ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՔԱՀՐԱՊԱ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 20 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Քահրապա առաջին մրցումը:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 22 փետրուարին` մրցակիցին դաշտին վրայ (ժամը 19:30-ին), իսկ երրորդը (եթէ պէտք ըլլայ), «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ուրբաթ, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Նշենք, որ երեք մրցումէն երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ կիսաւարտականի իր տոմսը:
ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ` 50-64
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 18 փետրուարին, հիւսիսի մէջ գտնուող «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 64-50 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 11-24, 4-12, 9-12 եւ 26-16:
Այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ դաշտ ներկայացան:

