Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԸ ՄՆԱՆ ՔԱՋՆ ՎԱՐԴԱՆԻ ԿԱՆՉԻՆ

Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը չորեքշաբթի, 15 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն սկսեալ կոկիկ յայտագիրով մը նշեց Վարդանանց տօնը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Փերլա Գանթարճեան, որ համառօտ կերպով անդրադարձաւ Քաջն Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ իրենց ընկերակցիներուն կատարած քաջագործութեան, որուն շնորհիւ հայը ճակատաբաց կը նայի պատմութեան:

Բացման խօսքէն ետք մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնց մէջ երկու տղաք իրենց հագած զգեստներով մարմնաւորած էին Վարդան սպարապետն ու Ղեւոնդ Երէցը, կենդանի պատկերով եւ արտասանութեամբ ներկայացուցին վարդանաշունչ երգեր ու արտասանութիւններ:

10-րդ դասարանի աշակերտ Ճոնի Իսկենտերեան Վարդանի ճառը կարդաց` աշակերտութեան մէջ առթելով հայրենասիրութեան ապրումները եւ հայրենիքին ու կրօնին հանդէպ կառչածութեան զգացումները: Ան մէջբերեց Վարդանի այն կոչը, զոր ան ուղղեց իր բանակին` «Չնահանջել մահկանացու մարդու ահարկու սուրին առջեւ, որովհետեւ եթէ Տէրը յաղթութիւն ձգէ մեր ձեռքը, պիտի փշրենք անոնց զօրութիւնը, որպէսզի բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը»:

7-րդ դասարանի աշակերտուհի Անի Այրանեան ճկուն մատներով  դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի կտորներէն հատուած մը, որմէ ետք Ա. դասարանի աշակերտուհի Աքասիա Ազատեան իր մանկական, բայց շատ սահուն հնչիւներով ասմունքեց «Ձօն Վարդանի»  արտասանութիւնը

Ապա օրուան հանդիսավարուհի Փերլա Գանթարճեան աշակերտներուն ծանօթացուց օրուան պատգամախօսը` հայկական մամուլին ծառայող եւ «Արարատ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Ահարոն Շխըրտմեանը ու բեմ հրաւիրեց զայն: Ան ըսաւ, թէ «իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի զինք յատկանշող թուական մը, որ իր ազգային նկարագիրը կերտած կ՛ըլլայ: Իր պատմութեան մէջ ժողովուրդներ կ՛ունենան դէպք մը, որ բաւարար ըլլայ գիտակցելու այդ ժողովուրդներուն նկարագրին: Հայոց պարագային 4-րդ եւ 5-րդ դարերն են յատկանշականները, որոնց ընթացքին մեր ազգը ապրեցաւ նշանակալից դէպքեր, ինչպէս` քրիստոնէութեան ընդունումը, գիրերու գիւտը, մշակութային ոսկեդարը եւ Վարդանանց հերոսամարտը, որով ամրապնդեցինք մեր գոյութեան իրաւունքը: Այս չորս դէպքերը կ՛ուրուագծեն մեր ազգային նկարագիրը»:

Ապա Ա. Շխըրտմեան դիտել տուաւ, որ ամէն աշակերտ կ՛երազէ ըլլալ Վարդան մը, Շուշան մը եւ Ղեւոնդ մը, որովհետեւ հայ սերունդները դաստիարակուած են անոնց հայրենասիրական շունչով: Ան նաեւ անդրադարձ կատարեց` ըսելով, թէ` «5-րդ դարուն հայ ժողովուրդը միանալով եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին եւ բանակի սպարապետին հետ` միասնաբար մերժեցին ձուլուիլ օտար ազգերու իշխանութեան մէջ, գիտակցելով գացին պատերազմի դաշտ եւ անմահացան, որովհետեւ մահ ոչիմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Ա. Շխըրտմեան եզրափակեց` ըսելով. «Մեր ճակատամարտը չաւարտեցաւ, այդ միայն մէկ հանգրուան մըն էր մեր գոյատեւման պայքարին մէջ: Մենք չպարտուեցանք, որովհետեւ հետագային հսկայական կայսրութիւններ գիտակցեցան, որ չեն կրնար մեզ կրօնափոխ ընել փորձել, եւ այս պատճառով մեր ժողովուրդը արժանի է յիշատակութեան ու ամէն յարգանքի»:

Պատգամախօսը կոչ ուղղեց աշակերտներուն ուխտել վերանորոգել Վարդաններու հայրենասիրութիւնը, նուիրումը եւ հաւատքը, որովհետեւ հաւատքը մեզ տարաւ մեծամեծ նուաճումներու, հաւատքով ձեռք բերինք Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնը, եւ հաւատքով է, որ պիտի շարունակենք պահանջատէր դառնալ մեր պապենական հողերուն ու մեր նախահայրերուն թափած ծով արեան իրաւունքին: Ան խրախուսեց աշակերտները` «Երդնուլ ծառայել հայրենիքին, եկեղեցիին, դպրոցին ու մշակոյթին, որովհետեւ այն ատեն պիտի ըլլանք Վարդանի իսկական ժառանգորդները»:

6-րդ դասարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան «Գողթնի քնարք» եւ «Հայ ապրինք եղբարք» երգերով, որոնցմէ ետք 6-րդ դասարանի աշակերտները ասմունքեցին բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի «Վարդանանց խորհուրդը» քերթուածը:

Հուսկ, բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ` «այսօրուան մեր հոս հաւաքուած ըլլալը, հայ կրթօճախի ներքոյ, հայերէն խօսիլը, հայոց պատմութիւնը գիտնալը ապացոյց է, որ մենք «արժանաւոր ժառանգորդներն ենք Մամիկոնեաններու վեհ տոհմին»: Ան կոչ ուղղեց նաեւ, որ` «հայկական վարժարաններուն մէջ ստացուած ազգային ու քրիստոնէական ոգին փոխանցենք սերունդէ սերունդ»: Տնօրէնը խնդրեց հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանէն, որ օրհնութեամբ փակէ յայտագիրը: Հայր Կռանեան հայ աշակերտին պարտականութիւնը նկատեց` «Մնալ հայ, քրիստոնեայ հաւատացեալ եւ կառչած` մեր ունեցած արժէքներուն»: Այս մաղթանքէն ետք ան աղօթքով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES