ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՄԷԿԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹՈՎ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՆ

Սկզբունքով երէկ` կիրակի, 19 փետրուարին տեղի ունենալիք Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով յետաձգուեցան կիրակի, 26 փետրուարին, դարձեալ նոյն վայրին մէջ` Արարատ Պէյրութի ակումբին մէջ (Հաճըն), կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ:

Ֆետերասիոնին այս ընտրութիւններուն յետաձգումը պատճառ դարձաւ, որ անոր նման շաբաթով մը յետաձգուի նաեւ կիրակի, 26 փետրուարին ՀՄԸՄ Պէյրութի մէջ (Զոքաք էլ Պլաթ) տեղի ունենալիք ճատրակի տարեկան մրցաշարքը:

Այժմ, անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 4 մարտին:

Անոր գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին յառաջիկային:

 

 

Share this Article
CATEGORIES