ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը, որ Հայաստան ժամանած էր Միացեալ Նահանգներէն Աֆղանիստան մեկնելու ճամբուն վրայ:

Քոնկրեսականներուն ի պատիւ տրուած ընթրիքին ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ մեծապէս կարեւոր կը նկատէ աշխուժ յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ Հայաստանի բարեկամներուն հետ, որոնց աջակցութիւնը տարիներ շարունակ էական նշանակութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կայացման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան պահպանման գործին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլորին անկախութենէն ի վեր Հայաստանին յատկացուող տնտեսական, մարդասիրական եւ արհեստագիտական օժանդակութիւնը կարելի դարձնելու համար: Ան նշեց, որ այս տարի կ՛աւարտի Միացեալ Նահանգներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը, եւ ան ուրախ է, որ այդ յոբելեանը կը նշուի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման լաւագոյն մակարդակին վրայ:

Ամերիկացի քոնկրեսականները կարեւոր նկատեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը: Քոնկրեսական Տէյվիտ Տրայըր նշեց. «Ձեր նուիրուածութիւնը Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան կրնայ օրինակ դառնալ շատ-շատերուն համար»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման վերաբերող բազմաթիւ հարցեր եւ ընդգծուեցաւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES