԵԶԻԿՃԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շաբաթ, 18 փետրուար 2012-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը, որ կը կրէր ՀՄԸՄ-ական նահատակ Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանի անունը: Մրցաշարքին մասնակցեցան 1996-ի ծնունդ եւ վեր տասներկու մարզիկներ:
Հետաքրքրական մրցակցութենէ մը ետք աւարտական մրցումը իրարու դէմ հանեց Շանթ Քարատօղլեանն ու Յակոբ Անանեանը: Անիկա աւարտեցաւ ի նպաստ Շանթ Քարատօղլեանի, որ մրցումը աւարտեց 3-2 արդիւնքով: Երրորդ դիրքը գրաւեց Քեւըն Պաքքալեան:
Մրցաշարքի աւարտին Ռաուտայի մասնաճիւղի վարչութեան եղբայրները մետալներ բաժնեցին բոլոր մասնակցող մարզիկներուն: Առաջին դիրքը գրաւող Շանթ Քարատօղլեան ստացաւ նաեւ բաժակ մը` ձեռամբ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կիրակոս Գարակէօզեանի:
CATEGORIES Մարզական

