ԼՕԽ-Ի «ԱՇԽԷՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմը:

Հայկական տօնական օրերը առիթներ կը ստեղծեն մեր միութենական կառոյցներուն` յիշելու մեր աւանդութիւնները, պահելու մեր հայկական ինքնութիւնը, դիմագիծը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը (Նոր Մարաշ), հաւատարիմ իր առաքելութեան, կազմակերպեց Բարեկենդանի հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ 7 փետրուար 2012-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ: Ներկայ եղան` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, մասնաճիւղի անդամուհիները եւ միութեան համակիր բարեկամուհիներ, Պուրճ Համուտի մէջ գործող ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Տիկնանց եւ Ազգային համանուն վարժարանի Ծնողական խորհուրդի անդամներ:

Հանդիսութեան բացման ունկնդրուեցաւ ԼՕԽ-ի քայլերգը, ապա մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, հակիրճ խօսքերով բացատրեց մասնաճիւղին գործունէութեան զանազան աշխատանքներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

Բացման խօսքէն ետք օրուան նպատակին մասին իր խօսքը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղի անդամուհի Շահանդուխտ, որ իր խօսքին հիմնական թեման յատկացուց մեր ազգային կեանքին մէջ նշմարուող անտարբերութեան, հայ դպրոցին, հայ գիրքին ու հայ մամուլին, հայկական աւանդութիւններուն երես դարձուցած հայ ընտանիքներուն, մեր երիտասարդներուն վերաբերումին: Ան շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Հայ գիրքի տարիին կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Շահանդուխտ անդրադարձաւ նաեւ բարեկենդանով սկսող Մեծ պահոց իմաստին ու խորհուրդին` շեշտելով հոգեմտաւոր պահեցողութեան կարեւորութիւնը հայ կեանքին մէջ: Աւանդութիւնը յարգենք ոչ միայն ճաշատեսակի, ուտելու պահեցողութեամբ, այլ մանաւանդ` մեր սիրտերը մաքուր պահելով, հաւատարիմ քրիստոնէական սկզբունքներուն եւ մեր հաւատամքին: Հաւատարիմ մնանք մեր ցեղային եւ ազգային աւանդութիւններուն, մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեան, սիրենք հայ դպրոցը, հայ եկեղեցին, չխոտորինք մեր պատմութեան բացած ճանապարհէն: Ապա ան արտասանեց «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքէն մէկ տուն` բացատրելով Ներսէս Շնորհալիին բանաստեղծութեան միտք բանին, անսայթաք մնալու կեանքի ընթացքին:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ունկնդրուեցաւ հայկական երաժշտութիւն երգ ու պարեղանակներ, որոնց կշռոյթով ներկաները կատարեցին հայկական շուրջպարներ: Ստեղծուեցաւ խանդավառութիւն: Ներկաներէն շնորհալի հայուհիներ մեներգներ կատարեցին: Մարալ Վարդապետեան արտասանեց Աւետիք Իսահակեանի «Մօր սիրտը», Համաստեղի «Մայր իմ անուշ» բանաստեղծութիւնները, եւ Բ. Եղիայեանի մօր նուիրուած մէկ երկը` իբրեւ նուէր ներկայ մայրերուն:

Յայտագիրը ճոխ էր, որ աւելի ոգեւորութիւն ստեղծեց ներկայացումովը հին օրերուն մեր հայրենի գաւառներուն մէջ Բարեկենդանի տօներու առնչուած, զոր պատրաստած էր Իսկուհի Գափլանեան: Այս առիթով յիշատակուեցաւ նաեւ Սուրբ Սարգիսի տօնը, մուսալեռցիներու աւանդութեան մաս կազմող քումպա անուշեղէնը, զոր պատրաստած էին մասնաճիւղի անդամուհիները: Օրուան ճաշին հետ, պատրաստուած ԼՕԽ-ի խոհանոցին մէջ, հրամցուեցաւ նաեւ համեղ քումպան: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտին մէջ ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ` յօգուտ միութեան ստանձնած պարտաւորութեան:

Share this Article
CATEGORIES