ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ ՆՇԵՑԻՆ ԿՐԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

Երկար տարիներու ընթացքին Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին մէջ աւանդութիւն դարձած է Տեառընդառաջին կրակ վառելը, որ տեղի ունեցաւ վարժարանիս շրջափակին մէջ, երկուշաբթի, 13 փետրուար 2012-ին:

Օրուան պատգամը հաղորդական ձեւով փոխանցեց եւ հրավառութիւնը կատարեց նախկին խանամիրեանական Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, որ մեծ սիրով ընդառաջեց վարժարանիս հրաւէրին` նկատի ունենալով, որ ան այդ նոյն շարջափակին մէջ օր մը աշակերտ եղած էր: Ան իր խօսքին մէջ նշեց հայկական ազգային տօներու ոգեկոչման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց հայ աշակերտներուն ընդմիշտ տէր կանգնելու անոնց: Հայր սուրբը նշեց նաեւ կարգ մը սովորութիւններ, որոնք դարերու ընթացքին առնչուած են այս տօնին:

Հայր սուրբին խօսքէն ետք աշակերտները, դասարան առ դասարան, երգեցին եւ արտասանեցին ընդհանրապէս «Վարդանանց» տօնին նուիրուած երգեր եւ բանաստեղծութիւններ` ի մտի ունենալով, որ երեք օր ետք արդէն Վարդանանց տօնն է, ինչպէս նաեւ Զ. կարգի աշակերտները կրակին առջեւ աղօթեցին «Խոստովանանք»-ը, որ խորապէս յուզեց ներկաները:

Ըստ ընդունուած աւանդութեան, աշակերտները երեք անգամ իրենց դասատուներուն ընկերակցութեամբ դարձան խարոյկին շուրջ, ապա վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին, որ ընդառաջեց վարժարանի հրաւէրին եւ յանձն առաւ յատկանշական այս տօնը նշելու Ս. Խանամիրեան քոլեճի աշակերտներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES