ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ (ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՎՐԱՅՈՎ) ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆ

«Թագաւորութեանդ շռայլելով տիտղոսներ, որոնց արժանի չէ, կը նմանիս կատուի մը, որ կը հպարտանայ առիւծին սխրանքները պատմելով»

Ապուլպաքա Ռանտի

Պրն. Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լաւագոյնս կը պատշաճի արաբական ժողովրդային առածը` «Ան, որ կը մերկանայ, կը մսի»:  Բայց անոր քաղաքականութիւններուն հետեւողը կը նկատէ, որ Էրտողան այդ սխալը գործած է իր ուսուցիչին` Նեճմէտտին Էրպաքանի օրերուն: Արդարեւ, Էրպաքան իր խորաթափանց վերլուծումով եւ ամուր իսլամական աշխարհահայեացքով անդրադարձած էր, որ Թուրքիոյ ապագան կ՛երաշխաւորուի շրջադարձ մը կատարելով դէպի Արեւելք եւ վերջ դնելով Արեւմուտքին քննելու քաղաքականութեան, որովհետեւ Արեւմուտքը Թուրքիան կ՛ընդունի միայն իբրեւ ՕԹԱՆ-ի առաջին հարուածը կրող «պահակ»: «Պահակ» կ՛ըսենք, որովհետեւ մասնագէտ զինուորականներ եւ ռազմագէտներ կը հաստատեն, որ թրքական բանակին ունեցած զէնքերու որակը չի համապատասխաներ իր վիթխարի թիւին (Ուխտի երկրորդ մեծագոյն բանակը) կամ թուղթի վրայ անոր վստահուած դերին. ասկէ անոնք կը հետեւցնեն, որ թրքական բանակը պատրաստուած է կրելու առաջին հարուածը, կամ առաւելագոյնը` խանգարելու եւ ուշացնելու թշնամիին յառաջախաղացքը: Այս տեսակէտը կը հաստատուի, երբ բաղդատութեան դրուին թրքական բանակին մատչելի զինուորական արհեստագիտութեան մակարդակն ու ՕԹԱՆ-ի Եւրոպայի անդամներու, կամ թշնամի սիոնական գոյացութիւն ունեցած արդիական զէնքերը:

Էրպաքան

Վերադառնալով «ուսուցիչ» Էրպաքանի` ան շատոնց բացայայտած էր իր «աշակերտ»-ին էութիւնը եւ 2007-ին Էրտողանը նկարագրած էր որպէս «ձախող աշակերտ մը, որ դպրոցի ետեւի դռնէն փախուստ տուաւ» («Շարք Աուսաթ» օրաթերթ, թիւ 1055):

Այն, ինչ որ Էրպաքան «Փախուստ» անուանեց, իրականութեան մէջ յեղաշրջում մըն էր, զոր իր աշակերտը կատարեց իր կուսակցութեան` իսլամական «Ռեֆահ»-ին (բարօրութեան) դէմ: Բայց մենք հիմա պատմութիւնը, նոյնիսկ մօտիկ անցեալը պեղելու համար չէ, որ կը գրենք հոս: Այդ պատմութենէն մեզ կը շահագրգռէ այն փաստը, թէ Էրտողան առաջին օրէն համոզուած էր, որ իր արդարութեան եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ապագայ պիտի չունենայ առանց ամերիկեան շահերուն հետ զուգորդումի: Հանրայայտ այս հարցին լուծման հոգեւոր հայրն էր Էրտողանի «Բարեկամը»` Անգարայի մէջ «Սի. Այ. Էյ.»-ի գրասենեակի տնօրէն Կրահամ Ֆուլըր: Այս վերջինին տեսութեան առաջարկն էր «Վերջ դնել քեմալականութեան եւ նեցուկ կանգնիլ չափաւորական իսլամներուն, անոնց միջոցով տարածելու ազատ շուկաներու գաղափարախօսութիւնները եւ անոնց բնօրինակը ընդհանրացնելու Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի բոլոր երկիրներուն մէջ»:

Բայց Էրտողան լաւ չկարդաց աշխարհագրութեան դասն ու անոր ընձեռած հնարաւորութիւններուն սահմանները, ոչ ալ ուշի ուշով հետեւեցաւ ժամանակի բերած փոփոխութիւններուն եւ նոր իրադրութիւններուն:

Այնպէս որ, Էրտողանի թուեցաւ, թէ ինք կրնայ վերականգնել Պապը Ալիի անցած-գացած պատմութիւնը:

Էրտողան սկիզբը աւելի իրապաշտ էր, երբ իր հորիզոնը սահմանափակեց տնտեսական համակարգերով, շահերու եւ դիրքերու փոխանակման փոխադարձաբար շահաւէտ շրջագիծի մը մէջ: Այս ծիրին մէջ ստորագրուեցան շարք մը համաձայնութիւններ եւ կատարուեցան նախաձեռնութիւններ (Սուրիոյ հետ ազատ առեւտուրի համաձայնութիւն, Սուրիոյ ներքին ազատ շուկաներուն մէջ ներդրումներ, Իրանի հետ միացեալ ազատ շուկայ, որուն հետ առեւտրական փոխանակումները հասան մրցանշային գումարի` 30 միլիառ ամ. տոլարի կը ծրագրուէր այս համակարգին մէջ ներառել Ազրպէյճանը, որպէս նախաքայլ` անոր միացնելու նաեւ Ռուսիան. այս շարքին վրայ հարկ է աւելցնել Ռուսիոյ հետ համատեղ գործառնութիւնները` բնական կազը «Կապոյտ հոսանք» կոչուած խողովակաշարով ուղարկելու հիւսիսային  Եւրոպա, իսկ «Հարաւային հոսանք»-ով Սեւ ծովու թրքական կողմէն նոյն ուժանիւթը ուղարկելու հարաւային Եւրոպա):

Իրականութիւնն այն է, որ այս ուղղութեամբ Էրտողանի կատարած աշխատանքը պարզ գործադրութիւնն էր Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի մշակած փաստաթուղթի տնտեսական գլուխին. «Կարմիր գիրք» կամ «Գաղտնի սահմանադրութիւն» կոչուած այդ փաստաթուղթին մէջ աննախընթաց մանրամասնութեամբ բացատրուեցաւ «Ազգային տնտեսական անվտանգութեան երաշխաւորման հայեցակարգ»-ը, որուն հիմնական առանցքներէն մէկը կը նկատուի Թուրքիան վերածել ուժանիւթերու տարանցման եւ ամբարման միջազգային կեդրոնի:

Հարկ է նշել, որ նոյն փաստաթուղթը, տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական նպատակներու եւ միջոցներու ճարտար յարադրութեամբ, Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Յունաստանի անունները ջնջած էր «Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան սպառնալիք նկատուող երկիրներ» ու ցանկէն:

Արդ, եթէ նկատի ունենանք, որ այդ փաստաթուղթի վերջին տարբերակը հրապարակուած է 28 դեկտեմբեր 2010-ին եւ վերատեսութեան կ՛ենթարկուի հինգ տարին անգամ մը, այլ խօսքով` կը ճշդէ հինգ տարուան քաղաքականութիւն, յատուկ կը դառնայ առաջին պատճառը, թէ ինչո՞ւ թրքական բանակն ու ապահովական կառոյցները կը գանգատին Էրտողանի փաստաթուղթին դէմ յեղաշրջումէն: Երկրորդ պատճառը հաւանաբար այդ յեղաշրջումի գործադրութեան հետեւանքներու գծով յիշեալ կառոյցներու նախատեսութիւններն են:

Էրտողան Ասատի եւ Ահմատինեժատի հետ

Փաստօրէն Էրտողան շօշափելի ձեռքբերումներն ու նուաճումները փոխանակեց ամերիկացիներու կողմէ իրեն ծախուած օդացոլութեամբ: Այսպէս, ան միացաւ խաղի մը` ստանալով խոստումներ, թէ արաբական կողմեր կը ծրագրեն տակնուվրայ ընել Սուրիոյ դրութիւնը` արծաթէ ամանի մը վրայ Թուրքիոյ հրամցնելով այդ երկրին վրայ ազդեցութեան գօտի ստեղծելու առիթը: Այս խոստումները սանձազերծեցին Էրտողանի երեւակայութիւնը, եւ ան սկսաւ երազել, որ պիտի դառնայ օսմանցի սուլթաններու արդի տարբերակը: Կասկած չկայ, որ Էրտողան եւ Կիւլ համոզուած էին, որ Թունուզէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Սուրիա երկարող աշխարհագրական աղեղը իր ազդեցութեամբ Ծոցի երկիրներն ալ պիտի ներգրաւէ նորօսմանականութեան վերարկուին տակ` հաշուի առած Թուրքիոյ ռազմավարական կշիռը, որ կ՛ամրապնդուի իր ջրային հարստութեամբ, զոր կրնայ ծարաւ Ծոցին եւ Սուրիոյ վաճառել իր հարաւային շրջաններուն մէջ կառուցուած ջրամբարներէն:

Կիւլ եւ Էրտողան համոզուեցան, որ եթէ Ամերիկա որդեգրէ այս երազը, անիկա պիտի վերածուի յաջողութեան մեծ առիթ ունեցող ծրագիրի: Անոնց փորձագէտներն ու խորհրդականները անոնց հաւաստեցին, որ Ռուսիա մինչեւ վերջ պիտի չկանգնի Սուրիոյ կողքին եւ պիտի գոհանայ Թուրքիոյ հետ ուժանիւթային համաձայնութիւններու դրախտային բարիքներով:

Անոնք իրենց միտքէն չանցուցին, որ Ռուսիա հատավաճառով չի զբաղիր, եւ Սուրիան զոհաբերելը ոմանց կարծածին պէս «տաք ջուրերուն» վրայ ռուսական վերջին խարիսխի հաշուեյարդարը չէ միայն, այլ նաեւ համազօր է քանդելու հիմը այն մեծ պարիսպին, որ կը  կասեցնէ ամերիկացիներու դէպի արեւելք յառաջխաղացքը. այդ պարիսպը կը սկսի Միջերկրականի արեւելեան ափէն, եւ կը հասնի մինչեւ իրան: Ասիկա նաեւ Չինաստանի` գլխաւոր մտահոգութիւնն է: Նոյն թրքական քաղաքականութիւնը այնքան սպառնական թուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան անվտանգութեան, որ Թեհրան Թուրքիոյ հետ իր տնտեսական մեծ շահերը անտեսելով` յստակ պատգամներ ուղղեց Անգարայի, թէ անվարան պիտի հարուածէ զայն, եթէ անիկա հարուածէ Սուրիան:

եւ Օպամայի կողքին

Միւս կողմէ, Էրտողանի եւ իր գործընկերներուն միտքէն չանցաւ, որ իր ընկերոջ` Ֆուլըրի երազը, որ ամերիկեան հովանաւորութեամբ իսլամական հոսանքներ տիրեն ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի, ասիկա կարմիր գիծ է թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Չինաստանի ազգային անվտանգութեանց դիտանկիւնէն: Երկու երկիրներուն բնակչութեանց երկրորդ մեծագոյն խմբակը իսլամներն են, որ երկուքն ալ զգուշ են այդ խմբակին մօտ կրօնականը ազգայինին գերադասող գաղափարախօսութիւններէն:

Այս բոլորին լոյսին տակ հասկնալի կը դառնայ, թէ որքա՛ն հեռատես էր Էրպաքան, երբ «ձախող աշակերտ» անուանեց Էրտողանը:

Միւս կողմէ, Կիւլ կ՛ըսէ, որ` «Սուրիացիները չեն համարձակիր խաղալ քրտական խաղաքարտը»: Այս հաստատումը ճիշդ կրնայ ըլլալ այն էական պատճառին համար, որ այդ խաղաքարտը այս պայմաններուն մէջ Սուրիոյ համար «ռուսական ռուլեթ»-ի նման անապահով արդիւնքներով արկածախնդրութիւն է: Բայց այդ խաղաքարտը նոյնքան անապահով չէ ռուսերուն համար, հակառակը, Ռուսիա կ՛աշխատի ձեռք ձգելու այդ խաղաքարտը, մանաւանդ այն ատենէն, երբ Թուրքիա յամառօրէն պնդեց իր հողին վրայ հիւրընկալել ամերիկեան հրթիռային վահանը: Տեղեկութիւններ սպրդեցան Մոսկուայի եւ իրաքեան քրտական շրջաններու ղեկավարութեանց միջեւ լուսարձակներէ հեռու հաղորդակցութիւններու մասին, ուր առաջարկներ եղած են զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու Թուրքիոյ քիւրտերուն, որպէսզի անկախութիւն հռչակեն անոր հարաւ-արեւելքին մէջ. ասոր փոխարէն` կը պահանջուէր երաշխաւորել Իրանի եւ Սուրիոյ շահերը:

Թէեւ այս հաղորդակցութիւնները ցարդ չեն անցած «բազկերակներ շօշափել»-ու հանգրուանը, ուր մեծ պետութիւններ կը փորձեն իրենց բաժինը ապահովել մեծապետական խաղասեղանին վրայ, սակայն անոնք այնքան լուրջ էին, որ Իսրայէլի «աչքեր»ը աչալուրջ կը հետեւէին Իրպիլի մէջ այդ շփումներուն: Իսրայէլ հոն տեսաւ ռուսական միտքեր` ստեղծելու Նոր Միջին Արեւելք մը, որ ճիշդ հակապատկերն է Ուաշինկթընի ծրագրած Նոր Միջին Արեւելքին: Իսրայէլի համար մղձաւանջ մը չէ, որ Թուրքիա կրնայ «ձերբազատիլ իր աշխարհագրական բեռերէն», ինչպէս կ՛ըսէր թուրք լրագրող մը քրտաբնակ շրջաններուն մասին: Իսրայէլի համար մտահոգիչն այն է, որ եթէ Ռուսիա Թուրքիոյ քիւրտերուն տայ նոյնքան օժանդակութիւն, որքան Արեւմուտքը կու տայ Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբակներուն, ապա վերջին հաշուով Սուրիա կրնայ շահաւոր դուրս գալ:

Վերջին ամիսներուն Էրտողան փաստօրէն պարտուեցաւ եւ կորսնցուց ճակատամարտ մը, ուստի ետ ձայնը իջեցուց եւ գրեթէ լռեց: Անգարայի քաղաքական խոհանոցին մօտիկ լրագրող մը յայտնեց, թէ Էրտողանի խորհրդականները անոր խրատ տուած են «հաշտուելու, կամ առնուազն զինադադար մը գոյացնելու Ասատի հետ»: Ըստ նոյն աղբիւրին, Էրտողան Ասատի յղած է գաղտնի պատգամ մը` հաշտութիւն խնդրելով, բայց մնացած է անպատասխան. պատասխանը տուած են ռուսերը, թէ` «Ասատ հիմա զբաղած է թաղելով այն զինուորները, որոնք զոհ գացած են քո՛ւ զէնքերովդ սպառազինուած խմբակներու»:

Պատգամը յստակ է, եւ կը թուի, թէ Էրտողան եւ Տաւութօղլու լաւ հասկցան «ընդհարումի կանոններ»ը: Ան, որ «ընդհարումի կանոններ»ը գիտէ, նաեւ գիտէ այդ ընդհարումին վերջ դնելու կանոնները: Շատեր կը հաւատան, որ այդ հանգուցալուծումը կը սպասէ գարնան` Փութինի Քրեմլինին վերադարձին:

ԼՈՒ՛ԱՅ ԹՈՒՖԻՔ ՀԱՍԱՆ

Share this Article
CATEGORIES