ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՇՓՄԱՆ ԳԻԾԻՆ ՄՕՏ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐՈՒ ՍԿՍԱԾ Է

Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի բանակը ճակատային գօտիին մէջ հերթական ռազմափորձեր կը կատարէ:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի գլխաւորած ռազմափորձերուն կը մասնակցին Ազրպէյճանի օդուժն ու ցամաքային զօրքերը: Ռազմափորձերուն ժամանակ պիտի օգտագործուին արդիական զէնքեր եւ սպառազինութիւն: Անոնք պիտի տեւեն մինչեւ այս շաբթուան վերջը:

Share this Article
CATEGORIES