ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ – ԱԹԼԵԹԻՔՕ` 5-1
Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի 1995-1996-ի ծնունդ դասակարգի մրցումներուն, երէկ առաւօտեան Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Աթլեթիքօ մրցումը:
Հակառակ դաշտին պարզած ցեխոտ վիճակին, մրցումը կատարուեցաւ:
Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով. անոնք 5-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0) տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեցին: Յարութ Պայրագտարեան հեթրիք մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Խորէն Լուսարարեան եւ Յակոբ Նաճարեան:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` առաջինին յաղթելէ ետք Նըժմէի (1-0), իսկ երկրորդին պարտուելով Ահտէն (4-1):
CATEGORIES Մարզական

