ՕՏԱՐ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱՅ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ օր Ստեփանակերտի մէջ աշխատանքները աւարտեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակը. իրողութիւններ եւ հեռանկարներ» նիւթով երկօրեայ միջազգային գիտաժողովը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցողները տարբեր յայտարարութիւններ կատարեցին եւ կարծիքներ յայտնեցին:
Ստեփանակերտի մէջ «Երկիր»-ի թղթակիցը տեղեկացուց, որ Համպուրկի համալսարանի դասախօս Օթթօ Լիւխթերհանտթ, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրին, նշեց, որ ատիկա չի հակասեր միջազգային իրաւունքի դրոյթներուն: Զուգահեռներ գծելով Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման հոլովոյթին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ, ան նշեց, որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը երբեմն գերակայ է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին նկատմամբ: Այս ամէնէն մեկնելով ան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչներուն խորհուրդ տուաւ աշխուժ եւ վստահ քարոզչութիւն իրականացնել` ընդգծելով, որ Անկախութեան հռչակագիրը չի հակասեր միջազգային իրաւունքի դրոյթներուն:
Անկախութեան ճանաչման անդրադարձաւ նաեւ գիտաժողովի մասնակից, «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Մոտեսթ Քոլերով: Ան յայտարարեց, որ անիմաստ է աշխարհէն պահանջել անկախութեան ճանաչում, քանի տակաւին Հայաստանը չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումը նոյնինքն Հայաստանի կողմէ ճանաչումէն կը սկսի:
Ռուսիոյ Նորագոյն պետութիւններու միջազգային հիմնարկի տնօրէն Ալեքսէյ Մարթինով նոյնպէս խօսեցաւ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին: Ան նշեց, որ չկայ ղարաբաղեան տագնապ, այլ կայ Ղարաբաղի խնդիր, որ պէտք է լուծուի: Ըստ քաղաքագէտին, ատիկա այսօր Երեւանի վրայ ճնշման գործօն դարձած է Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ արտաքին խաղցողներուն կողմէ, եւ անկէ խուսափելու համար Հայաստան պէտք է ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ Քոսովոյի, Հարաւային Սուտանի եւ այլոց:
Մարթինով չի կիսեր այն միտքը, որ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումը զինուորական գործողութիւններու վերսկսման պատճառ պիտի դառնայ, ընդհակառակն` ան կը համարէ, որ ատիկա պիտի կանխէ այդ գործողութիւնները: «Որքան շուտ Հայաստանը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, այնքան շուտ պիտի ապահովէ Արցախի անվտանգ ապագան», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումը պիտի նպաստէ նաեւ շրջանի զարգացման:

