«ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՄԷԿ ՄԱՍՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒՇՔՈՎ

Փուշքով եւ նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները թիրախ կը դարձնեն սուրիական պետութիւնն ու ընկերութիւնը եւ Սուրիոյ կայունութիւնը քայքայելու ու որեւէ լուծում ձախողեցնելու համար արտաքին կողմերէն աջակցութիւն կը ստանան` մասնաւորաբար իրագործուած բարեփոխումներէն ետք:

Ասատ յայտնեց, որ իր երկիրը կը գնահատէ բարեկամ ռուս ժողովուրդին ու ռուսական ղեկավարութեան Սուրիոյ նկատմամբ ցուցաբերած կեցուածքը:

Փուշքով իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիա զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ մէջ ընթացող բարեփոխումներուն` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է առնչակից բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ եւ առանց արտաքին միջամտութեան երկխօսութեան ճամբով տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերը շարունակել:

Ռուս պաշտօնատարը նշեց, որ Սուրիոյ կայունութիւնն ու ապահովութիւնը Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի կայունութեան մէկ հիմնական մասն է` շեշտելով, որ իր երկիրը սուրիական ներքին հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութեան դէմ է: Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք չէ սուրիական հարցին մէջ կողմնակալ ըլլայ:

Մինչ պաշտօնական աղբիւրներ Յորդանան ապաստանած սուրիացիներուն թիւը 78 հազարով կը գնահատեն, Յորդանանի կառավարութենէն պաշտօնատար մը «Ղատ» օրաթերթին յայտնեց, որ իր երկիրը իր հիւսիսային դրացիին հետ իր յարաբերութեանց եւ իր շահերուն պատճառով Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը տուն պիտի չկանչէ:

Պաշտօնատարը նշեց, որ «մեր դեսպանին Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը չի նշանակեր, թէ Յորդանան գոհ է այդտեղ գետնի վրայ պատահածէն»: Ան ըսաւ, որ սուրիական տագնապին նկատմամբ իր երկրին որդեգրած կեցուածքը յստակ է եւ այդ հարցով Արաբական լիկայի որոշումներուն կողքին է:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ դէմ հաստատուած տնտեսական պատժամիջոցներու հարցին, յորդանանցի կառավարական պաշտօնատարը ընդգծեց, որ «Յորդանան Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները պիտի չկիրարկէ, որովհետեւ Յորդանանի` Եւրոպայէն կատարած ներածումներուն 62 առ հարիւրը Սուրիոյ ճամբով կու գայ, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունին այլ հարցեր, ինչպէս` սահմանը, ապահովութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ յորդանանցի ուսանողները»:

Արաբական դիւանագիտական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ արաբ եւ օտար շուրջ 50 նախարարներ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քեթրին Էշթըն, արաբ արտաքին գործոց նախարարներու կողքին պիտի մասնակցին «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին:

Աղբիւրներ նշեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը պիտի գլխաւորէ սէուտական պատուիրակութիւնը: Անոնք յայտնեցին, որ խորհրդաժողովի օրակարգի պատրաստութեան շուրջ Թունուզի կառավարութեան եւ Արաբական լիկային միջեւ աշխուժ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Ռաֆիք Ապտել Սալամ յայտարարած է, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցի 24 փետրուարին Թունուզի հիւրընկալութեամբ տեղի ունենալիք նշեալ խորհրդաժողովին:

Միւս կողմէ, մինչ իրանեան պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սուէզի ջրանցքէն անցնելով Միջերկրական ծով մուտք գործած իրանեան երկու մարտանաւերը հասած են Թարթուսի նաւահանգիստ, եգիպտական ապահովական աղբիւրներ լոնտոնեան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիա ժամանած իրանեան երկու մարտանաւերուն պարտականութիւնը սուրիական ընդդիմութեան հաղորդակցութիւնները լրտեսել եւ զանոնք խանգարելն է:

Եգիպտական ապահովական աղբիւր մը նշեց, որ երկու նաւերուն վրայ գտնուող իրանցի զինուորականները «Սուրայա» եւ «Ինմարսաթ» համակարգերու օգտագործումով արբանեակներու միջոցով կը լրտեսեն եւ կը խանգարեն սուրիական ընդդիմութեան հաղորդակցութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES