ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան, զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց կառավարութեան մասնակցելու Թունուզի մէջ տեղի ունենալիք «Սուրիոյ բարեկամ երկիրներու» խորհրդաժողովին:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը արդէն իսկ պատրաստ է: Ան աւելցուց, որ այդ նախագիծին մէջ տուրքերու յաւելում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ այդ յաւելումը կը վերաբերի բարձր աշխատավարձ ստացող դասակարգին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ ընդգծեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է հրաժարի, որպէսզի Լիբանանը փրկէ իր ձախող կառավարութենէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջամտութիւնը պարզապէս տեսակէտներու մերձեցման միտումով էր եւ ոչ թէ կառավարութեան տագնապին լուծման ուղղակի միջամտութիւն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ աշխատաւորներու փոխադրածախսի թղթածրարը արդէն իսկ լուծման ուղիին վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ կարեւորագոյնը այն է, որ այդ թղթածրարին լուծումը երաշխաւորուած է` անոր օրինականացման ճամբով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա ըսաւ, որ կառավարութեան որոշումներուն վաւերացումը մերժող ոեւէ նախարար ըմբոստ կը նկատուի եւ ան պէտք է անպայման հրաժարի իր պաշտօնէն:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետը անհրաժեշտ կը նկատէ փոխադրածախսերու որոշումին ստորագրութիւնը, նախքան այդ մասին որեւէ օրինագիծի քննարկումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Թեհրան պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի Իրաքէն եւ Սուրիայէն ելեկտրական հոսանք մատակարարուի անոր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Էմիլ Ռահմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջեց յարգել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ուժը եւ անոր ներկայացուցած տարողութիւնը` ինչ կը վերաբերի պետական նշանակումներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ ընդգծեց, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս պէտք է նախանձախնդիր ըլլայ կառավարութեան որոշումին գործադրութեան եւ ստորագրէ փոխադրածախսերուն վերաբերող կառավարութեան որոշումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Լիբանանի շահերը կարելի է ապահովել` դրացի երկիրներուն զօրակցելով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ ժամանակը հասած է արդէն, որ Արաբական լիկան հիմնական եւ արմատական կերպով վերատեսութեան ենթարկէ իր ուղղուածութիւնը:

ՏԻՒՐԶԻ հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ յայտնեց, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը կը նպաստէ նաեւ Լիբանանի ու շրջանի ապահովական կայունութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն երէկ Փարիզէն վերադարձաւ Պէյրութ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES