ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ` ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ

Մարզադաշտը` վայրագութիւններէն ետք

Եգիպտոսի ֆութպոլի վատագոյն բախումներէն ետք, որոնց պատճառով աւելի քան 70 անձեր սպաննուեցան Փոր Սայիտի մէջ տեղի ունեցած մրցումին յաջորդած վայրագութեանց ընթացքին, մեղադրանքի մատը կ՛ուղղուի բազմաթիւ ուղղութիւններով:

Տասնեակներով անձերու մահուան եւ վիրաւորուելու պատճառը եղաւ` մրցումէն ետք դաշտ ներխուժումը տեղւոյն համակիրներուն, որոնց խումբը` «Մասրի», պարտութեան մատնած էր Եգիպտոսի ամէնէն յաջող ակումբը, Գահիրէի «Ահլի»-ն:

Բայց արդեօ՞ք համակիրները իրե՛նք պատճառ դարձան  բախումներուն, հրահրումի դաւ մը կա՞ր, ոստիկանութեան կողմէ դիտաւորեալ անփութիւն կա՞ր: Կամ` ամբողջ հարցը ֆութպոլի ամբոխին վայրագութիւնը սխալ ձեւով զսպելու ոստիկանութեան քայլին ու անոր թերի պատրաստուածութիւնն էր:

Ասոնք այժմ քաղաքականապէս բեռցուած, լիցքաւորուած հարցումներ են:

Իշխող զինուորական խորհուրդին ղեկավարը` մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուի ըսաւ, որ յանցագործներուն նպատակն էր «ապակայունացնել երկիրը»: Ան խոստացաւ պատժել զանոնք:

«Ասիկա ոչ մէկ կապ ունի ֆութպոլի հետ. ասիկա ամբողջութամբ քաղաքականութիւն է» Մակտի Մոհամետ, «Ահլի»-ի համակիր

Սակայն Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը, որ վերջին խոհրդարանական ընտրութեան ամէնէն մեծ պլոքը նուաճած է, համացանցով հրապարակուած յայտարարութեամբ մը ըսաւ, որ` «անտեսանելի ծրագրաւորում» մը կը տեսնէ «այս չարդարացուած ջարդին ետին»:

Կուսակցութեան բարձրաստիճան գործիչ մը` Իսամ Արիան պնդեց, որ զինուորականութիւնն ու ոստիկանութիւնը մեղսակից են:

«Անոնց նպատակն էր ցոյց տալ, որ անհրաժեշտ է պահել ազատութիւնները կաշկանդող արտակարգ դրութեան օրէնքները», պնդեց ան եւ աւելցուց. «Այս ողբերգութիւնը հետեւանքն է զինուորականութեան եւ ոստիկանութեան կողմէ միջազգային չկամութեան»:

Բազմաթիւ երիտասարդ գործիչներ (իսլամականներ եւ ազատականներ) համաձայն են այս մեկնաբանութեան:

Ոմանք ասոր մէջ կը տեսնեն, տարի մը առաջ տապալած նախկին նախագահ Հ. Մուպարաքի վարչակարգին մնացորդացին ձեռքերը:

Ըստ վխտացող տարաձայնութիւններու, իշխանութիւնները փորձած են հակահարուած հասցնել ալթրաներուն (շատ լաւ կազմակերպուած ցանց մը` ֆութպոլի ծայրայեղ համակիրներու, որոնք ոստիկանութեան հետ տարիներով բախումներ ունենալով` տոկուն, դիմացկուն դարձած են):

Անոնք Եգիպտոսի յեղափոխական ցուցարարներու առաջատարները եղած էին ոստիկանութեան հետ բախումներու ատեն:

«Ասիկա ոչ մէկ կապ ունի ֆութպոլի հետ: Ասիկա ամբողջութեամբ քաղաքականութիւն է, ասիկա ձեւով մը թաքուն պատերազմ է: Այնքան շատ տեսութիւններ կան, որ գլուխս պիտի պայթի», ըսաւ «Ահլի» ֆութպոլի ակումբին համակիր  Մակտի Մոհամետ Ալի:

Ահլիի ալթրաները հրապարակեցին իրենց յայտարարութիւնը, ուր կ՛ըսուի.

«Անոնք մեզ կ՛ուզեն պատժել եւ մահապատիժի ենթարկել ճնշումի դէմ յեղափոխութեան մեր մասնակցութեան համար»: Ալթրաները խոստացան «նոր պատերազմ մը` մեր յեղափոխութեան պաշտպանութեան համար»:

ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ՎԱՐԿԱԲԵԿՈՒԱԾ

Ալթրաները ոստիկանութեան հետ տարիներու բախումներէն կարծրացած ու տոկուն դարձած են:

Չորեքշաբթի, 1 փետրուարի դէպքերուն շուրջը սկսած պաշտօնական հետաքննութիւնը կրնայ բնաւ չհաստատել պատահածին ամբողջական ճշմարտութիւնը: Սակայն արդէն իսկ որոշ սխալներ յստակ են:

Պատկերասփիւռային նկարներ ցոյց տուին խռովարարութեան դէմ պայքարի սեւ տարազաւոր տասնեակներով ոստիկաններ, մէկ կողմ կեցած, երբ «Մասրի» ակումբի հարիւրաւոր համակիրներ, զինուած` դաշոյններով, մետաղեայ ձողերով եւ քարերով, խուժեցին դաշտ: «Ահլի» խումբի մարզիկներն ու համակիրները վազեցին փախելու համար` ուղղուելով դէպի թրիպիւններն ու ելքերը, բայց դարպասները կղպուած էին:

Շատեր կը քննադատեն ոստիկանութիւնը` մարզադաշտ զէնքեր մտցնելը արտօնելու, միջամտելու յաւելեալ ճիգ չընելու եւ դաշտին մէջ բաւարար թիւով չտեղեկայուելու համար: Հաւանական անկարգութեան գծով ոչ մէկ նախազգուշացում տրուած էր:

«Ես ամբողջովին կ՛ամչնամ Փոր Սայիտի ոստիկանութեան այս մօտեցումին համար: «Մասրի» խումբին համակիրները նախապատրաստուած էին», ըսաւ «Ահլի»ի նախկին մարզիկներէն Մակտի Ապտուլղանի, որ այժմ նախագահն է Եգիպտոսի Արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութեան: Ան աւելցուց. «Եթէ Փոր Սայիտի ոստիկանութեան կեդրոնական գրասենեակը մեզի ըսած ըլլար, մենք այս մրցումը չէինք խաղար»:

Եգիպտոսի ոստիկանութիւնը, որ վարկաբեկուած է անցեալ տարուան ըմբոստութեան ատեն հարիւրաւոր ցուցարարներ սպաննելու եւ ապա փողոցներէն նահանջելուն համար, ականատես եղաւ իր հեղինակութեան, վարկին յաւելեալ աղօտելուն` վերջերս աճող ոճրագործութեան պատճառով:

Զինեալ աւազակութիւններ, առեւանգումներ եւ մանր գողութիւններ յեղափոխութենէն առաջ չտեսնուած չափերով տեղի կ՛ունենան: Պաշտօնատարներ, սպաներ կը դժուարանան հասարակութեան յարգանքին վերատիրանալու եւ կը քննադատուին` առանց բիրտ ուժի դիմելու, ամբոխը վերահսկելու ընթացիկ պարտականութիւններու համար անհրաժեշտ պատրաստուածութեան բացակայութեան համար:

Ֆութպոլի մրցումներու ընթացքին աւելցող վայրագութիւնը անոնց կը ներկայացնէ մասնաւոր խնդիրներ` նկատի ունենալով որոշ համակիրներու հետ անցեալի բախումներ:

Մուպարաքի ժամանակ ֆութպոլի ամբոխները հանդուրժելի էին: Մարզադաշտը եգիպտացիներու համար տեղ մըն էր, ուր կրնային հաւաքուիլ եւ արձակել իրենց դժգոհութիւններն ու զայրոյթը: «Ալթրաները (մասնաւորաբար «Ահլի»-ի եւ անոր Գահիրէի մրցակից «Զամալիք»-ի համակիրները), տխրահռչակ էին ոստիկանութեան հետ իրենց բախումներուն պատճառով:

Երբ անոնք միացան Եգիպտոսի ցոյցերուն, փողոցային կռիւներուն մէջ անվախ մօտեցում ցուցաբերեցին եւ թրիւպիւններէն իրենց կանչերը յարմարցուցին ապահովական սպասարկութիւնները ծաղրելու, այպանելու արտայայտութեանց:

«Յեղափոխութիւնը պատուհաս է ձեզի համար», պոռացին անոնք անցեալ տարի, ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց: «Մենք որո՞ւ կրնանք բողոքել, ոստիկանները կաւատներ են»:

ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ՀԱՄԱՐ` ՃՆՇՈՒՄ

Իշխող զինուորական խորհուրդը խուսափեցաւ ոստիկանութեան բարեկարգումներու փշոտ հարցը շօշափելէ:

Բազմաթիւ սովորական եգիպտացիներ իրենց դժգոհութիւնը, զայրոյթը կ՛արտայայտեն ալթրաներու եւ այլ գործիչներու դէմ` խզումի, քայքայումի եւ շարունակուող ցոյցերուն պատճառով յառաջացած անապահով զգացումին համար: Անոնք նաեւ յուսախաբ են իշխող զօրավարներէն, որովհետեւ վերջիններս չեն կրցած կարգն ու կանոնը վերահաստատել:

Պետական անվտանգութեան հետախուզութիւնները վարչութիւնը լուծարելէ բացի, Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը, իշխանութեան վրայ գտնուելու տարուան մը մէջ, ոստիկանութիւնը բարեկարգելու դժուար մարտահրաւէրէն խուսաբեցաւ, վերապահ գտնուեցաւ:

Երբ հաղորդամիջոցները կը շարունակեն ցոյց տալ Փոր Սայիտի վայրագութեան զոհերուն եւ վիրաւորներուն պատկերները, լուսարձակները այժմ անխուսափելիօրէն կը կեդրոնանան պատասխանատուութեան համար ոստիկանութեան հրամանատարներ, պաշտօնատարներ եւ ֆութպոլի պոսեր կալանաւորելու հոլովոյթին վրայ:

Թահրիր հրապարակին մէջ եւ շուրջը տեղի ունեցող ցոյցերը վտանգը պիտի աւելցնեն: Սակայն ի վերջոյ ոստիկանական աշխատանքը, հսկողութիւնը բարդ հարց է, որ կը կարօտի խնամքով, ուշադիր մտածուած քաղաքական լուծումի մը:

«Ապահովական ուժերը պէտք է անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրեն, որպէսզի անվտանգութիւնը երաշխաւորեն առանց դիմելու արտակարգ որեւէ միջոցառումի», ըսաւ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա, որ նախագահութեան թեկնածու է:

Իսլամ եղբայրներու Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան եւ այլ խորհրդարանականներու համար, որոնք նոր ընտրուած են, այս տագնապը, ճգնաժամը, կրնայ իրենց առաջին մեծ փորձութիւնը ըլլալ:

Եգիպտացիներուն ապահովութեան զգացումը վերադարձնելը կրկին բարձրացած է առաջնահերթութեան ցանկին առաջին դիրքերը:

ԵՈԼԱՆՏ ՆԵԼ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES