ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱԼԻԵՒ ՖՐԱՆՍ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

Ալիեւ - ֆրանսացի պատուիրակներ հանդիպումէն պահ մը

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ֆրանսայի փոխադրամիջոցներու նախարար Թիերի Մարիանիի եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի դիւանագիտական խորհրդատու Տամիեն Լորասի հետ շաբաթ օր իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ Սարքոզիի ուղերձին մէջ տեղ գտած անկեղծ տեսակէտներուն համար եւ յարաբերութեանց յաւելեալ զարգացման նկատմամբ վստահութիւն յայտնած է: Ալիեւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ուժի մէջ  չմտնէ:

Երկու կողմերը Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի երկկողմանի յարաբերութեանց, շրջանային եւ միջազգային հարցերու մասին կարծիքներ փոխանակած են:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը հաղորդած էր, որ ֆրանսացի պատուիրակները Ալիեւին յանձնած են Սարքոզիի կողմէ ուղերձ մը եւ յոյս յայտնած, որ Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը հետագային եւս զարգացում ապրի:

 

Share this Article
CATEGORIES