50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԽՄԲԱԳ­ՐԱ­ԿԱՆ

ՀԱՅ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԸ ԵՒ ԿԻ­ԼԻԿ­ԵԱՆ
ԱԹՈ­ՌԻՆ ԴԵ­ՐԸ

Յա­ջոր­դա­բար եր­կու կի­րա­կի, 11 եւ 18 փետր­ուար, Պուրճ Հա­մու­տի հա­յու­թիւնը ապ­րե­ցաւ ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր: Խան­դա­վա­ռու­թեան եւ ցնծու­թեան ալիք­ներ ողո­ղե­ցին շրջա­նի հա­յու­թիւնը, որ ան­գամ մը եւս եկաւ փաս­տե­լու գե­րա­զան­ցօ­րէն հա­յե­ցի եւ աւան­դա­պահ իր նկա­րագիրը` փա­րած հո­գե­կան այն տան, որ մեր եկե­ղե­ցին է, ի սփիւռս աշ­խար­հի:

Նոր Մա­րա­շի Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց եկե­ղեցի­ին եւ Նոր Սի­սի Ս. Սար­գիս եկե­ղեցի­ին զոյգ տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ, Անդր-Նահ­րի հայու­թիւնը  ոչ միայն գիտ­ցաւ աներկ­բա­յօ­րէն հաս­տա­տել այս ճշմար­տու­թիւնը, այլ նա­եւ` ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս պատ­ուել Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղեց­ւոյ իշ­խան­նե­րը` յան­ձին Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ վե­հա­փառ գա­հա­կա­լին` Զա­րեհ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին, Լի­բա­նա­նի թե­մի առաջ­նորդ Խո­րէն արք. Բա­րոյ­եա­նի եւ Ճե­զի­րէի առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Տա­ճատ արք. Ուր­ֆալ­եա­նի:

Ով որ ակա­նա­տես եղաւ այս զոյգ տօ­նե­րուն առ­թիւ Պուրճ Հա­մու­տի հա­յու­թեան ցոյց տուած անն­կա­րագ­րե­լի խան­դա­վա­ռու­թեան,յատ­կա­պէս երի­տա­սար­դու­թեան շար­քե­րուն մէջ տի­րող ան­սահ­ման ոգե­ւո­րու­թեան, մե­զի հետ ան­գամ մը եւս կու գայ վկա­յե­լու, թէ որ­քա՜ն խոր ամ­րատ­ներ ձգած է Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղեցի­ին հան­դէպ, հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւատ­քը, ազա­տա­տենչ իր հոգի­ին մէջ:

Այս հաս­տա­տու­մը կա­տա­րեց մաս­նա­ւո­րա­բար Ինք Զա­րեհ Ա., որ հայ­րա­կան գուր­գու­րան­քով մը այ­ցե­լեց իր հօ­տին, իր զա­ւակ­նե­րուն, հա­ղորդ­ուե­ցաւ անոնց խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ հա­րա­զատ, տաք շուն­չով:

Նման տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, իրենց հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բնոյ­թով, այլ մա­նա­ւանդ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­կան ապ­րում­նե­րուն հա­րա­զատ ու ան­խար­դախ դրսե­ւո­րու­մով, կրկնա­կի ար­ժէք կը ստա­նան ոչ միայն եկե­ղե­ցա­կան, այլ նա­եւ ազ­գա­յին տե­սա­կէ­տէն:

Ինչ­պէս շեշ­տեց վե­հա­փա­ռը, Նոր Սի­սի թա­ղա­կա­նու­թեան կող­մէ ի պա­տիւ իրեն տրուած ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին, եկե­ղեց­ւոյ իշ­խան­նե­րուն եւ հօ­տին յա­ւել­եալ ուժ եւ կո­րով կու տան եկե­ղե­ցա­կան դա­սուն` Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան եւ ան­սա­սան պահ­պան­ման հա­մար իրենց անձն­ուէր ծա­ռա­յու­թեան մէջ:

Նոյն ատեն, պա­տե­հու­թիւն կու տան մե­զի` պար­բե­րա­բար անդ­րա­դառ­նա­լու այն դե­րին, որուն կոչ­ուած է Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Աթո­ռը, սփիւռ­քի հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րին մէջ:

Կի­լիկ­իոյ Աթո­ռը եւ անոր գա­հա­կա­լը իրենց այս դե­րը կրնան լիու­լի ար­ժեց­նել այն ատեն միայն, երբ կը վա­յե­լեն հա­յու­թեան լայն զանգ­ուած­նե­րու գուր­գու­րանքն ու ան­վե­րա­պահ օժան­դա­կու­թիւնը: Վեր­ջին եր­կու կի­րա­կի­նե­րու տօ­նախմ­բու­թեանց առ­թիւ ար­տա­յայտ­ուած ժո­ղովր­դա­յին զգա­ցում­նե­րը ոչ մէկ կաս­կած կը թո­ղուն այն մա­սին, թէ ժո­ղո­վուր­դը հո­գե­ւին փա­րած է իր եկե­ղեցի­ին, որուն մէջ իրա­ւամբ կը տես­նէ հա­յա­պահ­պան­ման պայ­քա­րի գլխա­ւոր կռուան­նե­րէն մէ­կը` դպրո­ցին հետ:

Որ­քան բար­գա­ւա­ճի եւ զօ­րա­նայ այդ կռուա­նը` Եկե­ղե­ցին, Սփիւռ­քի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր աչ­քե­րը յա­ռած են մե­զի, այն­քան աւե­լի ար­դիւ­նա­ւո­րա­պէս կրնայ կա­տա­րել իր դե­րը, որ նա­խախ­նա­մա­կան դար­ձած է:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը փաս­տով ցոյց տուաւ, թէ որ­քան գի­տա­կից է այդ դե­րին կա­րե­ւո­րու­թեան, երբ վեց տա­րի առաջ, այս օրե­րուն, Կի­լիկ­իոյ դա­րա­ւոր Աթո­ռին վրայ բարձ­րա­ցուց Բեր­իոյ թե­մի եր­բեմ­նի ար­ժա­նա­ւոր առաջ­նոր­դը, որ գիտ­ցաւ, ան­ցած վեց տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը դարձ­նել սփիւռ­քի հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը:

Նոյն այդ գի­տակ­ցու­թիւնն է, որ այ­սօր կը մղէ հա­յու­թիւնը` բո­լոր­ուե­լու իր կա­թո­ղի­կո­սին շուրջ, ի պայ­ծա­ռու­թիւն Հա­յաս­տան­եայց եկե­ղեց­ւոյ եւ բար­գա­ւա­ճում հայ ժո­ղո­վուր­դի:

Share this Article
CATEGORIES