ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՏԱՐԲԵՐ ՕՐ»-Ը
Ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Կիսամեակի քննութիւնները ամբողջացած էին եւ աշակերտները առաւօտ կանուխ ուրախ-զուարթ դպրոց ներկայացած էին` առանց պայուսակի, դպրոցական «տարբեր օր» մը անցընելու դպրոցէն ներս:
Յայտագիրը սկսաւ Վարդանանց տօնակատարութեամբ, որ առաջինէն վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւններ, Վարդանանցի, բարեկենդանի երգեր եւ թատրոն: Անոնք լաւապէս պատրաստուած էին եւ շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուցին իրենց սորվածները:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Շնորհք աբղ. Աշըգեան, որ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտը ու շեշտեց, որ այսօր ալ Վարդանանց ճակատամարտ գոյութիւն ունի, եւ մենք մեր գիտելիքով, մարդուժով հայօրէն պէտք է ապրինք: Ան նաեւ բացատրեց Բարեկենդանի խորհուրդը եւ թելադրեց, որ պահեցողութեան մտածողութիւնը կեանքի պէտք է կոչենք,, թերեւս մեր կարգ մը սիրածներէն հրաժարելով եւ ուրիշներուն օգտակար ըլլալով:
Ազգային Աբգարեան վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիեմեզեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ Վարդանանց խորհուրդը ներշնչման աղբիւր եղած է դարեր շարունակ եւ մղիչ ուժ դարձած` արուեստագէտներու, ազատամարտիկներու: Հին պատմութիւն մը չէ Վարդանանցը, այլ պատգամ` նոյն հաւատարմութիւնը պահպանելու:
Վարդանանց տօնակատարութիւնը փակուեցաւ պահպանիչով:
Ատկէ ետք աշակերտները անցան դասարանները եւ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ պատրաստեցին անուշեղէններ, ապա ծպտուեցան` պատրաստուելու համար ցուցադրութիւն – մրցումին: Պէտք է ըսել, որ աշակերտները շատ գեղեցիկ ծպտուած էին եւ դժուար եղաւ ընտրել անոնցմէ միայն երեքը: Շատ հետաքրքրական էին Մեսրոպ Մաշտոցը, գիրքը, արուեստագէտը…
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ աշակերտները ճաշակեցին իրենց իսկ պատրաստած անուշները եւ աւանդական հատիկը:
Յայտագրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբը` աւելի եւս խանդավառելով աշակերտները, որոնք հաճելի պահեր անցուցին Թալինին հետ:
Ըստ սովորութեան, դպրոցի շրջափակէն ներս վառուեցաւ աւանդական խարոյկը` տօնելու Տեառնընդառաջ եւ մեծ խանդավառութեամբ պարելու անոր շուրջ:
«Տարբեր օր»ը վստահ իր թելադրականութեամբ հետաքրքրեց բոլոր աշակերտները:

