ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ` ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳ. ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 10 փետրուարին, կէսօրէ ետք, Սուրէն Խանամիրեան Ազգ. վարժարանին մէջ կը տիրէր ուրախ մթնոլորտ: Մանկապարտէզի եւ Ա. – Ե. կարգերու աշակերտները Բարեկենդանի տօնին առիթով ծպտուած եկան դպրոց: Անոնք կերան, խմեցին, պարեցին, ուսուցիչներու կողմէ պատրաստուած տարբեր խաղերով զուարճացան եւ շատ ուրախ ժամանակ անցուցին: Խրախճանքի աւարտին ընտրուեցան իւրաքանչիւր բաժինէ (մանկապարտէզ, տարրական եւ նախակրթարան) երեք լաւագոյն ծպտուած աշակերտները, ինչպէս նաեւ` բացառիկ ծպտուած աշակերտը:
Նոյն օրը, իրիկունը, Զ.- Թ. կարգերու աշակերտները ունեցան երեկոյեան խրախճանք մը` ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն: Անոնք ալ ծպտուած ներկայացան: Թ. կարգի աշակերտները պատրաստած էին կենդանի պատկեր մը Բարեկենդանի առիթով` ներկայացնելով հայկական Բարեկենդանի աւանդոյթները: Ուսուցիչները նաեւ պատրաստած էին տարբեր խաղեր: Խրախճանքի աւարտին ընտրուեցան երկու լաւագոյն ծպտուած աշակերտները: Անոնք անցուցին հաճելի երեկոյ մը:

