ՄՈՒՊԱՐԱՔԷՆ ՏԱՐԻ ՄԸ ԵՏՔ. ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՎԱԽՆԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ

Տարի մը անցած է Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութենէն բռնի հեռացման, 25 յունուարին սկսած եւ 18 օր տեւած ապստամբութենէն ետք:

Բայց երկրին մէջ բազմաթիւ հասարակ մարդիկ  կը զգան, որ յեղափոխութիւնը իր նպատակները չէ նուաճած: Ոմանք կը խորհին, թէ իրենց կեանքը աւելի վատ է:

Պի. Պի. Սի.-ի Եոլանտ Քնել եւ Համանտա Ապու Քամմար Գահիրէի մէջ մարդոց հարցուցին անոնց տեսակէտները:

ԱՇՐԱՖ ՄՈՀԱՄԵՏ, ՃԱՄԲՈՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՏՆՕՐԷՆ

Աշրաֆ

Տարի մը առաջ ես կը կարծէի, թէ մենք ազատագրուած ենք խեղդող կապէն: Մենք բանտն էինք եւ դարպասները` բաց:

Ես միշտ հաւատացած էի, որ Մուպարաքը լաւ եւ վատ բաներ ըրած է երկրին համար, բայց յեղափոխութեան ընթացքին մենք տեսանք, որ ան պատասխանատու է փտածութեան մեծ մասին:

Մեզի համար անհրաժեշտ է փտած մարդիկը արդարութեան յանձնել:

Եգիպտոսի մէջ երկու մեծ փոփոխութիւն եղած է: Շատեր զգացին, որ յեղափոխութիւնը փոփոխութեան մեկնակէտին նման է: Անոնք պատրաստուեցան իրենք զիրենք զարգացնելու եւ բարեկարգելու, ինչպէս նաեւ` երկիրը վերակառուցելու:

Բայց նաեւ կան մարդիկ, որոնք այս նոր ազատութիւնը օգտագործեցին քրէական նպատակներով: Անոնք դրամ եւ ինքնաշարժներ կը գողնան:

Ոստիկանութիւնը ասիկա կ՛արտօնէ, որովհետեւ կ՛ուզէ, որ մենք անդրադառնանք, որ Մուպարաք կրնայ փտած ըլլալ, բայց ժողովուրդը անոր օրերուն աւելի ապահով էր:

ՍԱՆՏՐԱ ՀԱՆԻ, ԿԻԶԷԻ ԲՆԱԿԻՉ

Սանտրա

Անցեալ տարի եւս այնպէս զգացի, որ յեղափոխութիւնը յաղթանակած է, երբ Մուպարաք տապալեցաւ, բայց փաստացիօրէն նոյն վարչակարգը տակաւին ներկայ է, ուրեմն իրականութեան մէջ ոչինչ փոխուած է:

Կը կարծեմ, որ անապահովութեան վրայ կեդրոնացումը միայն մարտավարութիւն մըն է` վարչակարգին մնացորդացին կողմէ  կիրարկուած: Անոնք կ՛ուզեն, որ ամէն ոք սարսափի ոճիրներէն, որպէսզի այլեւս չբողոքենք:

Եգիպտոսի մէջ փոփոխութեան նախապատուութիւնը, առաջնահերթութիւնը ի՞նչ է: Երիտասարդութիւնը աշխատելու առիթ կ՛ուզէ: Նոյնիսկ երբ շատ խելացի ուսանողներ շրջանաւարտ կ՛ըլլան, շատ դժուար է անոնց համար աշխատանք գտնելը:

ԹԱՔՍԻԻ ՎԱՐՈՐԴ` ՄՈՀԱՄԵՏ ՇԵՐՊԻՆԻ

Շերպինի

Ես ուրախ էի, երբ Մուպարաք հրաժարական տուաւ, որովհետեւ Եգիպտոս կը գտնուէր «կենդանի մեռեալ» վիճակի մէջ: 30 տարիէ մենք բռնագրաւումի տակ էինք: Բայց յեղափոխութիւնը տակաւին չէ հասած իր նպատակին:

Ատոր համար չեմ կրնար ըսել, թէ Թահրիր հրապարակի ժողովուրդը բողոքելու իրաւունք չունի: Վստահաբար ունի: Տարի մը ետք երկիրը տակաւին անկայուն է: Յեղափոխութիւնը տակաւին իր նպատակին չէ հասած:

Նախկին նախարարները զօրակոչի կ՛ենթարկեն յանցագործներ, որպէսզի խնդիր հրահրեն: Կը թուի, թէ նոյնիսկ Փոր Սայիտի ֆութպոլի մրցումի վայրագութիւնը ծրագրուած էր: Այլապէս, յանցագործութիւնը քիչ մը աւելցած է եւ երկրի տնտեսութիւնը` սառած: Ասիկա՛ պէտք է ըլլայ նոր կառավարութեան նախապատուութիւնը, առաջնահերթութիւնը:

Եւ միայն երեւակայեցէք` մարդիկ չեն կրնար իրենց վարձքերը վճարել, ուրեմն ինչպէ՞ս կրնան վճարել բժիշկներուն կամ իրենց զաւակներուն կրթութեան համար:

Այլ բան մը. Եգիպտոսի մէջ այժմ ժողովուրդին հետ պէտք է արդարօրէն վարուին: Ես եգիպտացի քաղաքացի մըն եմ, դուք պէտք չէ առանց պատճառի զիս կանգնեցնէք եւ խուզարկէք:

ՀԱՆԻ, ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ

Հանի

Ես Մուպարաքի դէմ եմ, որովհետեւ ես կը հաւատամ, որ ան սպաննեց Եգիպտոսի ժողովուրդին հաւատարմութիւնը: Ան մեր արժէքները սպաննեց: Սակայն ես ցուցարար մը չէի:

Երբ Մուպարաք, մեկնեցաւ, ես շփոթած էի, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր: Այժմ, ամիսներ անցած են, եւ մենք երկրին համար տակաւին յստակ ուղղութիւն չունինք: Յստակ ղեկավարութիւն չկայ:

Քաղաքական կուսակցութիւնները միաձայն չեն խօսիր: Մենք չենք գիտեր, թէ «լուռ մեծամասնութիւնը» ի՞նչ կ՛ուզէ: Յուսամ` նախագահական ընտրութիւնը մեզի կ՛օգնէ որոշելու:

Եգիպտացիները բնոյթով, ըստ էութեան վայրագ մարդիկ չեն: Նոյնիսկ ամէնէն աղքատ շրջաններուն մէջ ես ոչ մէկ վախ ունիմ քովս կեցող անձէն: Բայց վերջերս, այո, ես քիչ մը մտահոգ եմ: Որոշ յանցագործներ առիթը կ՛օգտագործեն օրինազանցութիւններու համար:

Կը յուսամ, որ ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց ցոյցերը երբ վերջ գտնեն, ոստիկանութիւնը կը վերադառնայ եւ մենք ապահով կը զգանք:

ԱՍՄԱԱ ԵՒ ՍԱՀԱՐ, ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐ

Ասմաա եւ Սահար

Ասմաա. Շատ անկեղծ, ես երջանիկ կամ տխուր չէի, երբ Մուպարաք մեկնեցաւ: Ատիկա իմ վրաս բնաւ ազդեցութիւն չէ գործած:

Տակաւին մեծ չափերով փտածութիւն գոյութիւն ունի:

Իբրեւ համալսարանաւարտներ` մենք յուսախաբ եղած ենք: Մենք կը կարծենք, թէ մեզի հետ խաղ մը խաղցուած է: Մենք ոչ մէկ ապագայ կը տեսնենք:

Ես համալսարանին մէջ պատմութիւն ուսանեցայ: Իսկապէս ես որեւէ տեսակի յարմար աշխատանք կը փնտռէի: Այժմ հասած եմ կէտի մը, երբ այլեւս յուսահատած եմ եւ չեմ փնտռեր: Մենք տակաւին աւելի լաւ բարոյականութեան եւ բարքերու կարիքը ունինք: Ասիկա՛ է, որ Եգիպտոսը պիտի փոխէ:

Սահար. Մենք կը յուսայինք, որ հարցերը պիտի բարելաւուէին, բայց խնդիրը այն է, որ վերահսկողութիւնը քուլիսներու ետին նոյն մարդոց ձեռքն է: Անհրաժեշտ է, որ մենք ձերբազատինք դիւանակալութենէ եւ փտածութենէ: Ատիկա մեզ կը սպաննէ:

Շաբաթներէ ի վեր ես կը փորձեմ ինծի անհրաժեշտ որոշ թուղթեր դասաւորել եւ ստիպուած եմ մեծ գումար վճարելու: Ժամանակն է, որ նախկին վարչակարգէն ամէն ոք հեռանայ պաշտօնէն:

Տակաւին շատ դժուար է աշխատանք գտնելը: Երիտասարդներ աշխատանք չեն գտներ, ուրեմն կիներուն համար աւելի դժուար է: Ես վարչական աշխատանք կը փնտռեմ, սակայն գործատէրերը նախապատուութիւնը իրենց ազգականներուն կու տան:

Օրինակ, ես վկայուած եմ իբրեւ փաստաբան, բայց չեմ կրնար աշխատանք ստանալ Պետական խորհուրդին մէջ: Սակայն ես գիտեմ կին մը, որ հոն կ՛աշխատի առանց անհրաժեշտ, ճիշդ վկայականի:

Share this Article
CATEGORIES